Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Այցելած Է Երասխի Հատուածին Մէջ Տեղակայուած Մարտական Յենակէտ

Օգոստոս 11, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զաս, Հայաստանի զինուած ուժերու պատրաստութեան ընդհանուր վարչութեան պետ – զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարի տեղակալ, հազարապետ-զօրավար Անդրանիկ Մակարեանի եւ շարք մը սպաներու ընկերակցութեամբ, 10 օգոստոսին այցելած է հանրապետութեան հարաւարեւմտեան սահմանագօտի: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը յատկապէս այցելած է Երասխի հատուածին մէջ տեղակայուած մարտական յենակէտ, ծանօթացած սահմանային իրավիճակին: Սթանիսլաւ Զասին ներկայացուած են ազրպէյճանական զինուած ուժերու ստորաբաժանումներուն կողմէ իրականացուած` նախորդ քանի մը շաբաթներու զինադադարի խախտումներու դէպքերը:

«ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը հետեւած է յենակէտին մէջ իրականացուող մարտական հերթապահութեան, զրուցած զինուորներուն հետ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ըստ «Արմէնփրես»-ին, Սթանիսլաւ Զաս այցելութեան ընթացքին պատասխանած է նաեւ լրագրողներու հարցումներուն` ներկայացնելով ՀԱՊԿ-ի դիրքորոշումը ստեղծուած իրավիճակին եւ լարուածութիւնը մեղմացնելու միտուած միջոցառումներուն վերաբերեալ: ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը նշած է, որ հայ-ազրպէյճանական սահմանային իրադրութեան խաղաղ, քաղաքական լուծման կարելիութիւնները սպառած չեն, եւ անհրաժեշտ է հետեւողականօրէն շարունակել աշխատանքները այդ ուղղութեամբ` Հայաստան-Ազրպէյճան-Ռուսիա ձեւաչափով:

Ըստ ընդհանուր քարտուղարին, հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ տիրող կացութիւնը մշտապէս կը գտնուի ՀԱՊԿ-ի տեսողութեան դաշտին մէջ:

«Մենք կազմակերպուած հսկողութիւն կը կատարենք, ներառեալ հայկական պետական կառոյցներուն օգնութեամբ: Ի հարկէ, մենք կը կարծենք, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանին վրայ տեղի ունեցող այն միջադէպերը, որոնց մասին կը խօսիք, սպառնալիք կը ներկայացնեն ՀԱՊԿ-ի պատասխանատուութեան կովկասեան շրջանի եւ, ի հարկէ, նաեւ կազմակերպութեան անդամ Հայաստանի անվտանգութեան համար: Եթէ խօսինք խնդիրի լուծման ուղիներուն մասին, ապա մենք կը կարծենք, որ այս կացութեան քաղաքական լուծման կարելիութիւնները սպառած չեն, եւ իրականութեան մէջ ատիկա բոլորին համար լաւագոյն տարբերակը պիտի ըլլար», յայտնած է ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը:

Սթանիսլաւ Զաս նշուած ծիրին մէջ կարեւոր կը նկատէ աշխատանքային այն ձեւաչափը, որ ուրուագծուած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ` Ռուսիոյ միջնորդութեամբ: «Այդ իսկ պատճառով, ՀԱՊԿ-ի բոլոր գործողութիւնները կը բխին կացութեան այդպիսի ընկալումէն», նշած է ընդհանուր քարտուղարը:

«Մենք լրջօրէն մտահոգ ենք անով, որ վերջերս սահմանին վրայ բախումները շատցած են, եւ կը նկատուի աշխուժութիւն: Ատիկա չի նպաստեր նշեալ աշխատանքները սկսելուն: Եւ բացի ատկէ, ատիկա կը դժուարացնէ կատարումը անկիւնաքարային այն համաձայնութիւններուն, որոնք ձեռք բերուած են Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներուն միջեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի դադրեցման եւ այս շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման ուղիներ փնտռելու վերաբերեալ: Կ՛ակնկալենք, որ բոլոր կողմերը պիտի հասկնան ատիկա եւ քայլերու պիտի ձեռնարկեն տարակարծութիւնները քաղաքական ճամբով լուծելու համար», աւելցուցած է ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութենէն կը յայտնեն, որ այնուհետեւ ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը այցելած է նաեւ «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն, ծաղիկներ զետեղած հայրենիքի պաշտպանութեան համար զոհուած զինուորներու շիրիմներուն:

 

 

Նախորդը

100 Տարուան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Թուրքիոյ Մէջ Մալաթիոյ Հայկական Եկեղեցւոյ Մէջ Պատարագ Պիտի Մատուցուի

Յաջորդը

Սաղաթէլեանը` Իշխանութիւններուն. «Ձեր Բոլոր Բարեփոխումներուն Մեկնարկը Կը Սկսի Մէկ Կէտէ` Ամրապնդել Ձեր Իշխանութիւնը»

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?