Newsletter

Եւրոպական Խորհրդարանը Ընդունած Է Արցախի  Ժողովուրդի Ինքնորոշման Իրաւունքը Ճանչցող  Բանաձեւ. Ազրպէյճանական Սադրանքը Տապալած Է

Եւրոպական Խորհուրդը Կոչ Կ՛ուղղէ Հայաստանին Եւ Ազրպէյճանին Վերսկսիլ Բանակցութիւնները

Եւրոպական խորհուրդը կոչ կ՛ուղղէ Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին վերսկսելու բանակցութիւնները: Այս մասին գրած է ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: Եւրոպական խորհուրդը յայտարարութեան մէջ նշած է, որ Նիկոլ Փաշինեանին հետ հանդիպումէն եւ Իլհամ Ալիեւին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութենէն ետք Շարլ Միշել կողմերուն կոչ ուղղած է վերսկսելու բանակցութիւնները Ղարաբաղի մէջ իրավիճակի լուծման եւ  ռազմագերիները վերադարձնելու շուրջ, ինչ որ կարեւոր է շրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան համար: Եւրոպական...

Վերջին Ժամ.  Լիբանանեան Զանազան Շրջաններու Մէջ Ցոյցեր` Երեկոյեան Ուշ Ժամերէն Ետք

Վերջին Ժամ. Լիբանանեան Զանազան Շրջաններու Մէջ Ցոյցեր` Երեկոյեան Ուշ Ժամերէն Ետք

Կեդրոնական դրամատան կողմէ թիւ 151 հրամանագիրի գործադրութեան վերջ տալու որոշումէն ետք (տեսնել էջ 2), երէկ ուշ երեկոյեան լիբանանեան զանազան շրջաններու մէջ քաղաքացիներ այդ որոշումին դէմ իբրեւ ընդվզումի եւ վրդովումի արտայայտութիւն ցոյցեր կատարեցին: Անոնք փակեցին Ժալ Էլ Տիպի մայրուղին երկու ուղղութեամբ, Պէյրութի Նահատակաց հրապարակի ճամբան, Ժիէի մայրուղին երկու ուղղութեամբ եւ դէպի Էշրեֆիէ տանող Պըրժ Ղազալի ճամբան երկու ուղղութեամբ: Աւելի ուշ ցուցարարներուն...

Պաապտայի Մէջ.   «Կառավարութիւն Չկազմելու Եւ Նախագահ Աունի  Ու Հարիրիի Միջեւ Համաձայնութիւն  Չգոյացնելու Արդարացում Չկայ»  Շեշտեց Ռայի Պատրիարք

Պաապտայի Մէջ. «Կառավարութիւն Չկազմելու Եւ Նախագահ Աունի Ու Հարիրիի Միջեւ Համաձայնութիւն Չգոյացնելու Արդարացում Չկայ» Շեշտեց Ռայի Պատրիարք

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ ինք Պաապտա այցելած է` նախքան Հռոմ իր կատարելիք այցելութիւնը: Ռայի պատրիարքը նշեց, որ ինք Հռոմ կ՛երթայ` ընդառաջելու համար Լիբանանի համար խոկալու եւ Լիբանանի փրկութեան համար աղօթելու Ֆրանչիսկոս պապին հրաւէրին: «Պապը յանձնառու կը մնայ, որ Լիբանան տէր կանգնի իր գոյացութեան եւ...

«Լիբանանը Ամբողջական Փլուզման Վտանգին Ենթակայ Է, Եթէ Զայն Անմիջապէս Չփրկէք,  Ապա Զղջումը Անիմաստ Պիտի Դառնայ»   Շեշտեց Տիապ

«Լիբանանը Ամբողջական Փլուզման Վտանգին Ենթակայ Է, Եթէ Զայն Անմիջապէս Չփրկէք, Ապա Զղջումը Անիմաստ Պիտի Դառնայ» Շեշտեց Տիապ

Վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ երէկ երեկոյեան ժամը 7:00-ին վարչապետարանին մէջ արտասանեց ճառ մը, որուն մէջ նշեց, թէ հակառակ անոր որ իր կառավարութիւնը 300 օրէ ի վեր հրաժարած է, սակայն քաղաքական հաշիւները կը շարունակուին` անտեսելով Լիբանանի շահերն ու լիբանանցիներուն տառապանքը, ինչպէս նաեւ արգելակելով կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը: Տիապ յայտնեց, որ երկրին մէջ որդեգրուած ելեւմտական սխալ քաղաքականութիւններուն պատճառով տիրող տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապին...

Սալամէ Կը Հերքէ Կեդրոնական Դրամատան Կողմէ  Օտար Դրամանիշով Իր Պահեստի Գումարներու  Նուազեցումը Սերտելու Կարելիութիւնը

Կեդրոնական Դրամատունը Տոլարով Հաշիւ Ունեցողներուն Կ՛արգիլէ 3900-ի Սակին Հիման Վրայ Ստանալ Իրենց Գումարները

Կեդրոնական դրամատունը երէկ երեկոյեան հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ ուղղուած էր Լիբանանի մէջ գործող դրամատուներուն: Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ տեղեկացուելէ ետք Պետական շուրայի թիւ 213/20212020 որոշումին մասին, Կեդրոնական դրամատունը որոշած է վերջ տալ իր հրապարակած թիւ 151 հրամանագիրի գործադրութեան: Այսինքն` վերջ տալ ամերիկեան տոլարով հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն իրենց գումարները 3900 լիբանանեան ոսկիի սակին հիման վրայ ստանալու որոշումին:    

Ֆրանսայի Դեսպանը Այցելեց Երեսփոխան Բագրատունիի

Ֆրանսայի Դեսպանը Այցելեց Երեսփոխան Բագրատունիի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն կ՛ընկերանար դեսպանատան առաջին քարտուղար Ժան Հէյլպորն: Մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումի ընթացքին շրջանային կացութեան ընդհանուր քննարկումէն ետք լայն անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի ներկայ իրավիճակին մասին: Բագրատունի ներկայացուց անցնող ժամանակաշրջանի ընթացքին տեղի ունեցած անցուդարձերուն մասին ՀՅ Դաշնակցութեան դիրքորոշումները` յիշելով, որ...

Ակնարկ.  Հրաժարականով Հնչող Ահազանգը

Ակնարկ. Հրաժարականով Հնչող Ահազանգը

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարին ներկայացուցած հրաժարականին հիմնաւորման հետեւեալ բաժինը անպայման պէտք է լուսարձակի տակ բերել` այնտեղ ընդգծուած պատճառներուն էութիւնը փորձել հասկնալու համար. «Այս նախարարութիւնը, որ ծնունդն է անկախութեան, պէտք է անշեղօրէն պաշտպանէ մեր ինքնիշխանութիւնը, մեր անկախութիւնը, մեր պետական, ազգային շահերը: Յոյսով եմ, որ ձեզի ամօթով չեմ ձգեր, եւ հրաժարականիս որոշումը պայմանաւորուած էր ճիշդ այդ պատճառով, որ երբեւէ որեւէ կասկած...

Շեշտելով Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող  Հայ Գերիները Ազատ Արձակելու  Անհրաժեշտութիւնը`  «Հակառակ Անոր Որ Զինադադարը Համաշխարհային  Առումով Կը Պահպանուի Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ,  Սակայն Տակաւին Շատ Ընելիքներ Կան»  Կ՛ըսէ Մաքրոն

Շեշտելով Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող Հայ Գերիները Ազատ Արձակելու Անհրաժեշտութիւնը` «Հակառակ Անոր Որ Զինադադարը Համաշխարհային Առումով Կը Պահպանուի Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ, Սակայն Տակաւին Շատ Ընելիքներ Կան» Կ՛ըսէ Մաքրոն

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն շեշտած է Արցախի մէջ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: «Հակառակ անոր որ զինադադարը համաշխարհային առումով կը պահպանուի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, սակայն տակաւին շատ ընելիքներ կան: Եւ Ֆրանսան պատրաստ է շարունակելու իր աջակցութիւնը բնակչութեան: Ես կը խօսիմ բոլոր պահուող անձերը ազատ արձակելու անհրաժեշտութեան մասին, միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններու մուտքի սահմանափակումներու վերացման...

ՀՅԴ-ն Փարիզի Մէջ Բողոքի Ցոյցերով  Դիմաւորեց Նիկոլ Փաշինեանը

ՀՅԴ-ն Փարիզի Մէջ Բողոքի Ցոյցերով Դիմաւորեց Նիկոլ Փաշինեանը

Ֆրանսայի մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքը` իր բոլոր կառոյցներով եւ հաստատութիւններով երէկ մերժեց Փարիզի մէջ Նիկոլ Փաշինեանի հետ որեւէ տեսակի կապ կամ հանդիպում եւ զայն դիմաւորեց բողոքի ցոյցերով: Ֆրանսական ոստիկանութիւնը ցուցարարներուն դէմ գործածեց արցունքաբեր կազ: «Երկիր»-ին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան անդրադարձաւ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի Ֆրանսա կատարած...

