Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Վարժարաններու Աշակերտութիւնը Կը Նշէ Ցեղասպանութեան 99-Ամեակը

April 24, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

2304ashagerdԵրէկ` չորեքշաբթի, 23 ապրիլի առաւօտեան ժամը 11:00-ին, կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակին առիթով Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Ստեփանոս մատրան դիմաց տեղի ունեցաւ աշակերտական հաւաք` մասնակցութեամբ լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտութեան, տնօրէններուն եւ ուսուցչակազմերուն:

Հաւաքին սկիզբը բոլոր աշակերտները ծաղիկներ զետեղեցին մատրան դիմաց, ապա տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում` վարժարան առ վարժարան:

Օրուան խորհուրդը աշակերտներուն փոխանցեց Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի տնօրէն Վիգէն Աւագեան: Ան նկատել տուաւ, որ 24 ապրիլ 1915-ին ժամանակը կանգ առած է մեզի համար, որովհետեւ տակաւին չենք յաղթահարած Ցեղասպանութիւնը: Ան մեզի համար պատմական անցեալ չէ, ներկայ է, ամէնօրեայ ապրուող իրականութիւն է:

2304ashagerd1Ցեղասպանութիւնը եղաւ հայութեան պարտադրուած փորձութիւններուն ծանրագոյնը եւ անոր յատկանիշները եղան մեր ժողովուրդի բռնի տեղահանումը իր հայրենի բնօրրանէն, հայկական տնտեսութեան յափշտակումը եւ հայ մշակոյթի փոշիացումը: «Մենք ներկայ ենք եւ կը պահանջենք քաղաքական պատասխանատուութեան ենթարկել Թուրքիան, արդար հատուցում մեզմէ խլուած բոլոր կալուածներուն, նաեւ մեր հողերուն վրայ ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքը», շեշտեց Աւագեան:

Եզրափակելով իր խօսքը` Վ. Աւագեան աշակերտներուն յայտնեց, որ իրենք են արժանաւոր զաւակները Ցեղասպանութեան արհաւիրքը ապրած մեր նախահայրերուն, հսկայ աշխատանք կայ տարուելիք եւ պէտք է խոստումը յարգեն հայօրէն ապրելու եւ հայօրէն մեծնալու իրենց վճռակամութեամբ, որովհետեւ «դուք էք մեր ներկան, դուք էք մեր յուսատու ապագան դէպի 100-ամեակ եւ անկէ անդին… մինչեւ որ օր մը Ապրիլ 24-ը իբրեւ յաղթանակի օր ոգեկոչենք միացեալ, բարգաւաճ ու հզօր Հայաստանի մէջ», եզրափակեց Աւագեան:

Այնուհետեւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ մասնակցութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի քահանայից դասին:

Առաջնորդ սրբազանը աշակերտներուն ուղղուած իր խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ ամէն տարի 24 ապրիլի նախօրեակին մենք կը հաւաքուինք Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ կարօտով եւ կ՛անդրադառնանք, որ մեր նահատակներն ալ այսօր կը սպասեն մեզ մեր շրթունքներէն լսելու աղօթքը եւ մեր հոգիներուն մէջ տեսնելու, թէ ինչպէ՛ս վաղուան սերունդները կը կերտուին` անցեալի գիտակցութեամբ պատրաստ տէր կանգնելու հայ ժողովուրդի դատին: «Մեր նահատակներուն յիշատակը անմահ է եւ անոնց շունչը մեր մէջ կ՛ապրի այնքան ժամանակ, որ մենք գիտակցութեամբ մեր կեանքը կը նուիրենք հայութեան եւ կ՛ուխտենք մեր նահատակներուն պարտքը անձնական եւ սեփական արարքներով իրականութեան վերածել», եզրափակեց առաջնորդ սրբազանը:

Ձեռնարկը փակուեցաւ Հայաստանի քայլերգով` երգեցողութեամբ բոլոր աշակերտներուն եւ ներկաներուն:

 

 

Նախորդը

Եղեռնի Նահատակներու Յարգանք` ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու Կողմէ

Յաջորդը

Ալիեւ Պիտի Մասնակցի Արեւելեան Գործընկերութեան Վեհաժողովին

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.