«Արցախը Չի Կրնար Տարածքային Փոխզիջման Տարբերակը Ընդունելի Նկատել» Կ՛ըսէ Դաւիթ Իշխանեան
Դաւիթ Իշխանեան ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան անընդունելի եւ մտահոգիչ նկատեց Միջազգային խաղաղութեան Քառնեկի հիմնադրամի կեդրոնատեղիին մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքի ելոյթը: Ըստ Դաւիթ Իշխանեանի, հակառակ այն հանգամանքին, որ ելոյթին մէջ չէ նշուած «Մատրիտեան սկզբունքներ» բառակապակցութիւնը, սակայն ատիկա բաց ենթահողով ներկայացուեցաւ հանրութեան, ամբողջ ելոյթին առանցքը կազմուած էր «Մատրիտեան սկզբունքներ»-ու հիման վրայ: «Դաշնակցութիւնը բազմիցս յայտարարած է,...



