Յովսէփ Տէր Գէորգեան. «Փաշինեանի Փարիզ  Այցելութիւնը Փորձ Մըն Է Քաղաքական  Մուրացկանութեամբ Օրինականութիւն Գտնելու»

Յովսէփ Տէր Գէորգեան. «Փաշինեանի Փարիզ Այցելութիւնը Փորձ Մըն Է Քաղաքական Մուրացկանութեամբ Օրինականութիւն Գտնելու»

Երէկ` երեքշաբթի, 1 յունիսին «Երկիր»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեան անդրադարձաւ Նիկոլ Փաշինեանի Ֆրանսա կատարած այցելութեան` մատնանշելով, որ ատիկա վարչապետի պաշտօնակատարին կողմէ փորձ մըն է ընտրութիւններուն նախօրեակին քաղաքական մուրացկանութեամբ օրինականութիւն գտնելու: «Մենք զայն չենք ճանչնար իբրեւ վարչապետ, առաւել եւս` իբրեւ ժամանակաւոր պաշտօնակատար: Ան ոչ թէ հայկական պետութիւն կը ներկայացնէ, այլ` պարտութեան, ստախօսութեան, պետականութեան կործանման, մեր...

Ժողովրդային Խոր Ընդվզում` Դիահերձարանին Մէջ  Յայտնուած Հայ Նահատակ Զինուորներու  Աճիւններու Լուսանկարներէն

Ժողովրդային Խոր Ընդվզում` Դիահերձարանին Մէջ Յայտնուած Հայ Նահատակ Զինուորներու Աճիւններու Լուսանկարներէն

Երէկ` երեքշաբթի, 1 յունիսին Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութիւնը, արձագանգելով 31 մայիս 2021-ին հրապարակուած Աբովեանի թոքախտաւորներու հիւանդանոցի դիահերձարանի լուսանկարներուն (նկուղի մը մէջ գետինը նետուած հարիւրաւոր նահատակ զինուորներու մարմիններ եւ մասունքներ), հաստատեց, որ լուսանկարները Աբովեանի դիահերձարանէն են` միաժամանակ պնդելով, թէ այդ պայմանները կը բաւարարեն դիակներու պահման պահանջները: Աւելի ուշ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնեցին, որ ունին նահատակ զինուորներու 50 մասունք, որոնք քանի մը անգամ ենթարկուած...

Հանդիպում Արագածոտնի Մարզի Բնակիչներուն  Եւ Ընտրական Գրասենեակներու Աշխատակիցներուն Հետ

Հանդիպում Արագածոտնի Մարզի Բնակիչներուն Եւ Ընտրական Գրասենեակներու Աշխատակիցներուն Հետ

Հայաստանի երկրորդ նախագահ, «Հայաստան» դաշինքը գլխաւորող Ռոպերթ Քոչարեանը եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը երէկ` 1 յունիսին, Աշտարակի մէջ հանդիպում ունեցած են Արագածոտնի մարզի բնակիչներուն եւ ընտրական գրասենեակներու աշխատակիցներուն հետ: Ռոպերթ Քոչարեանը շնորհակալութիւն յայտնած է ներկաներուն ընտրական գրասենեակներու աշխատանքներուն մէջ ներգրաւուելու համար` նշելով տեղւոյն վրայ դաշտային աշխատանքի կարեւորութիւնը: «Պէտք է հաւատաք, որ ճիշդ ճամբուն վրայ էք եւ ճիշդ...

Պասիլ. «Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը  Արգելակող Որեւէ Նոր Պատճառաբանութիւն Պիտի Ջրենք»

Պասիլ. «Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Արգելակող Որեւէ Նոր Պատճառաբանութիւն Պիտի Ջրենք»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ նախագահելէ ետք Հզօր Լիբանան համախմբումի նիստին կատարեց շարք մը յայտարարութիւններ, որոնց ընդմէջէն ներկայացուց լիբանանցիներուն տրամադրուելիք հատուցման քարտի դրութեան իրենց պատկերացումը: «Այսօր մենք յանձնառու կը մնանք այն պարտականութեան, որ անձնասպանական նկատած ենք, որն է հատուցման քարտին կամ նպաստի ծրագիրին առումով առաջարկի մը ներկայացումը: Ասիկա կը նկատենք ազգային պատասխանատուութիւն եւ ոչ թէ ժողովրդահաճոյ...

