Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուորլիք Կը Ներկայացնէ Խաղաղութեան Համաձայնագիրին Մաս Կազմելիք Վեց Տարրեր

May 8, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

0705James-WarlickԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք երէկ ելոյթ ունեցաւ Միջազգային խաղաղութեան Քառնեկի հիմնադրամի կեդրոնատեղիին մէջ եւ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղիներուն: Ան նշեց, որ կան վեց տարրեր, որոնք պէտք է խաղաղութեան համաձայնագիրին մաս կազմեն, որպէսզի ատիկա տեւական ըլլայ: Դեսպանը յայտնեց, որ այս տարրերուն հերթականութիւնը եւ անոնց վերաբերեալ մանրամասնութիւնները պէտք է անշուշտ որոշուին բանակցութիւններու միջոցով, սակայն անոնք պէտք է դիտարկուին իբրեւ անբաժանելի ամբողջականութիւն: Որոշ տարրեր պահելու, որոշ տարրեր դուրս ձգելու որեւէ փորձ անկարելի պիտի դարձնէ հաւասարակշռուած լուծման հասնիլը:

«Առաջին, հաշուի առնելով Լեռնային Ղարաբաղի բարդ պատմութիւնը, կողմերը պէտք է համաձայնութեան գան, որ վերջնական իրաւական կարգավիճակի որոշումը պէտք է իրականացուի փոխադարձաբար համաձայնեցուած եւ իրաւական ուժ ունեցող կամքի արտայայտման միջոցով ապագային: Ասիկա ընտրովի տարբերակ չէ: Միջանկեալ տարբերակը ժամանակաւոր պիտի ըլլայ», ըսաւ դեսպանը:

Իբրեւ երկրորդ կէտ ան նշեց, որ նախկին Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար Մարզի սահմաններուն մէջ գտնուող տարածքը, որ չի վերահսկուիր Պաքուի կողմէ, պէտք է ստանայ միջանկեալ կարգավիճակ, որուն համար առնուազն պէտք է ապահովուած ըլլան ապահովութեան երաշխիքներ եւ ինքնակառավարում:

Անդրադառնալով երրորդ կէտին` Ուորլիք ընդգծեց, որ Լեռնային Ղարաբաղը շրջապատող գրաւեալ տարածքները պէտք է վերադարձուին Ազրպէյճանի վերահսկողութեան: Ազրպէյճանի ինքնիշխանութեան նկատմամբ յարգանքի բացակայութեան պայմաններուն մէջ լուծում չի կրնար ըլլալ եւ Ազրպէյճանի ինքնիշխանութեան ճանաչումը այդ տարածքներուն նկատմամբ պէտք է վերականգնի:

Ուորլիք յայտնեց, որ չորրորդ կէտը կը վերաբերի Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղին կապող միջանցքին: Ըստ անոր, միջանցքը պէտք է բաւարար լայնութիւն ունենայ, որպէսզի ապահով անցում կատարուի, բայց ատիկա չի կրնար ընդգրկել Լաչինի ամբողջ շրջանը:

«Հինգերորդ, տեւական լուծման ներքեւ պէտք է ճանչցուի տեղահանուածներու եւ գաղթականներու իրենց նախկին բնակավայր վերադառնալու իրաւունքը: Եւ վերջապէս` վեցերորդ, լուծումով պէտք է ապահովուին անվտանգութեան միջազգային երաշխիքները, որոնք պիտի ներառէ խաղաղապահ գործողութիւն: Չկայ այնպիսի պարագայ, ուր խաղաղութիւնը ապահովուի առանց լաւ մշակուած եւ բոլոր կողմերուն վստահութիւնը վայելող խաղաղապահ գործողութեան», ըսաւ ամերիկացի դեսպանը:

