Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հետ Հանդիպումին Ընթացքին. Ֆրանչիսկոս Պապը Անդրադարձած Է Հայոց Ցեղասպանութեան

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը Վատիկանի մէջ հանդիպում ունեցած է Ֆրանչիսկոս պապին հետ: Վեհափառը պապին յիշեցուցած է, որ Միջին Արեւելքը լուրջ տագնապներէ կ՛անցնի, եւ անոնց հետեւանքները եկեղեցիներու կեանքին ու վկայութեան համար յաճախ մտահոգիչ են: Ան ըսած է, որ հակառակ այս իրողութեան, եկեղեցիները կը մնան ամրօրէն կառչած Միջին Արեւելքին եւ հաւատարիմ իրենց քրիստոնէական վկայութեան ու քաղաքացիական պարտաւորութիւններուն եւ իրաւունքներուն: Անդրադառնալով...

SSargsian_Erdogan-f

Ակնարկ. Փոխառաջարկ Եւ Առերեսուելու Հրաւէր

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովի չորրորդ նիստին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի բացման խօսքին մէջ համեմատաբար աւելի ուշագրաւ է հետեւեալ բաժինը. «Պաշտօնական Անգարան կը շարունակէ խօսիլ պատմաբաններու յանձնաժողով ստեղծելու եւ արխիւները բանալու մասին: Նախ եւ առաջ յայտնի է, որ Հայաստանի արխիւները միշտ բաց եղած են բոլոր այն հետազօտողներուն համար, որոնց հետաքրքրած է հարցի գիտական մասը: Բայց ամբողջ եղած...

լօ1-f

Յայտարարութիւն

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը Հալէպում Հակահայ Արարքների Մասին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոն դատապարտում է Հալէպի հայաբնակ թաղամասերի վրայ վերջին օրերին հետզհետէ ուժգնացող յարձակումները: Արդէն կասկած չի մնում, որ Սիրիայի իշխանութիւններին իբրեւ ընդդիմութիւն հանդէս եկող ուժերի թիրախը բացառապէս հայաբնակ թաղամասերն են: Կան փաստեր, որ Հալէպի հայաբնակ թաղամասերի վրայ սաստկացած յարձակումները խրախուսւում են յատկապէս Թուրքիայի կողմից: Դիմում ենք ընդդիմադիր այդ ուժերի վրայ ազդեցութիւն...

0406halep1

Հաղորդագրութիւն. Կոչ Համայն Հայութեան

Այսու Հալէպի Նոր Գիւղի շրջանը կը յայտարարենք ԱՂԷՏԵԱԼ ԳՕՏԻ: Կոչ կ՛ուղղենք համայն հայութեան, որ բոլոր միջոցներով սատար հանդիսանայ ի նպաստ այս անմարդկային հրթիռաձգութեան անմիջական կասեցման, յանուն աղէտահար ժողովուրդին ֆիզիքական անվտանգութեան ապահովման:  ՀԱԼԷՊԻ ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ 4 յունիս, 2014

10368976_10152573320828714_951144461368478147_o

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մտահոգ Հալէպի Մէջ Ստեղծուած Կացութեամբ` Կապ Կը Պահէ Սուրիոյ Պետութեան Պատասխանատուներուն Հետ

Երէկ, Վատիկանի մէջ, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան վեհափառ հայրապետը մանրամասնօրէն տեղեակ պահեց վերջին երկու օրերուն Հալէպի, մասնաւորաբար Նոր Գիւղի շրջանի հայահոծ թաղամասերուն մէջ կատարուած սարսափելի ռմբակոծումներուն մասին: Վեհափառ հայրապետը անմիջապէս հեռաձայնային կապեր հաստատեց Սուրիոյ պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ, ինչպէս նաեւ օտար միջնորդութիւններու ճամբով ընդդիմադիր շրջանակներու ներկայացուցիչներու հետ, որպէսզի կարելի բոլոր միջոցներով առաջքը առնուին դէպի հայահոծ շրջաններ կատարուող...

0306Burkhalter-Aliyev

ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Կոչ Ուղղած Է Վերջ Տալու Հայ-Ազրպէյճանական Թշնամանքին

Պուրքհալթեր եւ Ալիեւ Շուէտական «Տը Լոքըլ» կայքը կը հաղորդէ, որ Զուիցերիոյ նախագահ, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ Տիտիէ Պուրքհալթեր Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի կոչ ուղղած է ջանքեր գործադրելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին խաղաղ լուծում տալու համար: Պաքու կատարած այցելութեան ծիրին մէջ Պուրքհալթեր նաեւ կոչ ուղղած է կողմերուն պահպանելու զինադադարի համաձայնագիրը: Զուիցերիոյ նախագահը առաջարկած է Փարիզի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ կատարել հանդիպում մը,...

020614SahmanHarav–Info

Սահակեան. «Այսուհետեւ Եւս Պիտի Կատարուի Ամէն Ինչ Արցախի Սահմանները Ամուր Պահելու Համար»

Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան նախանցեալ օր այցելեց հանրապետութեան հարաւարեւելեան սահմանագիծ եւ այնտեղ ծանօթացաւ պաշտպանական համակարգի վիճակին:   Նախագահ Սահակեան «Արիութեան համար» եւ «Մարտական ծառայութիւն» մետալներ յանձնեց խումբ մը զինուորներու` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի մարտական դիրքերուն ուղղութեամբ թշնամիի ոտնձգութիւնները կասեցնելու եւ արժանի հակահարուած տալու համար: Նախագահ Բակօ Սահակեան ընդգծեց, որ այսուհետեւ եւս պիտի կատարուի ամէն ինչ` պետութեան սահմանները ամուր եւ ապահով...

0306salam_jim

«Եթէ Լիբանանի Դէմ Ծառացող Մարտահրաւէրները Չդիմագրաւենք, Ապա Լիբանանը Պիտի Չըլլայ Այն Երկիրը, Որ Մենք Այսօր Կը Ճանչնանք» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

Քիմ, վարչապետ Սալամ եւ Խալիլ Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Միջազգային դրամատան նախագահ Ճիմ Եոնկ Քիմը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլիի: Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած այսօրուան գլխաւոր մարտահրաւէրը ամէնէն մօտիկ ապագային ընտրութիւններու կազմակերպումն...

0306Syria

Սուրիոյ Մէջ Նախագահական Ընտրութիւնը Աւարտեցաւ

Պաշշար եւ Ասմա Ասատները կը քուէարկեն Սուրիոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ նախագահական ընտրութիւն, որուն առաջադրուած էին երեք թեկնածուներ` գործող նախագահ Պաշշար Ասատ, խորհրդարանի անդամ Մահեր Հաժժար եւ նախկին նախարար ու երեսփոխան Հասան Ապտալլա Նուրի: Սուրիոյ Ընտրական կեդրոնական մարմինը յայտարարեց, որ 22.4 միլիոն բնակչութեան տէր երկրին մէջ քուէարկելու իրաւունք ունի շուրջ 15.8 միլիոն անձ: Քուէարկութիւնը տեղի ունեցաւ Սուրիոյ 14 նահանգներէն 13-ին...

Hamaz-logo-f

Հաղորդագրութիւն

Համազգայինի հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը իր Է. Պատգամաւորական ժողովին բացումը կատարեց Երեւանի մէջ 29 մայիս 2014-ին` ներկայութեամբ 16 շրջաններ ներկայացնող պատգամաւորներու, Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի եւ սփիւռքի նախարարներուն, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր ու արտակարգ դեսպանին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին, Երեւանի պետական համալսարանի նախագահին, ՀՄԸՄ-ի, ՀՕՄ-ի եւ «Արարատ» միութեան ներկայացուցիչներուն եւ հայրենի մտաւորականներու: Իրերայաջորդ չորս օրերու վրայ երկարող 13 նիստերով ժողովը...

