Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եպիսկոպոսական Ձեռնադրութիւն` Անթիլիասի Մէջ

April 28, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

2704odzoumՇաբաթ, 26 եւ կիրակի, 27 ապրիլ 2014-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, ձեռամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի, տեղի ունեցաւ Մեղրիկ Ծ. վրդ. Բարիքեանի (Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդական փոխանորդ), Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեանի (Առաջնորդ Ատրպատականի հայոց թեմի) եւ Մակար Ծ. վրդ. Աշգարեանի (Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդական փոխանորդ) եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնն ու օծումը:

Այսպէս, շաբաթ, 26 ապրիլ 2014-ի երեկոյեան, վեհափառ հայրապետին գլխաւորութեամբ հոգեւորականաց դասը առաջնորդուեցաւ Մայր տաճար, ուր Ս. Երրորդութեան խորանին առջեւ տեղի ունեցաւ ուխտի ստորագրութիւն, հաւատքի քննութիւն եւ ճշմարիտ դաւանութեան խոստովանութիւն:

Կարդացուեցաւ Քանատայի, Թեհրանի ու Ատրպատականի թեմերու Ազգային իշխանութեանց կողմէ գրուած վկայագիրները, որոնցմով առաջարկ կը ներկայացուէր վեհափառ հայրապետին, եպիսկոպոսական աստիճան շնորհել երեք ընծայեալներուն:

Ապա, նուիրեալները ծնկաչոք ընթերցեցին իրենց ուխտը, եւ հրապարակաւ յայտնեցին իրենց հաւատարմութիւնը եւ ծառայական պատրաստակամութիւնը մայրենի Ս. եկեղեցւոյն ու ժողովուրդին:

Այս խորհրդալից արարողութեան աւարտին, վեհափառ հայրապետը եպիսկոպոսական իշխանութեան խորհրդանիշ եմիփորոնները զգեցուց անոնց եւ պահպանիչով օրհնեց:

Կիրակի, 27 ապրիլ 2014-ին, տեղի ունեցաւ եպիսկոպոսական օծման արարողութիւնը: Արամ Ա. կաթողիկոսին առընթերակայ եղան Խաժակ արք. Յակոբեան (Առաջնորդ Քանատայի հայոց թեմին) եւ Սեպուհ արք. Սարգիսեան (Առաջնորդ Թեհրանի հայոց թեմին): Խարտաւիլակն էր Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան:

Արամ Ա. կաթողիկոս սրբալոյս միւռոնով օծելէ ետք Տ. Մեղրիկ, Տ. Գրիգոր եւ Տ. Մակար եպիսկոպոսներուն ճակատն ու աջ ձեռքին բթամատը, եպիսկոպոսական գաւազանն ու մատանին փոխանցեց անոնց:

Օծումէն անմիջապէս ետք, վեհափառ հայրապետը տուաւ իր պատգամը, որուն մէջ անդադարձաւ հետեւեալ երեք բառերով կեանքի այն որակին մասին, որոնք պէտք է դառնան նորաօծ եպիսկոպոսներուն կեանքի ուղղութիւնն ու նպատակը: «Ծառայութիւնը, հնազանդութիւնը եւ համեստութիւնը Անթիլիասի միաբանութեան կեանքին ու առաքելութեան որակը կը կազմեն», ըսաւ վեհափառ հայրապետը:

«Ողջոյն»-ի պահուն միաբան հայրեր ու ներկայ հոգեւորականներ բարձրացան Ս. խորան եւ շնորհաւորեցին նորաօծ սրբազանները: Ս. պատարագի եւ օծման արարողութեան աւարտին, ներկայ հաւատացեաներ ստացան նորաօծ եպիսկոպոսներուն առաջին օրհնութիւնը` անոնց յայտնելով իրենց բարեմաղթութիւնները:

 

 

Նախորդը

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերական Միաւոր. «Տը Չիլտրըն Աֆ Էյփրիլ» Վաւերագրական Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.