Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսական Ձեռնադրութիւն` Անթիլիասի Մէջ

Շաբաթ, 26 եւ կիրակի, 27 ապրիլ 2014-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, ձեռամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի, տեղի ունեցաւ Մեղրիկ Ծ. վրդ. Բարիքեանի (Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդական փոխանորդ), Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեանի (Առաջնորդ Ատրպատականի հայոց թեմի) եւ Մակար Ծ. վրդ. Աշգարեանի (Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդական փոխանորդ) եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնն ու օծումը: Այսպէս, շաբաթ, 26 ապրիլ 2014-ի երեկոյեան, վեհափառ հայրապետին գլխաւորութեամբ...

Recep_Tayyip_Erdogan-f

Խմբագրական. Առաջնային Եւ Երկրորդական Հասցէատէրեր

Թուրքիոյ վարչապետին կատարած յայտարարութիւնը ակնկալելիօրէն միջազգային արձագանգներ պիտի յառաջացնէր: Այնտեղ որոշ նորութիւններու ընդունումը չմերժելով հանդերձ, հայկական կողմը գրեթէ միանշանակ զայն նկատեց ժխտողական պաշտօնական քաղաքականութեան նորովի դրսեւորումը,  ապրիլեան օրերուն իբրեւ ժամանակահատուած ընտրուած ըլլալը, բառախաղերով մարտավարական քայլ նկատուիլը եւ ոչ շատ ուշ, որոշ յստակեցումներ կատարելով արձանագրուած յետ քայլը: Էրտողանի յայտարարութիւնը լրիւ տեղաւորելով Անգարայի պետական քաղաքականութեան ծիրին մէջ եւ այդ պատճառով տարբաղադրական վերլուծումները...

2404Aram

«Հայ Ժողովուրդը Ցաւակցութիւն Ու Բարոյախօսութիւն Չէ, Որ Կը Սպասէ Թուրքիոյ Պետութենէն, Այլ` Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումն Ու Հատուցումը Կը Պահանջէ» Հաստատեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հինգշաբթի, 24 ապրիլի առաւօտուն, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ  ոգեկոչուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակը: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ Ս. պատարագ մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Յաւարտ Ս. պատարագին, ներկայ ժողովուրդը համախմբուեցաւ մայրավանքի Նահատակաց մատրան շուրջ, ուր տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` գլխաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Ապա, վեհափառ հայրապետը իր պատգամը ուղղեց ներկայ հոծ բազմութեան, որուն մէջ...

2404tsouyts

Դաշնակցական Երիտասարդութիւնը Լիբանանի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանատան Առջեւ Ուխտեց Մնալ Պահանջատէր Եւ Անզիջող

24 ապրիլ 2014-ի կէսօրին ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական եւ Զաւարեան ուսանողական միութիւններուն կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց մը` Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան դիմաց, ուր նկատելի էին ապահովական խիստ քայլեր, որոնց դիմուած էր դեսպանատան պահանջով: Հարիւրաւոր դաշնակցական երիտասարդներ եւ ուսանողներ կոչերով, ազգային-հայրենասիրական երգերով, Եռագոյն եւ Դաշնակցութեան դրօշներ, ինչպէս նաեւ Թուրքիան դատապարտող պաստառներ պարզած` իրենց բողոքը արտայայտեցին թրքական պետութեան դէմ, որուն դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը...

2404Hollande

Հոլլանտ Քննադատած Է Էրտողանի Յայտարարութիւնը Եւ Խոստացած Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Երեւան Ըլլալ

Թրքական «Սոնտաքիքա» կայքը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ քննադատած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` հայերուն ուղղուած ցաւակցական ուղերձը եւ զայն անբաւարար  նկատած է: Հոլլանտ Փարիզի մէջ մասնակցած է հայ համայնքին կազմակերպած` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչման: Կոմիտասի 2003-ին կանգնեցուած արձանին մօտ խօսք արտասանած Հոլլանտ ցաւակցած է ցեղասպանութեան զոհերու հարազատներուն: Ան նշած է, որ ցեղասպանութեան 100-ամեակին ոգեկոչման մասնակցելու...

6182_b-f

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Ուղերձը Հայոց Ցեղասպանութեան 99-Ամեակին Առիթով

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Այսօր մենք խնկարկում ենք Հայոց մեծ եղեռնի անմեղ զոհերի յիշատակը: Մէկուկէս միլիոն հայորդիներ զոհ դարձան մի այնպիսի յանցագործութեան, որն այն ժամանակ դեռ անուն չունէր: Մարդկային որեւէ լեզու դեռ չէր յօրինել նման արտայայտութիւն կամ բառեզր: Նրանք զոհուեցին պարզապէս նրա համար, որ հայ էին: Նախօրօք եւ մանրամասնօրէն ծրագրուած ոճրագործութիւնն ունէր յստակ նպատակ. բնաջնջելով ժողովրդին` տիրանալ նրա բնօրրան-երկրին, նրա ունեցուածքին եւ...

