Գլխաւոր լուրեր

DeirZor_Aleppo_Kessab

Ակնարկ. Արդիւնքներ Եւ Պատասխանի Յստակացումներ

Հայկական աշխարհը կը նախապատրաստուի նշելու Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակը եւ աշխատանքային ժամացոյցի սլաքները լարելու 100-ամեակի ուղղութեամբ: Պահանջատիրութեան բովանդակային եւ եղանակային խնդիրներ, շեշտադրումներ, պետութիւն-սփիւռք թէ՛ հռետորաբանութեան եւ թէ՛ համակարգման մեքենականութիւններու ճշդումի հարցեր, իրաւական ուղիներու որոնումներ եւ հակառակորդի ձեռնարկած ու մշակած ծրագիրներու գաղտնազերծման փորձեր: Այս վերջին կէտն է, որ դրսեւորումի նորագոյն օրինակներով դիտարժան հանգամանք կը ստանայ եւ առնուազն նախապատրաստուելու առումով յիշելի նախադրեալներ կը...

ARF-LOGO

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի յայտարարութիւնը

Գիտակցելով իր ամբողջական պատասխանատուութիւնը կուսակցութեան վերջին շրջանի քաղաքականութեան համար` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը, կազմակերպութեան Գերագոյն ժողովից առաջ, անհրաժեշտ է համարում հանրութեանը ներկայացնել իր դիրքորոշումները երկրում ստեղծուած նոր իրավիճակի վերաբերեալ: Այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներքին ու արտաքին բարդագոյն մարտահրաւէրներ է դիմագրաւում: Իշխանութիւնների վարած ընկերային-տնտեսական քաղաքականութեան հետեւանքով մեր քաղաքացիների գերակշիռ մասը կորցրել է վստահութիւնն ապագայի հանդէպ եւ արմատական բարեփոխումներ է պահանջում: Մեր համոզմամբ`...

EU parliament

Եւրոպական միութեան խորհրդարանը կը դատապարտէ Քեսապի դէմ յարձակումը

Սթրազպուրկ, 17 ապրիլ, 2014.- Եւրոպական խորհրդարանը մայիս 2014-ի կայանալիք ընտրութիւններէն առաջ, իր այսօրուան վերջին լիագումար նիստին ընթացքին Սուրիոյ մասին բանաձեւ մը որդեգրեց, մտահոգութիւն յայտնելով երկրին մէջ տեղի ունեցած վերջին զարգացումներուն, յատկապէս՝ Քեսապի եւ պատերազմին մէջ գտնուած խոցելի համայնքներուն իրավիճակին շուրջ: Բանաձեւը յատկապէս կը դատապարտէ հայկակական Քեսապ աւանին վրայ եղած յարձակումը, նշելով՝ «2014 մարտի վերջերուն վարչակարգի ուժերուն եւ ապստամբներուն, ներառեալ Ալ...

IMG_0166

Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան. «Դէպի 100-Ամեակ Եւ Անդին` Թուրքիա Եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը» Նիւթով Դասախօսութիւն-Զրոյց

Կազմակերպութեամբ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Լիբանանեան հայկական աւանդներու ակումբ»-ին, երէկ` հինգշաբթի, 17 ապրիլի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Ուեսթ հոլ»-ի «Պաթհիշ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկներու երկրորդ բաժինը` «Դէպի 100-ամեակ եւ անդին` Թուրքիա եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը» նիւթով դասախօսութիւն-զրոյց` մասնակցութեամբ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ եւ «Արմինիըն Ռիվիու»-ի գործադիր խմբագիր, պատմագէտ Տիգրան Խալիկեանի, ինչպէս նաեւ Պերլինի Ֆղէյյ համալսարանի...

1704vodnlva

«Սէրը Պէտք Է Դարձնենք Մեր Կեանքին Ու Գործին Առանցքը» Նշեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ոտնլուայի արարողութիւնը կատարելով Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը յատուկ կարեւորութեամբ ընդգծեց սիրոյ հրամայականը մեր անհատական ու հաւաքական կեանքին մէջ: Վեհափառը ըսաւ. «Կ՛ուզէ՞ք սիրոյ վաւերական իմաստը գիտնալ, նայեցէ՛ք մեր Երկնաւոր Հօր: Ան սիրով մղուած ստեղծեց այս տիեզերքը մարդուն համար: Ան սէրէն մղուած աշխարհ ղրկեց իր Միածին Որդին, դարձեալ մարդուն համար»: Շարունակելով իր պատգամը` վեհափառ հայրապետը դարձեալ ըսաւ. «Դիտեցէք...

