Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան նախանցեալ օր այցելեց հանրապետութեան հարաւարեւելեան սահմանագիծ եւ այնտեղ ծանօթացաւ պաշտպանական համակարգի վիճակին: Նախագահ Սահակեան «Արիութեան համար» եւ «Մարտական ծառայութիւն» մետալներ յանձնեց խումբ մը զինուորներու` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի մարտական դիրքերուն ուղղութեամբ թշնամիի ոտնձգութիւնները կասեցնելու եւ արժանի հակահարուած տալու համար:
Նախագահ Բակօ Սահակեան ընդգծեց, որ այսուհետեւ եւս պիտի կատարուի ամէն ինչ` պետութեան սահմանները ամուր եւ ապահով պահելու ուղղութեամբ: Արցախի նախագահին կայքը հաղորդեց, որ Բակօ Սահակեանին կ՛ուղեցէին Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան, պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան եւ այլ պաշտօնակատարներ:


