Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի հետ եւ երկրի բարձրագոյն ղեկավարութեան ուղեկցութեամբ այցելեց Եռաբլուր պանթէոն:
Անոնք յարգանքի տուրք մատուցեցին հայրենիքի անկախութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին:


