Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Ղարաբաղեան Ազրպէյճանական Սահմանագիծին Վրայ Տիրող Կացութեան Նկատմամբ
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կ՛անդրադառնայ վերջին օրերուն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն-Ազրպէյճան սահմանագիծին վրայ զինադադարի խախտման դէպքերու յաճախակի դառնալուն: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր պաշտօնական կայքէջին վրայ զետեղուած յայտարարութեան մէջ կը յայտնէ. «Մեր մտահոգութիւնը կը յայտնենք ղարաբաղեան տագնապի գօտիին մէջ իրավիճակի սրման առնչութեամբ: Վերջին օրերուն սահմանագիծին վրայ զինադադարի դրութեան խախտման դէպքերու յաճախակիացման իբրեւ արդիւնք զինուորներու շարքերուն...



