Cover-April24_2014-f

Հրապարակի Վրայ Է «Ազդակ»-ի 24 Ապրիլ 2014-ի Բացառիկը

                                    Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակին նուիրուած «Ազդակ»-ի Ապրիլեան բացառիկը կը հովանաւորեն տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեանները   ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ 100-ամեակի առանցքը Խմբագրական Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրէին Թաթուլ Յակոբեան Հարիւրամեակի կրակէ մարտահրաւէրը Սեդա Մարկոսեան  Խտըշեան Հարցերը ծանօթ են, լուծումնե՞րը... Վ. Աւագեան Առաջարկութիւններ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշմանն...

IMG_0066

Ընդառաջելով 100-Ամեակի Երիտասարդական Մարմինին Կոչին`. Հսկում – Քայլարշաւով Լիբանանահայութիւնը Մէկ Մարդու Պէս Վերանորոգեց Իր Ուխտը Եւ Լիբանանեան Հանրային Կարծիքին Ուշադրութիւնը Հրաւիրեց Իր Դատին Վրայ

Հայոց ցեղասպանութենէն 99 տարիներ ետք համայն հայութիւնը տարբեր նախաձեռնութիւններով, պահանջատիրական արտայայտութիւններով եւ ոգեկոչման ձեռնարկներով եկաւ անգամ մը եւս հաստատելու, որ ժամանակի գործօնը զինք աւելի եւս վճռակամ ու պահանջատէր կը դարձնէ, 99 տարուան թրքական ուրացումը զինք աւելի ուժեղ կերպով կը կապէ իր դատին, հատուցման պահանջին, 99 տարուան ոտնակոխուած արդարութիւնը կը մղէ զինք աւելի բարձրաձայն մերժելու անարդարութիւնը, անմարդկայնութիւնը: Արդէն շաբաթէ մը ի...

Jaherov-Yert1

Ջահերով Աւանդական Երթ. «Մենք Պահանջատէր Ենք Եւ Մինչեւ Վերջ Պիտի Պայքարինք Արդարութեան Համար»

Երէկ` չորեքշաբթի, 23 ապրիլին, Երեւանի Ազատութեան հրապարակէն սկսաւ աւանդական դարձած ջահերով երթը դէպի Ծիծեռնակաբերդի բարձունք: ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւններու, «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան անդամները իրենց հետ բերած էին Հայաստանի մեծ դրօշը, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ դրօշը, զոր աւանդութեան համաձայն, այրեցին: Ազատութեան հրապարակ եկած էին նաեւ սկաուտական շարժման մասնակիցները, որոնք իրենց հետ բերած էին Ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրներու դրօշները` իբրեւ երախտագիտութեան...

turkey-tayyip-erdogan

Էրտողան Ապրիլ 24-ի Առիթով «Հասարակաց Ցաւը» Շեշտող Յայտարարութիւն Մը Հրապարակեց

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ յայտարարութիւն մը հրապարակելով Թուրքիոյ պետութեան անունով ցաւակցութիւն յայտնեց «20-րդ դարու սկզբնաւորութեան» սպաննուած հայ զոհերուն թոռներուն: Վարչապետութեան գրասենեակին կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ Էրտողան նշեց, որ Ապրիլ 24-ը «յատուկ նշանակութիւն ունի մեր հայ քաղաքացիներուն եւ աշխարհի տարածքին բոլոր հայերուն համար»: Պնդելով, որ Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն բոլոր ժողովուրդները ցաւով լեցուն դժուար ժամանակներ ապրեցան`...

aram-300×200

ՀՅԴ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կ՛արձագանգէ Էրտողանի Ուղերձին

ՀՅԴ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան արձագանգեց Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ուղերձին` 24 ապրիլին ընդառաջ, որուն մէջ Էրտողան կը ցաւակցի հայերուն: «Անգարան աւելի յաճախ` միջազգային մեկուսացման պայմաններուն մէջ, տարբեր ձեւակերպումներով կը հերքէ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Իր այսօրուան խօսքին մէջ վարչապետ Էրտողան զուր փորձեր կը կատարէ` խուսափելու Հայոց ցեղասպանութեան պատասխանատուութենէն` տակաւին անպատիժ մնացած միջազգային լայնածաւալ ոճիրը հաւասարեցնելով սովորական...

2304ashagerd

Լիբանանահայ Վարժարաններու Աշակերտութիւնը Կը Նշէ Ցեղասպանութեան 99-Ամեակը

Երէկ` չորեքշաբթի, 23 ապրիլի առաւօտեան ժամը 11:00-ին, կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակին առիթով Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Ստեփանոս մատրան դիմաց տեղի ունեցաւ աշակերտական հաւաք` մասնակցութեամբ լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտութեան, տնօրէններուն եւ ուսուցչակազմերուն: Հաւաքին սկիզբը բոլոր աշակերտները ծաղիկներ զետեղեցին մատրան դիմաց, ապա տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում` վարժարան առ վարժարան: Օրուան խորհուրդը աշակերտներուն փոխանցեց Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի տնօրէն...

2304berri_farz

Նախագահական Ընտրութեան Առաջին Փուլը Աւարտած Է

Խորհրդարանը երէկ կէսօրուան ժամը 12:00-ին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի գլխաւորութեամբ գումարեց նախագահական ընտրութեան իր առաջին նիստը, որուն ներկայ գտնուեցան 124 երեսփոխաններ: Նիստէն բացակայեցան երեսփոխաններ Սաատ Հարիրի, Օքապ Սաքըր, Էլի Աուն եւ Խալետ Տահեր: Նախագահական ընտրութեան արդիւնքը եղաւ հետեւեալը. Սամիր Ժահժահ` 48 քուէ, Հանրի Հըլու` 16 քուէ, 52 սպիտակ քուէ, Ամին Ժեմայէլ 1 քուէ եւ 7 ջնջուած քուէ: Նշենք, որ շարք...

Khempakragan1904-f

Խմբագրական. Այո՛.Երիտասարդութիւնը Մեր Ներկա՛ն Է

Իր ձեւին մէջ առաջին անգամ ըլլալով ապրիլեան երիտասարդական հսկումի հաւաքը կը փոխարինուի քայլարշաւ-մոմավառութեամբ եւ Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ հաւաքով: Նախաձեռնութիւնը իր վրայ կը կեդրոնացնէ դիտարկումի եւ արժեւորման քանի մը կէտեր: Ա.- Եղանակը նոր է: Առաջադրուածը արդէն իսկ աւանդութիւն դարձած զանգուածային բնոյթով համաժողովրդային քայլերթը չէ: Երբ կը յայտարարուի, որ տուներէն, գործատեղիներէն, կեդրոններէ եւ թաղամասերէ խումբ-խումբ պիտի ուղղուինք դէպի Նահատակաց հրապարակ, պատկերացնել...

2204KM

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը

ՀՅԴ Հայաստանի 18-րդ Գերագոյն ժողովը, հանգամանօրէն քննարկելով ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպութեան երկամեայ գործունէութիւնը, երկրում ընթացող քաղաքական, հասարակական, տնտեսական զարգացումները, կատարեց իրավիճակի ախտաճանաչում եւ համախոհութեան մթնոլորտում նախանշեց կուսակցութեան առաջիկայ ուղենիշներն ու անելիքները: Ժողովն անդրադարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան առջեւ ծառացած ներքին ու արտաքին մարտահրաւէրներին, տարածաշրջանային խնդիրներին, երկրում ստեղծուած ընկերային-տնտեսական բարդագոյն իրավիճակին, իշխանութիւնների անհեռատես քաղաքականութեանը` ընդգծելով կառավարման ներկայիս արատաւոր համակարգը հիմնովին բարեփոխելու անհրաժեշտութիւնը: Ժողովն արձանագրեց,...

2204sleiman_HHT

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Նախագահ Սլէյմանի Եւ Զօր. Աունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ընկերներ Յակոբ Խաչերեան եւ Սեպուհ Յովնանեան, ընկերակցութեամբ` Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, երէկ այցելեցին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս երկրին մէջ տիրող քաղաքական մթնոլորտը` նախագահական ընտրութեան յատուկ խորհրդարանական նիստին նախօրեակին: Կեդրոնական կոմիտէի նոյն պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:

2004zadig2

Հաւատացեալներու Հոծ Բազմութեան Մը Ներկայութեան. Ս. Զատկուան Տօնակատարութիւնը` Անթիլիասի Մայր Տաճարին Մէջ

Ս. Զատկուան եւ Քրիստոսի Յարութեան տօնին առիթով կիրակի, 20 ապրիլ 2014-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Զատկուան Ս. պատարագ: Իր խօսքը ուղղելով ներկայ հաւատացեալներուն, ինչպէս նաեւ ամբողջ հայութեան` ցրուած աշխարհի բոլոր կողմերը, Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ. «Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը նահատակութեան պատմութիւն է եղած, որովհետեւ հաւատարիմ գտնուած ենք քրիստոնէական արժէքներուն եւ սկզբունքներուն: Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը նահատակութեան պատմութիւն...

20-3

Սուրբ Յարութեան Տօնը Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի Մէջ

20 ապրիլին Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին նշեց Ս. Յարութեան տօնը: Տօնին առիթով աշխարհասփիւռ բոլոր հայկական եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, հայ հաւատացեալներուն փոխանցուեցաւ «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» աւետիսը: Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ Ս. Յարութեան տօնին առիթով սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցեց Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը: Պատարագի սրբազան արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ...

1804Antelias

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Քրիստոսի Թաղման Կարգը Կատարուեցաւ Հոծ Բազմութեան Ներկայութեան

Հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը եկած էր Անթիլիասի մայրավանքը` մասնակից դառնալու Քրիստոսի խաչելութեան ու թաղման արարողութեան: Հայ եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէ յիշեալ արարողութիւնը, որ լեցուն է յուզումնախառն շարականներով, մեղեդիներով ու աղօթքներով: Նախագահելէ ետք թաղման արարողութեան` Արամ Ա. կաթողիկոս իր հայրապետական պատգամը ուղղեց ժողովուրդին` ըսելով. «Խաչը քրիստոնէութեան համար ցաւի ու տառապանքի, չարչարանքի ու մահուան գործիք չէ, այլ սիրոյ ու...

Page 855 of 885 1 … 854 855 856 … 885