1604Rusdamian

Ոչ Իշխանական Խմբակցութիւնները Կառավարութեան Ձեւաւորման Հարցով Հանդէս Պիտի Գան Միացեալ Յայտարարութեամբ

Արմէն Ռուստամեան Երէկ  ՀՅԴ խմբակցութեան գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային ժողովի ոչ իշխանական խմբակցութիւններու հերթական հանդիպումը, ուր քննարկուած են քառեակի հետագայ գործողութիւնները: Քննարկման մասնակցեցան ՀՅԴ-էն` Արմէն Ռուստամեան, Աղուան Վարդանեան եւ Արծուիկ Մինասեան, Հայ ազգային քոնկրեսէն` Լեւոն Զուրաբեան եւ Արամ Մանուկեան, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութենէն` Վարդան Օսկանեան, Նայիրա Զոհրապեան եւ Ստեփան Մարգարեան, Ժառանգութենէն` Ազգային ժողովի պատգամաւոր Թեւան Պօղոսեան եւ Ժառանգութիւն կուսակցութեան փոխնախագահ...

Cicek-Boyner

Էրտողան Եւ Չիչեք Հանդիպում Ունեցան Պայնըրի Գլխաւորած Պատուիրակութեան Հետ

«Մարմարա» օրաթերթը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեք երեքշաբթի օր ընդունած է Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Ճոն Պայնըրը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւն մը: Վերջիններս հանդիպում ունեցած են նաեւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ: Էրտողան այլ հրատապ հարցերու կողքին անդրադարձած է Ծերակոյտին արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի որդեգրման ու փոխանցած ատոր վերաբերեալ Թուրքիոյ զգայնութիւնները` ընդգծելով, որ...

1927168_10152326888292873_1593769921_n

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան Հրատարակչական Հիմնադրամ»ին Մրցանքը Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան Հրատարակչական Հիմնադրամ»ի նիստը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 12 Ապրիլ 20014ին, Կաթողիկոսարանին մէջ։ Նիստին կը նախագահէր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ. Ա. Վեհափառ Հայրապետը։ Մասնակիցներն էին Երուանդ Փամպուքեան (ատենապետ), Շահան Գանտահարեան, Կիրօ Մանոյեան, Աշոտ Մելքոնեան եւ Խաչիկ Տէտէեան։ Ժողովը քննեց կատարուած աշխատանքները, հրատարակուած գիրքերու տարածումի պատկերը եւ ապա հրատարակութեան յանձնախումբին ուղարկուած ուսումնասիրական աշխատանքները։ Հրատարակչական ծրագիրներուն առընթեր եւ Ցեղասպանութեան 100ամեակին...

1604arapo

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» Մասնաճիւղ. Հայոց Ցեղասպանութեան 99-Ամեակի Ոգեկոչում

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղին, երէկ` չորեքշաբթի, 16 ապրիլ 2014-ին տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկ` Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի խաղավայրին մէջ: Ձեռնարկէն առաջ, Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը անմահացնող ծառատնկում մը տեղի ունեցաւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ. ծառատնկումի աշխատանքը օրհնեց Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Յակոբ քհնյ. Պզտիկեան: Ծառատնկումէն բոլոր մասնակիցները քայլարշաւով ուղղուեցան դէպի Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի խաղավայր, ուր...

1554485_305850672900278_7494676060516058785_n

Միւֆթի Շէյխ Ահմետ Պատրէտտին Հասսուն Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ Տեղեկութիւն Ստացաւ Տարագրուած Քեսապցիներու Մասին

«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ երկուշաբթի, 14 ապրիլ 2014-ի առաւօտեան, Սուրիոյ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ահմետ Պատրէտտին Հասսուն այցելեց Լաթաքիոյ հայ առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցի: Շէյխ Հասսունի կ՛ընկերակցէին Լաթաքիոյ նահանգապետը, Պաաս կուսակցութեան Լաթաքիոյ կառոյցին ղեկավարը, իսլամ եւ քրիստոնեայ կրօնականներ, պետական ներկայացուցիչներ եւ ազգայիններ: Միւֆթի շէյխ Ահմետ Պատրէտտին Հասսուն Ծովափի շրջանի շտապ օգնութեան գործադիր մարմնի ներկայացուցիչներէն եւ ազգայիններէն տեղեկութիւն ստացաւ եկեղեցւոյ տարածքին...

10150781_305497266268952_8345357259126721043_n

Հրթիռարձակում` Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Կից «Փարոս» Վարժարանին Վրայ. Կան Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

Դամասկոսի Պապ Թումա շրջանի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կից «Փարոս» վարժարանին վրայ երէկ առաւօտեան հրթիռ ինկած է: Հրթիռներու պատճառով զոհուած է  աշակերտ մը, կան նաեւ վիրաւոր աշակերտներ եւ ուսուցիչներ: Վիրաւորները տեղափոխուած են Դամասկոսի ֆրանսական հիւանդանոց: Հրթիռարձակումը ահ ու սարսափ տարածած է բնակիչներուն մօտ եւ բացի մարդկային վնասներէն, վարժարանը նիւթական վնասներ կրած է: Ընդհանուր առմամբ, վիրաւորներուն թիւը գերազանցած է 60-ը: Վիրաւորուած են...

1504Nalbandian_Ohanian

Օհանեան Եւ Նալբանդեան Վերանշանակուեցան Իրենց Պաշտօններուն Վրայ

Նալբանդեան եւ Օհանեան Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ առաջին նշանակումները կատարեց նոր կառավարութեան մէջ: Նախագահի հրամանագիրներով Սէյրան Օհանեան վերանշանակուեցաւ պաշտպանութեան նախարար, իսկ Էդուարդ Նալբանդեան` արտաքին գործոց նախարար: Հրամանագիրները հրապարակուած են Հայաստանի նախագահի պաշտօնական կայքին մէջ: Օհանեան եւ Նալբանդեան պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարներու պաշտօնները կը զբաղեցնեն 2008 թուականէն ի վեր:  

1504Arcvik-Minasyan

«Իշխանութեան Հետ Համաձայնական Կառավարութիւն Ստեղծելու Հարցը Չի Քննարկուիր» Կ՛ըսէ Արծուիկ Մինասեան

Արծուիկ Մինասեան Յառաջիկայ օրերուն քննարկման նիւթ պիտի դառնայ Հայաստանի նոր կառավարութեան կազմին հարցը: Տակաւին յստակ չէ, թէ նախարարներէն որո՞նք պիտի շարունակեն պաշտօնավարել եւ ո՞ր քաղաքական ուժերը ներգրաւուած պիտի ըլլան գործադիր մարմինին մէջ: Տակաւին կը շարունակուին ՀՅԴ-ի հետ խորհրդակցութիւնները: Իր հետագայ մարտավարութիւնը ճշդելու համար, Դաշնակցութիւնը կը սպասէ մեծամասնութեան պատասխանին, պիտի ընդունի՞ն իրենց ներկայացուցած 7 կէտերը, թէ՞ ոչ: Անոնցմէ խորհրդարանական կառավարման համակարգը...

1504Ukraine

Տոնեցքի Մէջ «Հակաահաբեկչական Գործողութիւնը» Ընթացք Առաւ

Ուքրանիոյ ժամանակաւոր նախագահ Օլեքսանտր Թուրչինով երէկ յայտարարեց, որ ռուսամէտ անջատողականներու դէմ «հակաահաբեկչական գործողութիւն» մը ընթացք առած է: Ան խորհրդարանին յայտնեց, որ գործողութիւնը սկսած է Տոնեցք շրջանի հիւսիսը եւ «հանգրուան առ հանգրուան կ՛ընթանայ պատասխանատու... ձեւով մը»: Ան ըսաւ, որ գործողութիւնը ընթացք առած է «ուքրանացի քաղաքացիները պաշտպանելու, ահաբեկումը դադրեցնելու, ոճիրը կասեցնելու եւ մեր երկիրը մասնատելու փորձերը կասեցնելու համար»: Ուքրանական զրահապատ մեքենաներ Տոնեցքի...

