Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հալէպի Մէջ Դարձեալ Ծանր Վիճակ. Ռմբակոծումներու Պատճառով Վիրաւորներ Կ՛արձանագրուին

May 3, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

0304halebՀալէպի տեղեկատուական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ 1 մայիսի երեկոյեան Հալէպի Սուլէյմանիյէ թաղամասը հրասանդէ արձակուած հրթիռներու թիրախ դարձած է: Երկու հրասանդ ինկած է մարդաշատ Քելլես թաղամասին մէջ: Վիրաւորներու շարքին են երեք հայեր: Կարպիս Կապայեան վիրաւորուած է գլուխէն, Րաֆֆի Պալեան թեթեւ վէրքեր ստացած է ոտքէն, իսկ անոր որդին` Կարօ Պալեան, բաւական ծանր վէրքեր ստացած է:

Վիրաւորները անմիջապէս փոխադրուած են հիւանդանոց, եւ անոնց անհրաժեշտ բժշկական օգնութիւն ցուցաբերուած է: Աղբիւրը նաեւ կը տեղեկացնէ, որ 30 ապրիլին դարձեալ ռմբակոծման պատճառով վիրաւորուած է Գրիգոր Ալքճեան:

Բացի ատկէ, տեղեկութիւններ կան նաեւ, որ Հալէպի մէջ արդէն 30 ժամէ ի վեր ելեկտրականութիւն չկայ, որուն պատճառով քաղաքին մէջ վերսկսած է ջուրի տագնապը:

Միւս կողմէ, Հալէպի «Գանձասար» թերթի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան կը տեղեկացնէ, որ երէկ` ուրբաթ, 2 մայիս 2014-ին, յետմիջօրէի ժամը 6:00-ին Հալէպի Վիլլաներ եւ Շէյխ Թահա շրջաններուն մէջ երկու հրասանդերու  պայթումին պատճառով արձանագրուեցան վիրաւորներ: Արձանագրուեցան նիւթական վնասներ: Հրշէջներ փութացին մարել պայթումին պատճառով բռնկած հրդեհ մը, իսկ շրջանի բնակիչները վիրաւորները անմիջապէս փոխադրեցին հիւանդանոց:

Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ Վիլլաներու, Ազիզէի եւ Նոր Գիւղի շրջաններուն մէջ հրասանդներ եւ կազի շիշեր տեղացին:

Անոնցմէ մէկը ինկաւ «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տան դիմացը գտնուող շէնքին վրայ, երկու քաղաքացիներ վիրաւորուեցան եւ նիւթական մեծ վնասներ արձանագրուեցան:

Գրեթէ նոյն ժամերուն Նոր Գիւղի «Տիգրանեան» պարտէզին մէջ ինկաւ կազի շիշ մը, որուն պատճառով բարեբախտաբար թեթեւօրէն վիրաւորուեցան Բենօ Փիլաւճեանն ու Լեւոն Յովհաննէսեան:

 

Նախորդը

Պաղտատի «Գոյամարտ»-ի Հաւաքածոն Հասած Է «Ազդակ» Եւ Շուտով Կը Թուայնացուի

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Լիբանանահայութիւնը Արժանի Տօնակատարութեամբ Նշեց ՀՅԴ-ի 136-Ամեակը
Գաղութային

Լիբանանահայութիւնը Արժանի Տօնակատարութեամբ Նշեց ՀՅԴ-ի 136-Ամեակը

November 28, 2026
9 Նորագիրներ Միացան ՀՅ Դաշնակցութեան Շարքերուն
Գաղութային

47 Նորագիրներ Միացան Դաշնակցութեան Շարքերուն` Կոչուելով «Արարատ»-ի Սերունդ

November 28, 2026
Համազգայինը Կը Մեծարէ Հայ Ճեմարանի Վաստակաշատ Կրթական Մշակները
Գաղութային

Համազգայինը Կը Մեծարէ Հայ Ճեմարանի Վաստակաշատ Կրթական Մշակները

November 28, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։