Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Քրիստոսի Թաղման Կարգը Կատարուեցաւ Հոծ Բազմութեան Ներկայութեան

April 19, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

1804AnteliasՀաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը եկած էր Անթիլիասի մայրավանքը` մասնակից դառնալու Քրիստոսի խաչելութեան ու թաղման արարողութեան: Հայ եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէ յիշեալ արարողութիւնը, որ լեցուն է յուզումնախառն շարականներով, մեղեդիներով ու աղօթքներով:

Նախագահելէ ետք թաղման արարողութեան` Արամ Ա. կաթողիկոս իր հայրապետական պատգամը ուղղեց ժողովուրդին` ըսելով. «Խաչը քրիստոնէութեան համար ցաւի ու տառապանքի, չարչարանքի ու մահուան գործիք չէ, այլ սիրոյ ու փրկութեան, յաղթանակի ու կեանքի: Մեր եկեղեցւոյ մաղթանքին բառերով ամէն օր կ՛աղօթենք առ Քրիստոս, ըսելով` «խաչ քո եղիցի մեզ ապաւէն, Տէր Յիսուս»: Քրիստոս խաչ բարձրանալով յաղթեց աշխարհին, նուաճեց մահը եւ մարդուն առջեւ բացաւ փրկութեան ճանապարհը»:

Վեհափառը ակնարկելով հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ խաչի ներկայութեան ըսաւ. «Մենք խաչապաշտ ժողովուրդ եղած ենք: Սովորական իմաստով պէտք չէ ըմբռնել այս հաստատումը: Խաչը միայն մեր կուրծքերուն չենք կրած, միայն մեր տուները չենք զարդարած խաչով. խաչը մեր կեանքին մէջ դարձուցած ենք կենդանի ներկայութիւն: Խաչը մեզի համար դարձած է շարականին բառերով` վահան ամրութեան ընդդէմ թշնամւոյն: Խաչը մեր ժողովուրդին համար դարձած է հայ` ապաւէն փրկութեան կեանքի չարիքներուն դիմաց: Մեր կեանքը շաղախած ենք խաչի խորհուրդով ու զօրութեամբ»:

Ապա վեհափառ հայրապետը կոչ ուղղեց հայ ժողովուրդի զաւակներուն` «հաւատքի խոր գիտակցութեամբ մօտենալու խաչին: Հաւատալ խաչի զօրութեան, որովհետեւ խաչէն ճառագայթող սիրով մենք կրնանք յաղթահարել կեանքի ամէն տեսակ չարիք: Խաչով զինուած մենք կրնանք քալել փրկութեան ճանապարհէն դէպի Քրիստոսի խոստացած յաւիտենական կեանքը»:

Մինչեւ գիշերուան ուշ ժամերը բազմաթիւ հաւատացեալներ Անթիլիասի մայրավանք եկան խոնարհելու Քրիստոսի գերեզմանին առջեւ եւ իրենց քրիստոնէական կեանքը թրծելու Քրիստոսի խաչին զօրութեամբ:

 

Նախորդը

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի Երիտասարդական Կեդրոնի Անդամները Այցելեցին Ծերանոց

Յաջորդը

24 Ապրիլին Իւրաքանչիւր Հայ Պարտի Յարգանք Պարտադրել

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.