Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութ Ականատես Դարձաւ Սթարքոյի Պայթումին Նահատակներուն Յուղարկաւորութեան Արարողութիւններուն

December 30, 2013
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Շաթահի դագաղը` ուսամբարձ
Շաթահի դագաղը` ուսամբարձ

Պէյրութ երէկ ականատես դարձաւ Սթարքոյի պայթումին նահատակներուն յուղարկաւորութեան արարողութիւններուն, որոնք յուզիչ եւ յուսալքիչ ազդեցութիւն ձգեցին լիբանանցիներուն վրայ:

Հանրապետութեան նախագահը ցաւակցութիւն կը յայտնէ Շաթահի զաւկին
Հանրապետութեան նախագահը ցաւակցութիւն կը յայտնէ Շաթահի զաւկին

Նահատակաց հրապարակին վրայ գտնուող Մոհամետ Ամին մզկիթին մէջ կատարուեցաւ նախկին նախարար Մոհամետ Շաթահի եւ անոր թիկնապահին` Թարեք Պատըրի յուղարկաւորութիւնը, նախագահութեամբ հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաարի:

Միւֆթի Շաար շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը մօտիկ ապագային պիտի կազմուի` շնորհիւ Լիբանանի իմաստուն ղեկավարութեան: «Կառավարութիւնը պիտի կազմուի, որպէսզի կարենայ հոգալ երկրին ու քաղաքացիին պէտքերը` առանց աւելորդ հակազդեցութեան», ըսաւ ան:

Յուղարկաւորութեան արարողութեան ներկայ գտնուեցան Շաթահի եւ Պատըրի ընտանեկան պարագաները, հրաժարեալ եւ նշանակեալ վարչապետներ Նեժիպ Միքաթի եւ Թամմամ Սալամ, ինչպէս նաեւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն ներկայացուցիչները, որոնց շարքին` նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ:

Սալամ, Սինիորա, Միքաթի եւ սիւննի քաղաքական գործիչներ` Մոհամետ Ամին մզկիթին մէջ
Սալամ, Սինիորա, Միքաթի եւ սիւննի քաղաքական գործիչներ` Մոհամետ Ամին մզկիթին մէջ

Յուղարկաւորութենէն ետք Շաթահի մարմինը ամփոփուեցաւ Մոհամետ Ամին մզկիթին կից նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի դամբարանին մօտ:

Դամբարանին մուտքին Սինիորա արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն անունով յայտնեց, որ իրենք որոշած են խաղաղասէր լիբանանցիներուն կողքին ըլլալ եւ միասնաբար կերտել խաղաղ, քաղաքացիական եւ ժողովրդավար դիմադրութիւն մը:

«Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը ձեզի հետ պիտի ըլլան խաղաղ եւ ժողովրդավար պայքարի ճակատներուն վրայ: Մենք որոշած ենք երկիրը ազատագրել ապօրինի զէնքին բռնագրաւումէն, որպէսզի կարենանք պաշտպանել երկրին անկախութիւնը եւ ամրապնդել անոր գերիշխանութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը: Նահատա՛կ հերոս, սպանութենէդ առաջ տիրած պայմանները նոյնը պիտի չըլլան սպանութենէդ ետք», սպառնաց Սինիորա:

Նշենք, որ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի ներկայ չգտնուեցաւ Շաթահի յուղարկաւորութեան` Մուսթաքպալ հոսանքին մերժումին պատճառով:

Պատանի Շաարի Յուղարկաւորութիւնը

Շաարի յուղարկաւորութենէն պահ մը

16-ամեայ պատանի Մոհամետ Շաարի յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ Խաշըքժի մզկիթին մէջ:

Մոհամետ Շաար, որ տակաւին դպրոցական մըն էր, ծանրօրէն վիրաւորուած էր Շաթահը թիրախ դարձուցած պայթումին ընթացքին եւ օր մը ետք ինք եւս նահատակուած:

Մոհամետ Շաարի յուղարկաւորութեան արարողութեան  նախագահելու նպատակով հանրապետութեան միւֆթի Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի մետասաներորդ պահուն հասաւ Խաշըքժի մզկիթ, ուր արժանացաւ յուղարկաւորներուն բողոքին:

Այսպէս, պատանի տղեկի մը յուղարկաւորութիւնը վերածուեցաւ Մուսթաքպալ հոսանքի համակիրներուն եւ հանրապետութեան միւֆթիին միջեւ բռնկած բախումի մը, որ անամօթաբար արձանագրուեցաւ մզկիթին մէջ` զոհուած պատանիին դագաղին մօտ:

Շաարի յուղարկաւորութենէն պահ մը
Շաարի յուղարկաւորութենէն պահ մը

Յուղարկաւորութեան ներկայ գտնուեցան Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխաններ Մոհամետ Մաշնուք, Ղազի Եուսեֆ եւ Խալետ Զահրաման, որոնց կողքին նաեւ` Ահմետ Հարիրի, Նատեր Հարիրի, նախկին նախարար Խալետ Քապպանի, սպանեալ նախկին նախարար Մոհամետ Շաթահի զաւակները եւ շարք մը պետական անձնաւորութիւններ:

Թարիք Ժտիտէէն երիտասարդներ խստիւ մերժեցին միւֆթի Քապպանիի ներկայութիւնը եւ անկէ պահանջեցին մեկնիլ:

Միւֆթի Քապպանի մնաց Խաշըքժի մզկիթին մէջ, մինչ շէյխ Ահմետ Օմարի նախագահեց Շաարի յուղարկաւորութեան, որուն ընթացքին ան արտասանեց քաղաքական ճառ մը:

Շէյխ Օմարի շեշտեց, որ սիւննի համայնքը իր քաղաքական անձնաւորութիւններով եւ խորհրդանիշներով թիրախ դարձած է, յատկապէս պաասեան ոճրային վարչակարգին եւ անոր զօրակցողներուն կողմէ:

«Համբերութիւնը չափ ու սահման ունի, եւ մենք կը մերժենք սադրանքները, որովհետեւ սադրանքները քունի մէջ են, իսկ անիծեալ ըլլան զանոնք արթնցնողները», ըսաւ շէյխը:

Տեղի ունեցած բախումէն պահ մը:
Տեղի ունեցած բախումէն պահ մը:

Յուղարկաւորութեան ընթացքին շէյխ Օմարի Հըզպալլան ահաբեկչութեամբ ամբաստանեց եւ կոչ ուղղեց շիի համայնքին հրաժարելու Հըզպալլայէն:

Մոհամետ Շաարի թաղումէն ժամեր ետք լիբանանեան բանակը միւֆթի Քապպանիի   ելքը կրցաւ ապահովել` զայն զրահապատով փոխադրելով Տար Ֆաթուա:

Տար Ֆաթուա այս մասին երեկոյեան շուրջ ժամը 7:00-ին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ միւֆթի Քապպանին Խաշըքժի մզկիթին մէջ յարձակումի ենթարկուած է եւ անոր հասցէին վարկաբեկիչ արտայայտութիւններ հնչած են:

«Տար Ֆաթուա շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր անոնց, որոնք միջամտած էին` մարելու համար սադրանքներուն բոցերը: Իսկ քաղաքական ուժերը, յատկապէս հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթին եւ Մուսթաքպալ հոսանքի նախագահ Ֆուատ Սինիորան ուղղակի պատասխանատուութիւն կը ստանձնեն ժողովուրդին մօտ հանրապետութեան միւֆթիին պատկերը արատաւորելու արշաւին, որպէսզի իրականացնեն Տար Ֆաթուային տիրելու իրենց երազը», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի դատապարտեց Խաշըքժի մզկիթին դիմաց արձանագրուած պատահարը` շեշտելով, որ Տար Ֆաթուայի հանգամանքը պէտք է յարգել: Ան կոչ ուղղեց սիւննի համայնքին ներքին երկփեղկումները կանխարգիլելու:

Նախկին վարչապետ Սելիմ Հըս խստիւ դատապարտեց միւֆթի Քապպանիի դէմ գործուած յարձակումը եւ պահանջեց պատժել բոլոր անոնք, որոնք յանդգնած են հանրապետութեան միւֆթիին դէմ յարձակիլ:

Հըս կոչ ուղղեց հոգեւոր պետերն ու կրօնական խորհրդանիշները յարգելու:

Այսօր առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Մոհամետ Շաարի դասընկերները պիտի կազմակերպեն բողոքի եւ դատապարտումի երթ մը:

Նախորդը

«Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորը Երեք Միլիառ Տոլարի Օժանդակութիւն Մը Պիտի Կատարէ Լիբանանեան Բանակին» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման

Յաջորդը

«Զուիցերիա Պիտի Նպաստէ Լեռնային Ղարաբաղի Երկխօսութեան Կայացման» Յայտարարեց Պուրքհալթեր

RelatedPosts

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու  Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ  Տեղի Պիտի Չունենան»
Գլխաւոր լուրեր

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ Տեղի Պիտի Չունենան»

November 25, 2026
Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան  Հռչակագիրին Յղման Վերացումը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան Հռչակագիրին Յղման Վերացումը

November 25, 2026
Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։