Varchabed-Aprahamian

Հայաստանի Կառավարութեան Կազմին Մէջ Հաւանական Փոփոխութիւնները Տակաւին Յստակ Չեն

Նոր նշանակուած վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան առայժմ չի յստակացներ, թէ ինչպիսի՛ փոփոխութիւններ տեղի պիտի ունենան նոր կառավարութեան կազմին մէջ` նշելով, որ նախագահը տակաւին կը շարունակէ բանակցութիւնները քաղաքական ուժերուն հետ: Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ անձամբ ընկերակցեցաւ գործադիրի նոր ղեկավարին դէպի կառավարութեան շէնք. Աբրահամեանը դիմաւորողներու շարքին չկար նախկին վարչապետ Տիգրան Սարգսեան: «Իրաւունք եւ պարտականութիւն կը զգամ», ասոնք էին Աբրահամեանի առաջին բառերը` իբրեւ վարչապետ...

1404ognir-

Կովսականի Մէջ Բնակարաններու Յանձնում` Սուրիահայ Ընտանիքներուն

11 ապրիլ 2014-ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Քաշաթաղի շրջանի Կովսական քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ բազմաբնակարան շէնքի բնակարանամուտի հանդիսաւոր արարողութիւնը: Բազմաբնակարան շէնքին մէջ բնակարաններ ստացան նաեւ տասը սուրիահայ ընտանիքներ, որոնք այս տարիներուն ընթացքին տեղափոխուած եւ վերաբնակեցուած են Կովսականի մէջ: «Օգնի՛ր եղբօրդ» բարեգործական հիմնադրամը նոյնպէս իր ներդրումը ունեցաւ բազմաբնակարան շէնքի կառուցման գործին մէջ` այդպէսով նպաստելով Ազատ եւ Անկախ Արցախի վերաբնակեցման քաղաքականութեան եւ զարգացման:...

1404Maaloula

Սուրիոյ Կանոնաւոր Բանակը Մուտք Գործեց Մաալուլա

Սուրիոյ կանոնաւոր բանակը երէկ Քալամունի գիւղական շրջաններուն մէջ գտնուող Մաալուլա գիւղը մուտք գործելով` Մար Թաքլա եւ Քըտտիսին վանքերը առաւ իր վերահսկողութեան տակ: Նախքան այդ, երէկ առաւօտեան բանակը իր վերահսկողութեան տակ առած էր Սարխա գիւղը: Սուրիոյ կանոնաւոր բանակի Մաալուլա եւ Սարխա մուտք գործելը կը յաջորդէ Լիբանանեան արեւելեան լեռնաշղթային մօտ գտնուող Ռանքուսի բարձունքներուն տիրելուն: Զինեալները հեռացած են դէպի լիբանանեան Ասալ Ուարտ եւ...

GiroManoyan_Interview14042014

Հարցազրոյց` Կիրօ Մանոյեանի Հետ

Երէկ` երկուշաբթի, 14 մարտ 2014-ին «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ Հարցազրոյց` ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանի հետ: Զրուցավարն էր «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան: Հարցազրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայ դատի թղթածրարին առնչուող շարք մը հարցերու, ինչպէս` ինքնորոշման իրաւունքի հարցին, Փերինչեք-Զուիցերիա դատական հարցին, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի մայիսին նախատեսուած Հայաստան եւ դրացի...

havasi

Աշուղ Աշոտին Նուիրուած Յիշատակի Երեկոյ. «Հաւասի» Աշուղական Համոյթը Երկրորդ Տարին Ըլլալով Կը Ներկայանայ Իւրայատուկ Համերգով

Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին, շաբաթ, 12 ապրիլ 2014-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ՀԿՄ-ի «Արարատեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Աշուղ Աշոտին նուիրուած «Հաւասի» աշուղական համոյթին ելոյթը` ընկերակցութեամբ լիբանանահայ երգիչներու եւ ներկայութեամբ հոգեւորականներու, կրթական պատասխանատուներու, արուեստագէտներու, արուեստասէրներու, ծնողներու եւ աշակերտներու: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Նայիրա Պաղտասարեան, որ նշեց, թէ «Հաւասի» աշուղական համոյթին նպատակն է...

Page 856 of 885 1 … 855 856 857 … 885