Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոնկրեսականներու Յստակ Ուղերձը` Պաքուին

Յուլիս 30, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փալոնի ուղղման ընդունումը ամերիկեան Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան մէջ յստակ ուղերձ է Հայաստանի դէմ յարձակում իրականացնող Ազրպէյճանին: «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին այսպիսի կարծիք յայտնեց ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան` տեղեկացնելով, որ Հայ դատի յանձնախումբը այժմ կ՛աշխատի գործընթացը աւարտին հասցնելու եւ Ազրպէյճանին յատկացուող ամերիկեան ռազմական օգնութեան ամբողջական արգելափակման հասնելու համար: Այս ծիրին մէջ Կիրօ Մանոյեան կարեւոր նկատեց Քոնկրեսի 907-րդ բանաձեւի վերականգնումը:

«Ինչ որ եղած է` օրէնսդիր մարմինի մեծամասնութեան կողմէ կատարուած է: Թէ ինչ որոշում կ՛ընդունի Սպիտակ տունը` ատիկա ալ ուրիշ հարց է: Պարզ է, որ ասիկա յստակ ուղերձ է Ներկայացուցիչներու տան կողմէ: Բայց Ուաշինկթընի մէջ ուրիշ դերակատարներ ալ կան: Խօսքը ե՛ւ Ծերակոյտի, ե՛ւ Սպիտակ տան մասին է: Ճիշդ է` ե՛ւ երկու պալատներու մեծամասնութիւնները, ե՛ւ նախագահը հիմա նոյն [Դեմոկրատական] կուսակցութենէն են, բայց անպայման ամէն ինչ ճիշդ նոյն ձեւով չեն տեսներ եւ ճիշդ նոյն ձեւով պիտի չընեն: Ուրեմն, աշխատանքները պիտի շարունակուին, որպէսզի այնպէս ըլլայ, որ բոլորն ալ պատգամ ուղարկեն Ազրպէյճանին», ըսաւ Հայ դատի երեւանեան գրասենեակի պատասխանատուն:

Կիրօ Մանոյեանի գնահատումով` օրինագիծի ընդունման վրայ ազդած են տարբեր գործօններ, այդ կարգին` նախորդ տարուան պատերազմը եւ Ազրպէյճանի ներկայիս յարձակողապաշտ գործողութիւնները Հայաստանի սահմանին: Բայց առաւելապէս կարեւոր դեր ունեցած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին աշխատանքը:

«Վերջին օրերուն բազմահազար հայորդիներ դիմած են իրենց ներկայացուցիչներուն` քոնկրեսականներուն, որպէսզի քուէարկեն առաջարկուած օրինագիծի ընդունման օգտին», նշեց դաշնակցական գործիչը` աւելցնելով, որ վերջնական որոշումին համար անհրաժեշտ է, որ Փալոնի ուղղումը հաստատէ նաեւ Քոնկրեսի վերին պալատը` Ծերակոյտը: Այլ խօսքերով` Ներկայացուցիչներու տան մէջ ընդունուելէ ետք օրինագիծը պէտք է երթայ Ծերակոյտ, ուր հաստատուելէ ետք Քոնկրեսի երկու պալատները իրենց ընդունած տարբերակները պէտք է համադրեն իրարու հետ:

«Պալատներէն իւրաքանչիւրը, նախ, իր տարբերակը կը քուէարկէ, յետոյ միացեալ յանձնախումբ կը ստեղծուի, որ կը փորձէ համադրել, վերջն ալ անոնց եզրակացութիւնը` վերջնական, միացեալ տարբերակը, կրկին կ՛երթայ երկու պալատներու հաստատման», նշեց Մանոյեան:

Մանոյեան պարզաբանեց` Ազրպէյճանին ամերիկեան ռազմական օգնութեան վերջնական դադրեցման հասնելու համար Փալոնի ուղղման հաստատումը Քոնկրեսի երկու պալատներուն մէջ բաւարար չէ, քանի որ Ներկայացուցիչներու տուն եւ Ծերակոյտը կը քուէարկեն միայն այն յատկացումներուն վերաբերեալ, որոնք նախատեսուած են պիւտճէով: Մնացածը Փենթակոնի` պաշտպանութեան բաժանմունքի լիազօրութիւնն է Միացեալ Նահանգներու օրէնսդրութեան 333-րդ յօդուածին համաձայն: Փալոնի ուղղումը չ՛արգելակեր Փենթակոնի կողմէ հայեցողաբար ռազմական արհեստագիտութեան տրամադրումը: Այդ յատկացումները արգելակելու համար անհրաժեշտ է վերականգնել 907-րդ բանաձեւը, որ կ՛արգիլէր Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան օգնութիւն յատկացնել Ազրպէյճանին այնքան ժամանակ, քանի դեռ Ազրպէյճանը չէ դադրեցուցած Հայաստանի շրջափակումը եւ ուժի այլ կիրարկումները Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ: Հայ դատի յանձնախումբի ուաշինկթընեան գրասենեակէն յայտնած են, որ այժմ աշխատանքներ կը տարուին նաեւ այդ ուղղութեամբ:

Հայ դատի երեւանեան գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանն ալ կ՛ըսէ, որ եթէ նաեւ կարելի ըլլայ հասնիլ Քոնկրեսին մէջ 907-րդ բանաձեւի վերագործարկումին, ապա այլեւս ոչ մէկ տեսակի ռազմական օժանդակութիւն պիտի չերթայ Ազրպէյճան:

«Ատիկա առանձին բարեփոխման առաջարկ է: Իրենք իրաւունք ունին նաեւ բանաձեւի տեսքով ընդհանուր պիւտճէի փոփոխութեան վերաբերեալ առաջարկներ կատարել: Կայ համապատասխան յանձնախումբ, որ կ՛որոշէ, թէ ո՛ր առաջարկները իբրեւ բարեփոխում պիտի ներկայացուին լիագումար նիստին: Հիմա այդ գործընթացն է», պարզաբանեց Կիրօ Մանոյեան:

 

Նախորդը

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Կը Հաստատեն Երկկողմանի Անմիջական Խորհրդակցութիւններ Կազմակերպելու Իրենց Առաջարկը

Յաջորդը

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակը Կը Յայտարարէ. Հայաստանի Դէմ Ազրպէյճանական-Թրքական Զինուորական Յանցագործութիւններուն Նպատակը Հայոց Պետականութեան Կործանարար Հարուած Հասցնելն Է

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?