6588_b

Նախագահ Սարգսեան. «Նազարպայեւի Յայտարարածը Տհաճ Էր, Բայց Որեւէ Վնաս Չի Կրնար Մեզի Հասցնել»

Ասթանայի մէջ Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւի յայտարարութիւնը «տհաճ էր, բայց ատիկա որեւէ վնաս չի կրնար մեզի հասցնել», յայտարարեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան: Իշխող Հանրապետական կուսակցութեան երիտասարդական կազմակերպութեան հերթական հաշուետու հաւաքի մասնակիցներուն հետ Ծաղկաձորի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին, պատասխանելով երիտասարդ հանրապետականներէն մէկուն հարցումին, թէ ի՞նչ կարծիք ունի Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի միանալու հոլովոյթին վերաբերեալ` նկատի առնելով Ասթանայի մէջ Նազարպայեւի կողմէ...

0206Syria

Այսօր Նախագահական Ընտրութիւն` Սուրիոյ Մէջ

Սուրիոյ մէջ այսօր տեղի կ’ունենայ նախագահական ընտրութիւն: Իտալական «Լ’Էսփրեսօ» օրաթերթը երէկ անդրադառնալով ընտրութեան նախագահ Պաշշար Ասատի յաղթանակը նախատեսեց` աւելցնելով, որ վարչակարգը «երթանք ընտրական կեդրոններ, որպէսզի կառուցենք Սուրիոյ յաղթանակը» կարգախօսով կը փորձէ ոչնչացնել ընտրութիւնները պոյքոթի ենթարկելու ուրուականը: Վարչակարգն ու 23 միլիոն սուրիացիներ, որոնցմէ 9 միլիոնը իրենց տուներէն հեռու է, չեն կասկածիր, որ 48 տարեկան Ասատ 3¬րդ անգամ ըլլալով պիտի ստանձնէ նախագահի...

0206BKERKE-PH–EMILE-EID–2

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Ռայի Պատրիարքին Եւ Պապական Նուիրակին Հետ

Արամ Ա. կաթողիկոս եւ Ռայի պատրիարքը Երկուշաբթի, 2 յունիս 2014-ի առաւօտուն, Վատիկան մեկնելէ առաջ Արամ Ա. կաթողիկոս հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի եկեղեցւոյ Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ: Պատրիարքը ողջունեց վեհափառին այցելութիւնը Վատիկան` շեշտելով անոր ձգելիք դրական արձագանգը Լիբանանի եւ ընդհանրապէս շրջանի քրիստոնէութեան կեանքին մէջ: Պատրիարքը նաեւ վեհափառ հայրապետին փոխանցեց իր տպաւորութիւնը եւ արժեւորումը սրբազան քահանայապետին Երուսաղէմ կատարած այցելութեան գծով: Ինչպէս ծանօթ...

լօ1-f

ՀՅԴ Արցախի Կենտրոնական Կոմիտէի Յայտարարութիւնը

Շաբաթ օր ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէն հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձաւ 29 մայիսին Ասթանայի մէջ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութեան համար Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւի` Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցած պահանջին: Ստորեւ` յայտարարութիւնը: Սոյն թուականի մայիսի 29-ին Ասթանայում Հայաստանին Եւրասիական Միութեանն անդամակցելու կապակցութեամբ Ղազախստանի նախագահ Նազարպայեւի միջոցով հնչած կոշտ պայմանը, մտահոգութեան առիթ է դարձել հայկական քաղաքական շրջանակներում: 2013 թուականի սեպտեմբերի 3-ին Մոսկուայում...

3005Armen-Rustamian

Ըստ Ռուստամեանի «Որեւէ Իշխանութիւն Չի Համաձայնիր Եւրասիական Միութեան Անդամակցիլ Առանց Ղարաբաղի»

Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան, լրագրողներուն խօսելով Ասթանայի մէջ տեղի ունեցած չորս երկիրներու հանդիպման եւ Հայաստանի վերաբերեալ Նուրսուլթան Նազարպայեւի յայտարարութեան մասին, նշեց, որ որեւէ անակնկալ չէ տեսած այդ քաղաքական իրադարձութիւններուն մէջ, եւ յստակ էր, որ Ղազախստան պիտի արտայայտուի իբրեւ Ազրպէյճանի ու Թուրքիոյ շահերու պաշտպան` իրականացնելով համապատասխան լոպիինկը, որովհետեւ Նազարպայեւ քանի մը անգամ տուած է առիթներ` այդպէս կարծելու:...

