Համաձայնական կառավարութեան մաս կազմող քաղաքական ուժերը երէկ մերժեցին կազային համաձայնագիրներուն հարցով խորհրդարանական ժամանակաւոր յանձնախումբ ստեղծելու` ոչ իշխանական չորս խմբակցութիւններու նախաձեռնութիւնը:
Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան հրապարակեց քուէարկութեան արդիւնքները. 44 թեր, 58 դէմ եւ 3 ձեռնպահ:
Նախաձեռնութեան հեղինակները յայտարարեցին, որ Հանրապետական կուսակցութիւնը իր քուէարկութեամբ ապացուցեց, որ կը թաքցնէ յանցաւոր գործարքը:
Խորհրդարանական ոչ իշխանական ուժերը` ՀՅԴ-ն, Բարգաւաճ Հայաստանը, Ժառանգութիւնը եւ Հայ ազգային քոնկրեսը, կ՛ուզէին առաջարկուող յանձնախումբին միջոցով ստանալ հետեւեալ հարցումներուն պատասխանները. 2011-էն ինչպէ՞ս գոյացած է 300 միլիոն տոլարի պետական պարտքը, որուն դիմաց ռուսական կողմին փոխանցուած է «Հայռուսկազարդ» ընկերութեան մէջ Հայաստանի կառավարութեան ունեցած վերջին 20 առ հարիւր բաժնեմասը, ինչո՞ւ Հայաստանի սահմանին 159 տոլար արժող կազը բնակչութեան 110 առ հարիւրով աւելի սուղ` 380 տոլարով կը հասնի, ինչո՞ւ կառավարութիւնը երաշխաւորեց, որ մինչեւ 2044 թուականը ռուսական կազ պիտի գնէ միայն «Կազփրոմ»-էն:
Հակառակ հերթական նախաձեռնութեան տապալման` խորհրդարանական ոչ իշխանական ուժերը «Ազատութեան» հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեցին, որ պիտի շարունակեն խորհրդարանին մէջ բարձրացնել հասարակական մեծ հնչեղութիւն ունեցող հարցերը:


