Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստուգելով Ազգային Միացեալ Վարժարանի Շինարարական Աշխատանքները`. «Գաղութի Մը Կենսունակութեան Աղբիւրը, Գոյատեւման Առանցքը Եւ Երաշխիքը Եկեղեցւոյ Կողքին Հայ Դպրոցն Է» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

February 3, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

gatoghԱզգային միացեալ վարժարանի շինարարական աշխատանքները արդէն իսկ սկսած են եւ իրենց աւարտին պիտի հասնին 2015 թուականին: Այս առիթով իր հայրական օրհնութիւնը տալու նպատակով շաբաթ 1 փետրուար 2014-ի կէսօրուան ժամը 11:30-ին կառուցման ընթացքի մէջ գտնուող համալիր այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի: Վեհափառ հայրապետը դիմաւորուեցաւ Ազգային իշխանութեան երեսփոխաններու, Ազգային առաջնորդարանի խորհուրդներու եւ յանձնախումբերու ներկայացուցիչներու, քահանայ հայրերու եւ գաղութի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու կողմէ:

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան խօսք առնելով հաստատեց, որ անցնող տասնամեակներուն եւ սերունդէ-սերունդ մեր ժողովուրդը հայ դպրոցով ինքզինք վերանորոգեց սփիւռքի մէջ, անիկա հայ դպրոցով զօրացաւ եւ ինքզինք հարազատ ինքնութեան մէջ պահեց:

«Ներկայ յարափոփոխ աշխարհին մէջ, Լիբանանի հայոց թեմը իր հաւատացեալ ժողովուրդով կը ձեռնարկէ աշխատանքի մը` քաջ գիտնալով, որ մեր այս աշխատանքին ընդմէջէն հայ վարժարանը պիտի յաջողի ինքզինք վերանորոգել իր առաքելութեան մէջ` ի սպաս մեր ժողովուրդին», շեշտեց սրբազան հայրը:

hamalirԱյնուհետեւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը խօսք առնելով հոգեկան անհուն գոհունակութիւն արտայայտեց այն գօտեպնդիչ եւ գեղեցիկ երեւոյթին համար, որ առաջնորդ սրբազան, Ազգային իշխանութիւն, թեմին մէջ գործող կառոյցներ եւ ժողովուրդի բոլոր զաւակները միասնաբար լծուած են այս գեղեցիկ ծրագիրին իրագործման: «Գաղութի մը կենսունակութեան աղբիւրը, գոյատեւման առանցքը եւ երաշխիքը եկեղեցւոյ կողքին հայ դպրոցն է», շեշտեց վեհափառ հայրապետը` աւելցնելով, որ մեր ժողովուրդի գոյութեան ամրացման, մեր ազգի ինքնութեան պահպանման աղբիւրը դարձան եկեղեցին ու դպրոցը: Վեհափառ հայրապետը նկատել տուաւ, որ սովորական դպրոց մը չէ կառուցուելիքը, այլ` անիկա լիբանանահայութեան կրթական կեանքին մէջ ինքնուրոյն դիմագիծ եւ առաքելութիւն ունեցող դպրոց մը պիտի դառնայ: Վեհափառ հայրապետը նաեւ հաստատեց, որ ծրագիրը հետապնդողը, քաջալերողը եւ գործնապէս մասնակցողը եղաւ բարերար Հրայր Սարգիսեան` իր կողքին ունենալով իր եղբայրը` Սուրէն Սարգիսեան: «Անոնք այս ծրագիրին կնքահայրը պիտի ըլլան, սակայն Լիբանանի մեր ժողովուրդի զաւակները միայն դիտողի դերին մէջ պիտի չըլլան, այլեւ` մասնակցողի», շեշտեց Արամ Ա. կաթողիկոս եւ կոչ ուղղեց բոլորին իրենց մասնակցութիւնը բերել այս ծրագիրին իրագործման, որ պէտք է իր աւարտին հասնի 2015 թուականին:

Վեհափառ հայրապետը նկատել տուաւ, որ 2015 թուականը կը զուգադիպի Ցեղասպանութեան 100-ամեակին եւ պէտք է գործնապէս մասնակցիլ այս ծրագիրի իրագործման, որպէսզի թուրք ժողովուրդին ցոյց տանք, թէ հայութիւնը կայ եւ տակաւին շինարար ազգ է: Վեհափառ հայրապետը իր խօսքը եզրափակելով կոչ ուղղեց համախմբուելու առաջնորդ սրբազանին շուրջ, որ կը ղեկավարէ այս աշխատանքը, որպէսզի յարգենք 2015 թուականը: «Վայ լիբանանահայութեան, եթէ 2015 թուականին այս ծրագիրը չիրագործենք: Եթէ նեղ կացութեան մատնուիք, կրնաք դիմել ինծի կամ բարերարին … Վստահ եղէք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ձեր կողքին է», եզրափակեց վեհափառ հայրապետը:

Այնուհետեւ համալիրի պատասխանատու ճարտարապետ Մկրտիչ Եափուճեան բացատրութիւններ տուաւ վեհափառ հօր եւ ներկաներուն` համալիրի շինարարական աշխատանքներուն ընթացքին մասին:

 

Նախորդը

«Հայ Դատը Այսօր» Խորագիրով Նոր Հաղորդաշար` «Վանայ Ձայն»-էն

Յաջորդը

Սուրիոյ Մէջ Ազրպէյճանցի Զինեալ Մը Սպաննուած Է

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.