0106hmem

ՀՄԸՄ-ի Մշտանորոգ Կենսունակութեան Ընդմէջէն Լիբանանահայութիւնը Վերանորոգեց Իր Նուիրաբերումն Ու Հաւատարմութիւնը Մայիս 28-ի Խորհուրդին

1 յունիս 2014-ը կրկին համախմբումի օր էր լիբանանահայութեան համար, համախմբում` մայիսեան փառապանծ յաղթանակին շուրջ` անկէ փոխանցուած հպարտութեամբ լիանալու, անկէ պատգամ ու կտակ քաղելու նպատակով, համախմբում` ՀՄԸՄ-ի շուրջ` սփիւռքի տարածքին հայրենիք եղած այդ միութեան եւ անոր նշանաբանին հաւատարիմ մնալու ուխտը վերանորոգելու ու անոր շարքերուն մէջ գործած ու գործող նուիրեալներուն  երախտագիտութիւն յայտնելու նպատակով: Լիբանանահայութիւնը անգամ մը եւս խիտ շարքերով եկած էր Պուրճ...

0106Hokehankisd1

Ֆրըն Շըպպեքի Եւ Պուրճ Համուտի Ազգային Գերեզմանատուներուն Մէջ . Հոգեհանգստեան Արարողութիւն Եւ Յարգանքի Տուրք` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Կերտիչներու Յիշատակին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Քարոզչական մարմինին, «Քրիստափոր» եւ «Ռոստոմ» կոմիտէութիւններուն կազմակերպութեամբ երէկ կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Հայաստանի Ա. հանրապետութեան կերտիչներէն ոմանց դամբարանները ընդգրկող Ֆրըն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ հաւաք-հոգեհանգստեան արարողութիւն, որուն նախագահեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան` մասնակցութեամբ Լիբանանի թեմի քահանայից դասի անդամներուն: Հոգեհանգստեան արարողութիւններէն ետք,  ծաղկեպսակներ զետեղուեցան Արշակ Յովհաննէսեանի` Հայաստանի խորհրդարանի անդամ, Մուշեղ Աւետիսեանի`  խմբապետ Մուշեղ...

3105fanar

Ազգային Սուրէն Խանամիրեան Քոլեճին Մէջ. Մայիսեան Յաղթանակին Նուիրուած Ժողովրդային Եզրափակիչ Տօնախմբութիւն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Քարոզչական մարմինին եւ «էտկար Ակնունի», «Սողոմոն Թեհլիրեան» եւ «Շուշի» կոմիտէութիւններուն կազմակերպութեամբ շաբաթ, 31 մայիս 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:20-ին, Ֆանարի Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճի բակին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային տօնախմբութիւն` նշելու համար Հայաստանի Ա. հանրապետութեան անկախութեան 96-րդ տարեդարձը: Նախքան պաշտօնական ձեռնարկը` Ֆանարի ժողովրդային տուներու շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ ցուցահանդէս-վաճառք մը, որուն մասնակցեցան ՀՅԴ «Կոմս» պատանեկան միութիւնը, ՀՅԴ...

3005nazarbaev

Ասթանայի Մէջ Նիստի Ընթացքին. Նազարպայեւ Կարդացած Է Ալիեւի Նամակը

Նուրսուլթան Նազարպայեւ 29 մայիսին Ասթանայի մէջ Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի նիստին ընթացքին Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ կարդացած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի նամակը, որուն մէջ վերջինս կը նշէ, որ Հայաստան կրնայ միանալ Եւրասիական տնտեսական միութեան այն սահմաններով, որոնցմով ան մուտք գործած է Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութիւն: Ան Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի դիմելով ըսած է. «Խնդիր...

Page 848 of 885 1 … 847 848 849 … 885