Խորհրդարանը Առաջին Ընթերցումով Ընդունեց Կուտակային Կենսաթոշակային Օրէնքին Կառավարութեան Առաջարկած Նախագիծը. Դաշնակցութիւնը Ձեռնպահ Կը Քուէարկէ
Երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովի նիստին քուէարկութեան դրուեցաւ կառավարութեան ներկայացուցած` կուտակային կենսաթոշակային օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին օրէնքի նախագիծը առաջին ընթերցումով ընդունելու հարցը: Կառավարութեան առաջարկած նախագիծը առաջին ընթերցումով ընդունուեցաւ: Նախքան քուէարկութիւնը քաղաքական խմբակցութիւններուն ներկայացուցիչները ելոյթ ունեցան եւ ներկայացուցին իրենց դիրքորոշումները: ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը միշտ ալ դէմ եղած է պարտադիր բաղադրիչին, եւ կառավարութեան ներկայացուցած նախագիծին մէջ քաղաքացիին...


















