Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէն Այցելեց Ղովմի Կուսակցութեան

January 4, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ghovmi_tashnagՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին ընկերներ Յակոբ Խաչերեան, Աւետիս Կիտանեան եւ Րաֆֆի Աշգարեան, ընկերակցութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, այցելեց Ղովմի կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ասաատ Հարտանի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանին սպառնացող ապահովական մարտահրաւէրները, որոնք կը դրսեւորուին ահաբեկչական տարբեր արարքներով եւ պայթումներով, որոնցմէ վերջինն էր Հարեթ Հըրէյքի պայթումը:

Հանդիպումին ներկաները դատապարտեցին Հարաւային արուարձաններու պայթումը, որուն պատճառով զոհուած են քաղաքացիներ. անոնք այդ արարքը նկատեցին երկչոտ քայլ մը, որ թիրախ կը դարձնէ երկրին ապահովական կայունութիւնը եւ քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը:

ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէն եւ Ղովմի կուսակցութիւնը անհրաժեշտ նկատեցին, որ քաղաքական բոլոր ուժերը այս զգայուն եւ վտանգաւոր հանգրուանին ստանձնեն իրենց պատասխանատուութիւնները եւ ամէն ջանք ի գործ դնեն, ամրապնդելու համար Լիբանանը, հիմնուելով ազգային առաջնահերթութիւններուն շուրջ  երկխօսութիւն եւ փոխըմբռնում կատարելու միջոցներուն վրայ:

Անոնք կոչ ուղղեցին կազմելու կառավարութիւն մը, որ կը ներառէ քաղաքական բոլոր ուժերը, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին մէջ տիրող սուր լարուածութիւնը մեղմացնել ու երկփեղկումը հարթել, ինչպէս նաեւ ներքին լիբանանեան սահմանադրական աշխատանքները կատարել` Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն տրամադրելով ապահովական հովանի մը:

Հանդիպումին ընթացքին կարեւոր նկատուեցաւ նաեւ, որ լիբանանցի պատասխանատուներուն կողմէ Լիբանանի կացութիւնը տարբեր դիտանկիւններէ քննարկուի եւ բոլոր մօտեցումներն ու տեսակէտները ծառայեցուին լիբանանեան պետութեան հզօրացման, յատկապէս` լիբանանեան բանակին, որ կարեւոր նուաճումներ կ՛արձանագրէ` ամէն իմաստով ամրապնդելով երկրին անվտանգութիւնն ու քաղաքացիներուն ապահովութիւնը:

Նախորդը

Խմբագրական. «Մեծ Կաշառք»-ը Կրօնական Դպրոցներու Փակման Դիմաց Եւ Խորքային Պետութեան Ճշդած Սահմանները

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.