Գլխաւոր լուրեր

KOYAMARD_003-f

Պաղտատի «Գոյամարտ»-ի Հաւաքածոն Հասած Է «Ազդակ» Եւ Շուտով Կը Թուայնացուի

Որոշ դժուարութիւններ յաղթահարելէ ետք, Պաղտատի մեր ազգայինները յաջողեցան 8 նոյեմբեր 1948-էն սկսեալ լոյս տեսած  «Գոյամարտ» շաբաթաթերթի ամբողջական հաւաքածոն, բնագրային վիճակով, հասցնել «Ազդակ»: Ցաւօք, ժամանակի մաշումի գործօնը իր հետքը ձգած է առաջին թիւերուն վրայ, այսուհանդերձ կարելի պիտի ըլլայ փրկել համարները, նկարահանել եւ թուայնացնել զանոնք: «Ազդակ»-ի տնօրէնութեան ուղղուած իր նամակին մէջ «Գոյամարտ»-ի հաւաքածոյին ճակատագիրով մտահոգ մեր ընկերը կը գրէր. «Շատ ուրախ եմ,...

0305knar

Համազգայինի Պարարուեստի Միաւոր. «Քնար» Պարախումբը Բեմականացուց «Անուշ» Պարի Թատերական Ներկայացումը

Հինգշաբթի, 1 մայիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ Համազգայինի Պարարուեստի միաւորը հանրութեան ներկայացաւ «Անուշ» պարի թատերական բեմականացումով, կատարողութեամբ` «Քնար» պարախումբին, գեղարուեստական ղեկավար` Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Յովհաննէս Խաչիկեան, օգնական պարուսոյց` Կարիկ Խաչիկեան: Աւելի քան 6 ամիսներու հետեւողական փորձերէ ետք «Քնար» պարախումբը բեմ բարձրացաւ գեղարուեստական բարձր որակով եւ հետաքրքրական այլազանութեամբ: Յայտագիրի առաջին բաժինով ներկայացուեցաւ Յովհաննէս Թումանեանի գլուխ գործոց...

Poghok-Tsuyts

Խմբագրական. Մայիս Մէկի Ազգային Ընկալումը

Դառն է իրականութիւնը, սակայն ներկայ ժամանակներուն մէջ պէտք է ընդունիլ, որ մայիսմէկեան խորհուրդը հեռացած է իր ակունքներէն, լաւագոյն պարագային վերածուած խորհրդանիշի, այլ աշխարհագրական միջավայրերու մէջ կարօտախտական մղումներով անցելապաշտութեան դրսեւորումներու, ընդհանրացածօրէն` ոչ աշխատանքային օրերու կողքին սովորական պահի: Մայիս մէկը այս առումով իւրայատուկ կացութեան մէջ չէ: Խնդիրը նոր աշխարհակարգի ապագաղափարականացման հզօր ալիքին ազդեցութիւններուն տակ մնացող նման արժէքներու չէզոքացման ընթացքն է: Ընկերվարական գաղափարաբանութեան...

3004Ardzvig1

Մինասեան. «Կուտակային Կենսաթոշակային Համակարգը Պէտք Է Կամաւոր Ըլլայ»

Արծուիկ Մինասեան Ազգային Ժողովին մէջ ընթացող «Կուտակային կենսաթոշակներու մասին» օրէնքին մէջ լրացումներ կատարելու մասին նախագիծի քննարկման ժամանակ ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան ընդգծեց, որ թէեւ Սահմանադրական դատարանը զանոնք նկատած է հակասահմանադրական, սակայն այսօր ալ շարք մը կազմակերպութիւններ կր շարունակեն մարդոց ստիպել այդ վճարումները կատարել: «Անոնք  պէտք է ըլլան  ոչ թէ պարտադիր, այլ կամաւոր սկզբունքով», նշեց Մինասեան` շարունակելով, որ ըստ օրէնքի,...

Meeting-of-Supreme-Eurasian-Economic-Council1

Փութին. «Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Մասին Համաձայնութիւնը Պիտի Ստորագրուի 29 Մայիսին»

Նազարպայեւ, Լուքաշենքօ եւ Փութին «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Եւրասիական բարձրագոյն խորհուրդի նիստէն ետք յայտարարած է, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան մասին համաձայնագիրը պիտի ստորագրուի 29 մայիսին: «Այսօր մենք շատ լուրջ յառաջընթաց արձանագրեցինք: Փորձագիտական մակարդակով միշտ չէ, որ կը յաջողուի համաձայնութիւն գոյացնել որոշ նրբութիւններու շուրջ, որոնք կը ներկայացնեն կողմերու շահերը», ըսած է Փութին: Ան նշած...

zoragtsagan_hantiboum

Նախագահական Ընտրութեան Յատուկ Խորհրդարանի Նիստը Յետաձգուեցաւ 7 Մայիսին

Լրատուամիջոցներուն հետ զօրակցութեան հաւաքէն պահ մը Նախագահական ընտրութեան յատուկ խորհրդարանի նիստը երէկ կէսօրուան ժամը 12:00-ին գումարուեցաւ նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի: Սակայն երեսփոխաններու բաւարար թիւի չգոյութեան պատճառով նիստը յետաձգուեցաւ չորեքշաբթի, 7 մայիս 2014-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին: Նախագահական ընտրութեան նիստին ներկայ գտնուեցան 75 երեսփոխաններ, մինչ անհրաժեշտ թիւն է 86 երեսփոխան, այսինքն` խորհրդարանի անդամներուն երկու երրորդը: Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերէն ներկայ էին...

DSC00488

«Հայ Դատը Այսօր» Հաղորդաշար. «Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Սահմանի Բացման Տնտեսական Հեռանկարները»

Հարցազրոյցը վարեց` ԱՔԱՍԻԱ ՓՈԼԱՏԵԱՆ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին նախաձեռնութեամբ, «Վանայ Ձայն» ձայնասփիւռի կայանէն սփռուող «Հայ դատը այսօր» հաղորդաշարին հիւրն էր Լիբանանի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ տոքթ. Յովհաննէս Թասլաքեան: ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ինչպէ՞ս կարելի է ներկայացնել Հայաստան-Թուրքիա տնտեսական յարաբերութիւնները նախքան սահմաններու փակումը` այսինքն կեդրոնանանք առաջին Հանրապետութեան եւ խորհրդային վարչակարգի ժամանակաշրջաններուն վրայ: ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹԱՍԼԱՔԵԱՆ.- Առաջին Հանրապետութեան ժամանակահատուածին, մօտաւոր երկուքուկէս տարի, Թուրքիան նախ պատերազմական վիճակի մէջ...

2904Agvan_Vardanyan

ՀՅԴ Կոչ Կ՛ուղղէ Աշխուժօրէն Ներգրաւելու Սահմանադրական Փոփոխութիւններու Քննարկումներուն Մէջ

ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան` անդրադառնալով սահմանադրական բարեփոխումներուն, երէկ Ազգային ժողովին մէջ յայտարարութիւններու բաժինի իր խօսքին մէջ նշեց, որ խորհրդարանական համակարգին անցումը  զսպումներու եւ հակակշիռներու մեքանիզմներ կը ստեղծէ, կ՛ապակեդրոնացնէ իշխանութիւնը, գործադիրը պատասխանատուութիւն կը կրէ խորհրդարանին առջեւ, հաւաքական կառավարումը ճկուն եւ թափանցիկ կը դարձնէ պետական համակարգը: Վարդանեան ընդգծեց, որ Հանրապետութեան նախագահի ստեղծած մասնագիտական յանձնախումբը Սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգ մշակած է: Ըստ անոր,...

2804Uruguay_03

Ուրուկուէյի Խորհրդարանը Յարգանքի Տուրք Մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակին

Կազմակերպութեամբ Ուրուկուէյի օրէնսդիր մարմինի եւ ՀՅԴ Ուրուկուէյի Հայ դատի յանձնախումբին` 13-րդ տարին ըլլալով Ուրուկուէյի Ծերակոյտի նախասրահին մէջ կատարուեցաւ ոգեկոչման ձեռնարկ, որուն ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով թէ՛ պետական, թէ՛ դիւանագիտական անձնաւորութիւններ, որոնց շարքին էին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեան եւ ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խաչիկ Տէր Ղուկասեան, Ուրուկուէյի զբօսաշրջութեան նախարար Լիլիան Քէշիշեան, մշակոյթի փոխնախարար փրոֆ. Օսքար Կոմեզ, ինչպէս նաեւ...