Ճէյմս Ուորլիք նշեց, որ ժամանակն է, որպէսզի կողմերը յանձնառութիւն ստանձնեն ձեռնամուխ ըլլալու խաղաղութեան բանակցութիւններուն` հիմք ընդունելով մինչեւ այսօր կատարուած աշխատանքը: Ըստ անոր, անիրատեսական է կարծել, որ ժամանակ առ ժամանակ տեղի ունեցող հանդիպումները ինքնին բաւարար են տեւական խաղաղութիւն հաստատելու համար:

«Երբ այս բանակցութիւնները սկսին, կողմերը ոչ միայն պէտք է վերահաստատեն զինադադարը պահպանելու իրենց յանձնառութիւնը, այլ նաեւ պէտք է ձեռնարկեն երկար սպասուած եւ յոյժ անհրաժեշտ ապահովութեան համար վստահութեան ձեւաւորման միջոցներու: Երբ մենք խաղաղութեան բանակցութիւններուն լծուինք, աւելի շատ գործնական հարցեր կրնանք ներկայացնել, որոնցմէ պիտի շահին բոլոր կողմերը: Պիտի ձեւաւորուին տնտեսական եւ առեւտրական խթաններ, պիտի վերականգնուին ուժանիւթի, փոխադրամիջոցներու եւ հեռահաղորդակցութեան կապերը, պիտի ըլլան ուղեւորութիւններ եւ ժողովուրդներու միջեւ շփումներ ապահովող ծրագիրներ, որոնք պիտի սկսին հակակշիռ ապահովել ներկայիս գերակայող վտանգաւորութեան աստիճանի հասնող միակողմանի պատմութիւններուն», ըսաւ ան:

Ամերիկացի համանախագահը ընդգծեց, որ Մինսքի խմբակի համանախագահները կը համախմբէ խնդիրին խաղաղ լուծման հասնելու հարցին մէջ կողմերուն օգնելու ընդհանուր նպատակը:

«Մենք մտադիր ենք աշխատիլ Մինսքի խմբակի շրջագիծին` իբրեւ տագնապի լուծման հիմնական օղակ: Միացեալ Նահանգներ եւ Ռուսիա Ֆրանսայի հետ միասին ընդհանուր յանձնառութիւն ստանձնած են Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղութեան եւ ապահովութեան մասով: Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են օգնելու եւ ընելու իրենց կարելին: Մենք նաեւ կոչ կ՛ուղղենք Միացեալ Նահանգներու եւ աշխարհի այլ երկիրներուն մէջ գտնուող սփիւռքի համայնքներուն զօրակցելու խաղաղութեան հաստատման եւ օգնելու վերջակէտ դնելու այս տագնապին: Անշուշտ, առաջին քայլին ձեռնարկելը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի կառավարութիւններուն խնդիրն է: Անոնք պէտք է դիտարկեն այն միջոցները, նոյնիսկ միակողմանի միջոցները, որոնք ցոյց կու տան յառաջընթացի իրենց մղումը, լարուածութիւնը թուլացնելու եւ բանակցային մթնոլորտը բարելաւելու յանձնառութիւնները: Անոնք պէտք է կրճատեն թշնամական հռետորաբանութիւնը եւ բնակչութեան նախապատրաստեն խաղաղութեան եւ ոչ թէ պատերազմի», ըսաւ ան:

Ըստ ամերիկացի դիւանագէտին, տեւական լուծման գծով անբաժանելի եւ ոչ նուազ կարեւոր են ազրպէյճանցիներու եւ հայերու միջեւ կապեր, շփումներ ապահովող ժողովրդական դիւանագիտութեան ջանքերը: Այս տեսակի ծրագիրները կրնան օգնել երկու երկիրներու քաղաքացիներուն` պատրաստուելու խաղաղութեան եւ հաշտուելու անցեալի ցաւերուն հետ:

 

Նախորդը

«Ուորլիքի Յայտարարութեան Մէջ Ղարաբաղը Անտեսուած Է» Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Այցելեց Նուհատ Մաշնուքի

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.