Պաապտայի Մէջ.   «Պէտք Է Վերացնել Նպաստ Ստացող Հաշիւներուն  Դրամատնային Գաղտնիութիւնը»  Շեշտեց Հասան

Պաապտայի Մէջ. «Պէտք Է Վերացնել Նպաստ Ստացող Հաշիւներուն Դրամատնային Գաղտնիութիւնը» Շեշտեց Հասան

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասանը, որուն հետ քննարկեց առողջապահութեան մարզին իրավիճակը, «Քորոնա» համաճարակին դէմ պատուաստումի արշաւը, ինչպէս նաեւ դեղորայքի տագնապն ու զայն լուծելու միջոցները: Հանդիպումէն ետք Հասան յայտնեց, որ դեղորայքին համար տրամադրուած նպաստը քմահաճոյքի հարց չէ, եւ պէտք է հեռու մնալ տեղեկատուական այն աւելորդաբանութիւններէն, որոնք երկրի դեղորայքի մարզին նկատմամբ վստահութիւնը...

Աքըր Շնորհակալութիւն Յայտնեց Մաքրոնին`  Լիբանանին Եւ Յատկապէս Լիբանանեան  Բանակին Զօրակցութեան Համար

Աքըր Շնորհակալութիւն Յայտնեց Մաքրոնին` Լիբանանին Եւ Յատկապէս Լիբանանեան Բանակին Զօրակցութեան Համար

Փոխվարչապետի եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի գործակատար Զէյնա Աքըր երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն եւ դեսպանատան անձնակազմի պատասխանատուները, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան-ֆրանսական յարաբերութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին Աքըր շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին` Լիբանանին եւ յատկապէս լիբանանեան բանակին նկատմամբ ցուցաբերած անոր զօրակցութեան համար: Աքըր յայտնեց, որ այս ամսուան ընթացքին Ֆրանսայի կազմակերպելիք միջազգային...

Վարչապետ Տիապ Նամակ Մը  Ստացաւ Քաթարի Իշխանէն

Վարչապետ Տիապ Նամակ Մը Ստացաւ Քաթարի Իշխանէն

Վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ նամակ մը ստացաւ Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանիէն, որ իր զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն: Քաթարի իշխանը կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժերուն ազգային շահերը գերադասելու եւ միջազգային ջանքերուն ընդառաջելու, ինչպէս նաեւ արագացնելու նոր կառավարութեան կազմութիւնը, որպէսզի ան կարենայ լուծել երկրին դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու տագնապները եւ վերահաստատել երկրին կայունութիւնը:    

Այվազեան. «Նախարարութիւնը Չի Կրնար Համաձայնութիւն Տալ Գաղափարներու, Որոնք Մեր Ազգային Եւ Պետական Շահերուն Դէմ Եղած Են»

Այվազեան. «Նախարարութիւնը Չի Կրնար Համաձայնութիւն Տալ Գաղափարներու, Որոնք Մեր Ազգային Եւ Պետական Շահերուն Դէմ Եղած Են»

31 մայիսին արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Արա Այվազեանը հրաժեշտի հանդիպում ունեցած է արտաքին գործոց նախարարութեան անձնակազմին հետ: Նախարարի պաշտօնակատար Այվազեանը շնորհակալութիւն յայտնած է անձնակազմին` միացեալ աշխատանքի ընթացքին դրսեւորած մասնագիտական նուիրուածութեան համար: Իր խօսքին մէջ Արա Այվազեան նշած է. «Երբ ես համաձայն գտնուեցայ  ստանձնելու այս պաշտօնը, ատիկա կեանքիս ամէնէն դժուար, բայց, միեւնոյն ժամանակ, ամէնէն դիւրին որոշումն էր: Դիւրին որոշում էր, քանի...

«Լեռնային Ղարաբաղի Հիմնախնդիրի Քաղաքական Լուծումը Պէտք Է Համանախագահներու Ձեւաչափի Ծիրին Մէջ Տեղի Ունենայ»   Կ՛ըսէ Զախարովա

«Լեռնային Ղարաբաղի Հիմնախնդիրի Քաղաքական Լուծումը Պէտք Է Համանախագահներու Ձեւաչափի Ծիրին Մէջ Տեղի Ունենայ» Կ՛ըսէ Զախարովա

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ անդրադառնալով Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ տիրող կացութեան ըսաւ. «Անցեալ տարուան սեպտեմբեր-նոյեմբերին տեղի ունեցած իրադարձութիւններէն ետք կողմերը կը գտնուին լիարժէք երկխօսութեան եւ փոխադարձ վստահութեան վերականգնման ճամբուն սկիզբը: Ռուսիան աշխուժ միջնորդական ջանքեր կը գործադրէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ Հարաւային Կովկասի մէջ կացութեան կարգաւորման համար: Ռուս խաղաղապահները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կ՛ապահովեն խաղաղութիւնն ու...

Page 17 of 256 1 … 16 17 18 … 256