Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակը Կը Յայտարարէ. Հայաստանի Դէմ Ազրպէյճանական-Թրքական Զինուորական Յանցագործութիւններուն Նպատակը Հայոց Պետականութեան Կործանարար Հարուած Հասցնելն Է

July 30, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

27-էն 28 յուլիս 2021-ի լուսցող գիշերը Ազրպէյճանը անգամ մը եւս ծաւալուն զինուորական գործողութիւններ սկսած է Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխան տարածքի հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ:

Նախիջեւանի սահմաններուն մօտ Երասխ գիւղին, ինչպէս նաեւ Գեղարքունիքի մարզի Սոթք գիւղին վրայ յարձակումներէն ետք, ասիկա արդէն երրորդ անգամն է մէկ շաբթուան մէջ, որ Ազրպէյճանի յանցագործ իշխանութիւնները կ՛ոտնահարեն զինադադարի համաձայնագիրը եւ բացայայտօրէն կը խախտեն Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը: Կը հաղորդուի, որ մարտերը տակաւին կը շարունակուին, անոնց իբրեւ հետեւանք երէկ գիշեր երեք հայ զինուոր զոհուած է ազրպէյճանական զինեալ ուժերուն կողմէ, եւ չորս ուրիշներ վիրաւորուած են:

Միջազգային ընտանիքը, Եւրոպական Միութիւնը եւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրները պէտք է մէկ անգամ ընդմիշտ հասկնան, որ ասիկա ոչ այլ ինչ է, քան նոր փորձ` շարունակելու հայերու ցեղային զտումները, որոնք սկսած են Արցախի մէջ 2020 թուականի պատերազմին ընթացքին: Այս զինուորական յարձակումը ցոյց կու տայ, որ ազրպէյճանական-թրքական դաշինքի վերջնական նպատակն է կործանարար հարուած հասցնել հայոց պետականութեան ու իրականացնել բռնապետներ Ալիեւի եւ Էրտողանի ցեղասպան նկրտումները, որոնք ի սկզբանէ սահմանուած են աւելի քան մէկ դար առաջ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ:

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը վճռականօրէն կը դատապարտէ ազրպէյճանական վերջին յարձակումները եւ Եւրոպական Միութեան, ինչպէս նաեւ աշխարհի ժողովրդավարական երկիրներուն կոչ կ՛ուղղէ` յստակօրէն դատապարտելու Հայաստանի գերիշխան եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքին վրայ ազրպէյճանական շարունակուող յարձակումը: Պէտք է կարելի ամէն քայլի ձեռնարկել քարիւղատոլարներէն յղփացած ազրպէյճանական-թրքական բռնապետական եւ յարձակողական առանցքը անյապաղ կանգնեցնելու համար:

Անպատժելիութիւնը եւ անխոհեմ «երկկողմանիութիւնը» հաւասար են նախայարձակին աջակցելուն:

Իբրեւ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիներ` մենք մեր ղեկավարութենէն կը պահանջենք եւ կ՛ակնկալենք շիտակութիւն եւ արդարութիւն:

ՀՅԴ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

 

Նախորդը

Քոնկրեսականներու Յստակ Ուղերձը` Պաքուին

Յաջորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակին Հաղորդագրութիւնը` Ներկայացուցիչներու Տան Որոշումին Մասին

RelatedPosts

Գաղութային

January 6, 2026
Մարդկային Միտքի Վերանորոգման Տարի
Գլխաւոր լուրեր

Բեթղեհէմի Պատգամը` «Եղէք Նոր Մարդ»

January 6, 2026
«Տէ՜ր Իմ Եւ Աստուա՜ծ Իմ»
Գաղութային

Կարիքը Ունինք Երկնային Աջակցութեան, Որպէսզի Աստուծմով Փարատի Մեր Ազգին Կեանքը Պղտորող Խաւարը

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.