Լիբանանեւպաղեստինեան երկխօսութեան յանձնախումբը երէկ յայտարարեց. «Պտտաուի եւ Այն Հըլուէ գաղթակայաններէն զէնքերու յանձնումը կը սկսի վաղը եւ կը տեւէ երեք օր»:
Յանձնախումբը «Հատաս» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է. «Իր զէնքը յանձնելու համար Համասի հետ երկխօսութիւնը կը շարունակուի»:
«Կը նախատեսենք, որ թղթածրարը ամսուան վերջը փակուի», աւելցուց Լիբանանեւպաղեստինեան երկխօսութեան յանձնախումբը:
«Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին երէկ հաղորդեց. «Լիբանանեան բանակը վաղը առաւօտեան Պտտաուի գաղթակայանէն պաղեստինեան զէնքի նոր քանակ մը կը ստանձնէ»: