Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լը Տրիանի Հետ Հանդիպումին. «Յարձակումները Դադրեցնելու Համար Իսրայէլի Վրայ Ֆրանսական Կամ Ամերիկեան Որեւէ Ճնշում Պիտի Նպաստէ Բանակի Ծրագիրի Ամբողջացման» Կ՛ըսէ Աուն

Սեպտեմբեր 12, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Ֆրանսայի նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, նախկին նախարար Ժան Իւ Լը Տրիանը եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց «Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին` լիբանանեան բանակին աջակցութեան եւ վերաշինութեան երկու խորհրդաժողովներու պատրաստութեան մէջ ունեցած դերակատարութեան համար»:

Նախագահը փոխանցեց, որ Լիբանան կը շարունակէ տնտեսական ու ելեւմտական բարեկարգումները, ոչ միայն անոնց` միջազգային պահանջ մը ըլլալնուն համար, այլ հաստատ լիբանանեան համոզում է, որ այդ բարեկարգումները տնտեսական վերականգնման հոլովոյթին հիմնական մուտք են:

Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Հերվէ Մակրոյի ներկայութեամբ ժողովին ընթացքին հանրապետութեան նախագահը ըսաւ, որ կառավարութիւնը` դրամատնային գաղտնիութեան, դրամատուներու վերադասաւորման եւ այլ քայլերու վերաբերեալ օրէնքներու որդեգրումէն ետք, աշխատանք կը տանի այս ամիս ամբողջացնել ելեւմտական բացի օրինագիծը եւ զայն քննարկման ու վաւերացման համար խորհրդարանին փոխանցել:

«Լիբանան քանի մը անգամ պահանջեց Իսրայէլը ստիպել յարգելու անցեալ 27 նոյեմբերին յայտարարուած համաձայնութեան, սակայն բոլոր կոչերը որեւէ ընդառաջում չգտան իսրայէլեան կողմէն, որ շարունակեց Լիբանանի վրայ իր յարձակումները, եւ մինչեւ այս պահս լիբանանցի գերիներէն ոչ մէկը վերադարձուեցաւ, իսկ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը չգործադրուեցաւ», դիտել տուաւ Աուն:

«Լիբանանի դէմ թշնամական արարքները դադրեցնելու միջազգային ընտանիքին կամքին ընդառաջելու համար Իսրայէլի վրայ ֆրանսական կամ ամերիկեան որեւէ ճնշում պիտի նպաստէ ամբողջացման բանակին մշակած ապահովական ծրագիրին, զոր նախարարաց խորհուրդը անցեալ շաբաթ ողջունեց», շեշտեց հանրապետութեան նախագահը:

«Բանակը լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ եւ սահմաններուն երկայնքին իր աշխատանքը կը շարունակէ, անցարգելներ ու խուզարկման կէտեր կը հաստատէ, եւ ոեւէ կողմի պատկանող զէնք ու զինամթերք գրաւելու խիստ հրամաններ ունի», ըսաւ ան:

Աուն վերահաստատեց, որ Լիբանան շնորհակալ է նախագահ Մաքրոնին եւ ֆրանսական դիւանագիտութեան` ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու առաքելութիւնը մէկ տարի եւ չորս ամիսով իբրեւ գործնական ուժ երկարաձգման եւ հարաւէն հեռանալու սկսելու համար ամբողջ տարուան մը ճշդման ապահովման մէջ ունեցած դերակատարութեան համար: Ան նշեց, որ այդ ժամանակամիջոցը պիտի արտօնէ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու կանոնաւոր հեռացումը եւ բանակին անհրաժեշտ ժամանակ պիտի տայ իր կարողութիւնները աւելցնելու, «մանաւանդ եթէ իսրայէլացիները հեռանան եւ իրենց յարձակումները դադրեցնեն»:

«Կառավարութիւնը իր պարտաւորութիւնները ամբողջական կերպով կը կատարէ, եւ Լիբանան անհամբեր կը սպասէ բանակին աջակցութեան եւ վերաշինութեան ու տնտեսական վերականգնման երկու խորհրդաժողովներու գումարման` նկատի ունենալով անոնց ունենալիք դրական ազդեցութիւնը, մանաւանդ որ կը տեսնենք, թէ բանակին աջակցութիւնը հաւասար կարեւոր է վերաշինութեան, որովհետեւ բանակին ու զինեալ ուժերուն ապահովութեան ու կայունութեան պահպանման դերակատարութիւնը վերաշինութեան ու տնտեսական վերականգնման յարմար մթնոլորտ կ՛ապահովեն», աւելցուց հանրապետութեան նախագահը:

Ան նաեւ շեշտեց, որ լիբանանցիներուն միջեւ միասնականութիւնը հաստատ է, եւ կարեւոր է. այս գծով վախ չկայ: Նախագահը յայտնեց, որ կարգ մը քաղաքական հարցերու վերաբերեալ տեսակէտներու տարբերութիւնը բնական է ժողովրդավարական համակարգերու մէջ, սակայն հաստատօրէն ոչ ոք աշխատանք կը տանի ճակատագրական թեմաներու եւ ազգային սկզբունքներու նկատմամբ լիբանանեան միասնական դիրքորոշման մէջ խզում յառաջացնել:

Լը Տրիան նախագահին փոխանցեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի ողջոյնները եւ հաւաստումը, թէ բոլոր ոլորտներու մէջ Լիբանանի նկատմամբ ֆրանսական աջակցութիւնը կը շարունակուի, մասնաւորաբար` միջազգային երկու խորհրդաժողովներու գումարման:

Ան ներկայացուց Սէուտական Արաբիոյ մէջ մէկ օր առաջ իր ունեցած հաղորդակցութիւններուն քաջալերական արդիւնքները` նշելով, որ 5 օգոստոսին եւ 5 սեպտեմբերին որդեգրուած քայլերը, ներառեալ զէնքի մենաշնորհման վերաբերեալ լիբանանեան բանակին մշակած ծրագիրը, տնտեսական ու ելեւմտական ոլորտներու մէջ որդեգրուած բարեկարգչական օրէնքները դրական քայլեր են, որոնք պիտի նպաստեն տարբեր ոլորտներու մէջ Լիբանանի նկատմամբ արտաքին աջակցութեան յաւելման:

Ֆրանսացի պատուիրակը նախագահական պալատէն հեռացաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:

Ան նաեւ այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի եւ շրջանին մէջ զարգացումներուն, քաղաքական նորութիւններուն եւ Լիբանանի ու Ֆրանսայի երկկողմանի յարաբերութիւններուն:

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ իր կարգին վարչապետարանին մէջ ընդունեց ֆրանսացի պատուիրակը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանին, եւ անոր ներկայացուց կառավարութեան զէնքի մենաշնորհման վերջին որոշումներէն ետք Լիբանանի ընդհանուր կացութիւնը` ընդգծելով. «Այս երթը դարձաւ ազգային անդառնալի ընտրանք մը»:

Վարչապետը ծանօթացուց կառավարութեան յառաջիկայ փուլի աշխատանքի առաջնահերթութիւնները, որոնք հիմնուած են երեք  առանցքի վրայ` վերաշինութեան ու տնտեսական վերականգնման, լիբանանեան բանակի աջակցութեան խորհրդաժողովին եւ ներդրումի «Պէյրութ 1» խորհրդաժողովին:

Սալամ նշեց, որ այդ առանցքները իրարու կապուած են եւ զիրար կ՛ամբողջացնեն, որովհետեւ առանց ապահովական կայունութեան կարելի չէ տնտեսական վերականգնում կատարել, եւ կայունութիւն չկայ, առանց հզօր հաստատութիւններու եւ ներդրումներ ներգրաւող մթնոլորտի: «Այս երեք առանցքներու յաջողութիւնը կը կարօտի Ֆրանսայի, ինչպէս նաեւ արաբական եւ միջազգային աջակցութեան», շեշտեց ան:

Լը Տրիան իր կարգին շնորհաւորեց լիբանանեան կառավարութիւնը «պետութեան գերիշխանութիւնը տարածելու համար անոր որդեգրած քայլերուն համար»` ընդգծելով, որ Ֆրանսան նշեալ երեք առանցքներուն մէջ կ՛աջակցի Լիբանանի:

Ան նաեւ կեդրոնացաւ ելեւմտական ու տնտեսական բարեկարգումները արագացնելու կարեւորութեան վրայ, մասնաւորաբար` խորհրդարանին ելեւմտական բացի օրինագիծի փոխանցման եւ Միջազգային ելեւմտական ֆոնտին հետ դէպի համաձայնութիւն յառաջ ընթանալու կարեւորութեան` նկատի ունենալով, որ այդ երկուքը միջազգային ընտանիքին վստահութիւն ամրապնդելու կարեւոր նախաքայլեր են:

Սալամ այս առումով նշեց, որ կառավարութիւնը այս ամիս օրինագիծը պիտի քննարկէ եւ խորհրդարանին փոխանցէ:

«Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ համաձայնութեան գոյացումը տակաւին կառավարութեան առաջնահերթութիւններուն պարագլուխն է», նշեց վարչապետը:

Նախորդը

Նախարարաց Խորհուրդի Նիստ

Յաջորդը

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Պատուիրակութիւնները Հանդիպած Են Սիւնիքի Մարզի Եւ Զանգելանի Շրջանի Հարաւային Մասերուն Մէջ

RelatedPosts

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Գարակէօզեան» Հաստատութիւն
Գաղութային

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Գարակէօզեան» Հաստատութիւն

Հոկտեմբեր 7, 2025
Թրամփ. «Համասի Հետ Բանակցութիւնները Չափազանց Յաջող Էին Եւ Արագօրէն Յառաջ Կ՛ընթանան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Համասի Հետ Բանակցութիւնները Չափազանց Յաջող Էին Եւ Արագօրէն Յառաջ Կ՛ընթանան»

Հոկտեմբեր 7, 2025
Թեհրան. «Կը Զօրակցինք Պաղեստինցիներուն Որդեգրած Որեւէ Որոշումի, Որ Ցեղասպանութեան Դադրեցման Եւ Իսրայէլեան Ուժերու Կազայէն Հեռացման Կը Յանգեցնէ»
Գլխաւոր լուրեր

Թեհրան. «Կը Զօրակցինք Պաղեստինցիներուն Որդեգրած Որեւէ Որոշումի, Որ Ցեղասպանութեան Դադրեցման Եւ Իսրայէլեան Ուժերու Կազայէն Հեռացման Կը Յանգեցնէ»

Հոկտեմբեր 7, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?