ՀՅԴ Հոլանտայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Մասիս Աբրահամեան նախանցեալ օր այցելեց Լա Հէյի մէջ Զուիցերիոյ դեսպանութիւն եւ հանդիպում ունեցաւ դեսպանորդներ Անիա Զոպրիսթ Ռենթենարի եւ Ֆիլիփ Պրանտի հետ:
Հանդիպման նպատակն էր Զուիցերիոյ կառավարութեան փոխանցել խնդրագիր մը հոլանտահայութեան անունով, առ այն, որ Մարդկային իրաւունքներու Եւրոպայի դատարանին որոշումը Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտող Փերինչեքի վերաբերեալ բողոքարկուի այդ երկրին արդարադատութեան նախարարութեան կողմէ: Հանդիպումին կը մասնակցէր նաեւ Հոլանտայի ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» երիտասարդական միութեան ներկայացուցիչ Սեպուհ Աբրահամեան: Հիւրերը ներկայացուցին հոլանտահայերուն մտահոգութիւնները կապուած Մարդկային իրաւունքներու Եւրոպայի դատարանի յայտնի որոշման հետ: Մասնաւորաբար ըսուեցաւ, որ դատավճիռը բաւարար հիմնաւորուած չէ եւ այն հանգամանքը, որ որոշումը միաձայնութեամբ չէ ընդունուած կը վկայէ այդ մասին: Խօսուեցաւ Ֆրանսայի նախագահ` Ֆրանսուա Հոլլանտի վերջին յայտարարութիւններուն մասին, որոնք անգամ մը եւս կ՛ամրապնդեն ցեղասպանութեան ժխտման պատժելիութեան անհրաժեշտութիւնը:
Դեսպանորդները շնորհակալութիւն յայտնեցին այցելութեան համար եւ խոստացան Հայ դատի խնդրագիրը փոխանցել կառավարութեան: Ըսուեցաւ նաեւ, որ խնդիրը այս պահուն կը գտնուի արդարադատութեան նախարարութեան տնօրինութեան տակ եւ այնտեղ պիտի տրուի բողոքարկման որոշումը: Ըստ անոնց կանխատեսման մինչեւ 17 մարտ տրուած ժամանակը արդարադատութեան նախարարութիւնը լիովին պիտի օգտագործէ այս բարդ որոշումը տալու համար: Անոնք նշեցին նաեւ, որ ամբողջութեամբ կ՛ըմբռնեն հարցին կարեւորութիւնը հայ ժողովուրդին համար, այսուհանդերձ Մարդկային իրաւունքներու Եւրոպայի դատարանին անկախ կարգավիճակը կը սահմանափակէ անոր վրայ ազդեցութիւն բանեցնելու կարելիութիւնը: Աբրահամեան այս գծով յայտնեց, որ իրենք Զուիցերիոյ կողմէ որեւէ ազդեցութիւն չեն ակնկալեր Եւրոպական դատարանին վրայ: Անոնց սպասելիքը օրէնքին ընձեռած կարելիութիւնները օգտագործելն է եւ դատավճիռը իրաւաբանօրէն բողոքարկելը: Եթէ այդ քայլը չկատարուի, հայ ժողովուրդը մեծ ափսոսանք եւ հիասթափութիւն պիտի ապրի: Նշուեցաւ, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառած պէտք չէ թոյլ տալ ժխտողականութեան նոր յաղթարշաւ մը, որ նոր ոգեւորութիւն պիտի յառաջացնէ ուրացողներուն մօտ:
Հանդիպումը աւարտեցաւ վստահեցնելով, որ զարգացումներուն մասին կողմերը իրարու տեղեակ պիտի պահեն:


