Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեսրոպեան Վարժարանին Մէջ. Երեւանի Պետական Համալսարան – Մեսրոպեան Վարժարան Համաձայնագիրի Փոխանակում

May 8, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

0705hamatsaymԵրեքշաբթի, 6 մայիս 2014-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Մեսրոպեան վարժարանի «Եսայեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Երեւանի պետական համալսարան – Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան համաձայնագիրի փոխանակման պաշտօնական արարողութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեանի, Հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ հայր Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեանի, վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստի, Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխտնօրէն դոկտ. Մհեր Յովհաննէսեանի եւ կրթական պատասխանատուներու ու ուսուցիչներու:

Արարողութեան առաջին խօսքը արտասանեց Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, որ նշեց, թէ օրը պատմական է, որովհետեւ պաշտօնապէս կը սկսի Երեւանի պետական համալսարան – Մեսրոպեան վարժարան գործակցութիւնը, որուն մեկնակէտն է փորձառութիւններու եւ տեղեկութիւններու փոխանակումը, հայագիտական դասանիւթերու ուսուցիչներու վերապատրաստումը, աշակերտներու յատուկ մրցումներու կազմակերպումն ու անոնց հայրենիքի մէջ ծրագիրներու իրականացումը, կրթադաստիարակչական ծրագիրներու բիւրեղացումը, Երեւանի պետական համալսարանի գործունէութեան ծանօթացումն եւ հայրենիքին մէջ ուսանելու կարելիութիւններու ուսումնասիրութիւնը:

Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ փրոֆ. Արամ Սիմոնեանին, դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեանին, դեսպան Աշոտ Քոչարեանին եւ բոլոր անոնց, որոնք մասնակից դարձան այս նախաձեռնութեան յաջողութեան:

Ապա խօսք առաւ դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեան, որ յայտնեց, թէ համաձայնագիրով Երեւանի պետական համալսարանը Մեսրոպեանին պէտք է ապահովէ համալսարանի հրատարակութիւնները, ինչպէս նաեւ պէտք է ձգտինք, որ Մեսրոպեանը դառնայ այն դարբնոցներէն մէկը, որ համալսարանին հետ գործակցաբար մատակարարէ ապագայ հայերէնի ու հայոց պատմութեան ուսուցիչներ:

Զոյգ խօսքերէն ետք, երկու կողմերը կատարեցին համաձայնագիրի փոխանակումը, որմէ ետք Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ 75-ամեակի յուշանուէրը յանձնեց Երեւանի պետական համալսարանի ներկայացուցիչին` դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեանին:

Այս առիթով իր շնորհաւորական ուղերձը փոխանցեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան պրն. Աշոտ Քոչարեան, որ նշեց, թէ այս համաձայնագիրը ունի նաեւ խորհրդանշական բնոյթ, որովհետեւ Երեւանի պետական համալսարանը առաջին անգամ ըլլալով կը ստորագրէ համաձայնագիր սփիւռքի կրթօճախի հետ: Դեսպանը նշեց, որ համաձայնագիրը կարեւոր հիմք է հետագայ արգասաբեր փոխադարձ գործակցութեան, հեռանկարային ծրագիրներու իրականացման:

Իսկ Հայր Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեան ըսաւ, որ Մեսրոպեան վարժարանը վերջին 20 տարիներուն արձանագրեց մեծ նուաճումներ կրթական եւ ազգային մակարդակներու վրայ, եւ այդ յաջողութիւններուն նորագոյնը այս համաձայնագիրն է:

Համաձայնագիրի ստորագրութենէն ետք, յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին, պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին հետ եւ ստացաւ հոգեւոր տիրոջ օրհնութիւնն ու շնորհաւորութիւնները:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ճաշի Հիւրը Եղաւ Պահրէյնի Թագաւորին

Յաջորդը

Մեսրոպեան Վարժարանին Մէջ. «Համացանցին Մէջ Արցախեան Հիմնահարցը` Հայկական Եւ Ազրպէյճանական Դիտանկիւններէն» Նիւթով Շահեկան Մամլոյ Լսարան

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.