Երէցները Յիշելու Եւ Պատուելու Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան Ողջունելի Նախաձեռնութիւնը
Տօնական օրերուն ընթացքին անձնականէն անդին երթալն ու ուրիշը յիշելը, տօնական մթնոլորտն ու տրամադրութիւնը սփռելը եւ ուրախութեան նշոյլներ փոխանցելը անգին նուէրի մը համազօր կրնան ըլլալ ոեւէ անձի համար: Այս հաւատքով ու համոզումով է, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը աւանդութիւն դարձուցած է Նոր տարուան առիթով կազմակերպել ամանորեան հանդիսութիւններ` մանուկներու, աշակերտներու եւ երէցներու յատուկ: Շաբաթ, 28 դեկտեմբերին ի պատուի էին ալեհեր ու օրհնաբեր ծերունիներ,...



