2904Aintab

Այնթապի Մէջ Հայերու Տուները Կ՛ոչնչացուին

«Հայ Թերթ» կը հաղորդէ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող եւ հայու տան մէջ բնակող գրող Իպրահիմ Հալիլ Այճան ժողովուրդներու մշակութային ժառանգութեան տէր կանգնելու կոչ հնչեցուցած է: «Պատմութեան էջերէն աշխարհի մեծագոյն ցեղասպանութիւններէն մէկուն ենթարկուած հայ ժողովուրդը, Ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ մշակութային ցեղասպանութեան կ՛ենթարկուի: Անոնցմէ ետք մնացած շինութիւնները կը շարունակուին աւերուիլ», կը նախազգուշացնէ գրողը: Ըստ Այճանի, Այնթապի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին լքուած թաղամասին մէջ...

Interview_Garo-f

Յիշեցնելով, Որ Քեսապի Հարցը Անպատասխան Պիտի Չմնայ. «Քեսապահայութիւնը Պիտի Վերադառնայ Իր Բնօրրանը» Ընդգծեց Հայ Իրաւաբանական Միջազգային Միութեան Նախագահ Կարօ Ղազարեան

9 ապրիլին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ համագումար մը` մասնակցութեամբ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերու առաջնորդներու եւ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի յանձնախումբերու ատենապետներու: Այս առթիւ «Վանայ Ձայն»-ի խօսնակ Հուրի Էմմիեան հարցազրոյց մը ունեցաւ համագումարի մասնակիցներէն` Հայ իրաւաբանական միջազգային միութեան (ՀԻՄՄ) նախագահ, Լոս Անճելըսի իրաւաբանական համալսարանի տնօրէն, քրէական եւ մարդկային իրաւունքներու իրաւաբան Կարօ Ղազարեանին հետ: Ստորեւ հարցազրոյցին հիմնական մասերը` որոշ...

2804Armen-Kevorkian

Արմէն Գէորգեան Նշանակուեցաւ Փոխվարչապետ

Արմէն Գէորգեան Նախագահ Սերժ Սարգսեան նախանցեալ օր ստորագրեց հրամանագիր մը որուն հիմամբ տարածքային կառավարման նախարար Արմէն Գէորգեանը նաեւ փոխվարչապետ նշանակուեցաւ: Հրամանագիրը հրապարակուած է Հայաստանի նախագահի պաշտօնական կայքին վրայ: Արմէն Գէորգեան փոխվարչապետ եւ տարածքային կառավարման նախարար էր նաեւ նախորդ կառավարութեան կազմին մէջ: Անցեալ շաբաթ աւելի կանուխ հրամանագիրներու շարքով մը նախագահ Սարգսեան նոր կառավարութեան մէջ կատարեց հետեւեալ նշանակումները. Դաւիթ Յարութիւնեան նշանակուեցաւ կառավարութեան...

2804Armen-f

ՀՅԴ Պիտի Չմասնակցի Ազգային Ժողովի Նախագահի Ընտրութեան

Արմէն Ռուստամեան Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան երէկ լրագրողներուն յայտնեց, որ Դաշնակցութիւնը պիտի չմասնակցի Ազգային ժողովի նախագահի ընտրութեան, որովհետեւ արդիւնքը կանխորոշուած է: Ան նշեց, որ իր կարծիքով, Գալուստ Սահակեան մեծ փորձառութիւն ունեցող անձնաւորութիւն է. ՀՅԴ երկար տարիներ աշխատած է անոր հետ եւ լաւ կը ճանչնան զիրար: Ըստ Ռուստամեանի` Սահակեան կանխատեսելի անձնաւորութիւն է եւ փորձառու, եւ ունի շատ...

962513347_Image

Խօսքի Ազատութեան Զօրակցական Հաւաք` Մամլոյ Սենտիքային Մէջ

Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին կողմէ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի փոխնախագահ Քարմա Խայեաթն ու «Ախպար» օրաթերթի խմբագրապետ Իպրահիմ Ամինը դատավարութեան կանչելու որոշումին լոյսին տակ, երէկ Մամլոյ սենտիքային մէջ տեղի ունեցաւ զօրակցական հաւաք մը, որուն ներկայ գտնուեցան մամլոյ եւ լսատեսողական միջոցներու ներկայացուցիչներ, երեսփոխաններ, պետական անձնաւորութիւններ եւ իրաւաբաններ: Ներկաները ընդգծեցին խօսքի ազատութեան եւ տեղեկատուութեան մարզի ազատ գործունէութեան անհրաժեշտութիւնը: «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի սեփականատէր եւ...

IMG_4409

Ճարտարարուեստի Մարզի Միութիւնը Ընտրեց Իր Նոր Վարչութիւնը. ՀՅԴ-ի Թեկնածու Նազարէթ Սապունճեան Վերընտրուեցաւ Վարչութեան Գանձապահ, Վարչութեան Մաս Կազմեց Նաեւ Լորանս Թիւֆենքճեան

Նազարէթ Սապունճեան Ճարտարարուեստի մարզի միութիւնը շաբաթավերջին կատարեց իր նոր վարչութեան ընտրութիւնը, որ տեղի ունեցաւ կատարեալ ժողովրդավարութեամբ: Ընտրութիւններուն ընթացքին մրցակցեցան գործարանատէրերու հիմնական երկու ցանկեր, որոնք էին` «Բոլորս ի խնդիր ճարտարարուեստին», որուն նախագահեց Ֆատի Ժեմայէլ եւ «Ճարտարարուեստի որոշում» ընտրացանկը, որուն նախագահեց Ռամեզ Պու Նատեր: Ընտրութիւններուն աւարտին յաղթանակեց  Ֆատի Ժեմայէլ (318 քուէ), որ դարձաւ միութեան նոր նախագահը: Սակայն քուէներուն մեծամասնութիւնը ստացան հայ թեկնածուները,...

2804souria-f

Տեղի Ունեցաւ «Համաձուլման Ճամբէքով» Խորագիրը Կրող Համագումարը

28 ապրիլին ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ «Համաձուլման ճամբէքով» խորագիրը կրող համագումարը, որ կազմակերպուած էր «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող խորհուրդ»-ին կողմէ: Նախաձեռնութեան նպատակն էր քննարկումներ կատարել եւ անոնց հիման վրայ ծրագիրներ առաջարկել Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ սուրիահայերու համարկումի հոլովոյթը արդիւնաւէտ դարձնելու ուղղութեամբ: Համագումարին մասնակցեցան տեղական եւ միջազգային կազմակերպութիւններու եւ հիմնադրամներու ներկայացուցիչներ, պետական այրեր, գիտնականներ, գործարարներ եւ հիւրեր: Համագումարին բացման խօսքով հանդէս...

four-ministers-f

Նախագահ Սարգսեան Չորս Նախարարներ Նշանակեց

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան շաբաթ օրուան իր հրամանագիրներով իրենց պաշտօններուն վրայ վերանշանակած է տարածքային կառավարման նախարար Արմէն Գէորգեանը, կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանը եւ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Արտեմ Ասատրեանը: Նախագահ Սերժ Սարգսեանի այլ հրամանագիրով մը Գագիկ Խաչատրեան նշանակուած է ելեւմուտքի նախարար` ազատ կացուցուելով կառավարութեան կից Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահի պաշտօնէն:  

8531E033-2F3A

Գալուստ Սահակեան Առաջադրուեցաւ Ազգային Ժողովի Նախագահի Թեկնածու

Շաբաթ, 26 ապրիլին, Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան Գերագոյն մարմինի նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ Ազգային ժողովի նախագահի թեկնածուի հարցը: Կուսակցութեան նախագահին առաջարկով միաձայնութեամբ որոշուեցաւ, որ երկուշաբթի, 28 ապրիլին, Ազգային ժողովի նիստին ընթացքին Ազգային ժողովի նախագահի թեկնածու պիտի առաջադրուի Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Գալուստ Սահակեան: Այս մասին կուսակցութեան Գերագոյն մարմինի նիստէն ետք յայտնեց կուսակցութեան մամլոյ բանբեր Էդուարդ Շարմազանով:  

Nalbandian_delegaton-of-Foreign-Policy-Society-of-Finland

Նալբանդեան Անդրադարձած Է Հայաստան-Թուրքիա Արձանագրութիւններուն

26 ապրիլին արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունած է Ֆինլանտայի հեղինակաւոր «Փաասիքիվի» արտաքին քաղաքական ընկերակցութեան պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ էին Ֆինլանտայի քաղաքական եւ հասարակական գործիչներ, դիւանագէտներ եւ վերլուծաբաններ: Նալբանդեան հիւրերուն ներկայացուցած է Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները, տարբեր երկիրներու եւ շրջաններու հետ գործընկերային յարաբերութիւններու զարգացման ուղղուած քայլերը, շրջանային խնդիրներ եւ անոնց լուծման վերաբերեալ Հայաստանի մօտեցումները, ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ...

Page 854 of 885 1 … 853 854 855 … 885