Գլխաւոր լուրեր

2905Giro-f

Ըստ Կիրօ Մանոյեանի. Նախագահ Սարգսեանի Ուղղածը Մարտահրաւէր Է Եւ Ոչ Թէ Հրաւէր

Կիրօ Մանոյեան Պաշտօնական Անգարան չարձագանգեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցի օրը Թուրքիոյ նախագահը Հայաստան հրաւիրելու նախագահ Սերժ Սարգսեանի ուղղած հրաւէրին: Թրքական մամուլը ընդհանուր կերպով տարածեց Սարգսեանի ելոյթէն հատուածներ, սակայն ոեւէ թուրք պաշտօնակատար չմեկնաբանեց ելոյթը եւ Թուրքիոյ նախագահը Հայաստան հրաւիրելու փաստը: ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան, անդրադառնալով հրաւէրին եւ անոր շուրջ եղած արձագանգին, «Հայկական Ժամանակ» օրաթերթին...

3005Armen-Rustamian

Ռուստամեան. «Ոչինչ Կրնայ Մեզ Ստիպել Հրաժարիլ Մեր Մեծագոյն Ձեռքբերումէն»

«Այսօր արդէն ժամանակն է, որ մեր անվտանգութեան համակարգը բազմազան դառնայ: Այս պարագային մեր անկախութիւնը աւելի երաշխաւորուած պիտի ըլլայ», Սարդարապատի յուշահամալիրին մէջ լրագրողներուն յայտնեց Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան: Ան նշեց, որ այսօր կարելի էր մեծ այլընտրանք ունենալ, բայց Հայաստանի անվտանգութեան համակարգը պայմանաւորուած է հայ-ռուսական յարաբերութիւններով: Ռուստամեան Հայաստանի անկախութեան, պետականութեան կորուստի վտանգ չի տեսներ: «Ընդհակառակն` այսօր մենք կը...

3005paradon

Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Տօնակատարութիւններէն Ետք` . Մայիսեան Յաղթանակներու Ժողովրդային Տօնախմբութիւն Անթիլիասի Մէջ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Քարոզչական մարմինին եւ «Նիկոլ Աղբալեան», «Հրայր Մարուխեան» եւ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութիւններուն կազմակերպութեամբ, երէկ երեկոյեան ժամը 8:20-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի մարզադաշտին մէջ ժողովրդային տօնակատարութեամբ նշուեցաւ Հայաստանի Ա. հանրապետութեան անկախութեան 96-րդ տարեդարձը: Մայիսեան հպարտութեան եւ յաղթութեան մթնոլորտին մէջ, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղի շեփորախումբը եւ մասնաճիւղին սկաուտները Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանէն տողանցեցին մինչեւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» համալիր:...

Min-Hakobyan-_-Papazian-f

Համազգայինի 7-րդ Պատգամաւորական Ժողովի Ծիրին Մէջ. Համազգայինը Եւ Սփիւռքի Նախարարութիւնը Համագործակցութեան Յուշագիր Ստորագրեցին

29 մայիսին սկսաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 7-րդ Պատգամաւորական ժողովը, որուն կը մասնակցէին աշխարհի 15 երկիրներէն ժամանած 80 պատուիրակներ: Ժողովին կը մասնակցէին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեան, Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ Արամ Սիմոնեան, այլ պաշտօնակատարներ, յայտնի արուեստագէտներ, մտաւորականներ: Բացման խօսքը արտասանեց «Համազգային» հիմնադրամի նախագահ...

6518_b

«Սարդարապատի Մէջ Հայերը Վաստկեցան Ապրելու Եւ Միջազգային Քաղաքական Ասպարէզ Վերադառնալու Իրաւունքը» Կ՛ըսէ Նախագահ Սարգսեան

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան 28 մայիսին Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիրին մէջ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ մասնակցեցաւ Հանրապետութեան տօնին նուիրուած տօնակատարութեան: Հանրապետութեան նախագահը ծաղկեպսակ զետեղեց Սարդարապատի ճակատամարտի հերոսներու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին եւ յարգանքի տուրք...

2905Hamazkayin1

Երեւանի Մէջ Պաշտօնական Բացումը Կատարուեցաւ Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան 7-րդ Պատգամաւորական Ժողովին

Երէկ գիշեր Երեւանի մէջ կատարուեցաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 7-րդ Պատգամաւորական ժողովին պաշտօնական բացումը, որուն ներկայ էին նաեւ հայրենի արուեստագէտներ, մտաւորականներ: Ստորագրուեցաւ համագործակցութեան համաձայնագիր Երեւանի պետական համալսարանին հետ, ինչպէս նաեւ գործակցութեան յուշագիր` Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան հետ: Այսօր իր աշխատանքներուն սկսող ժողովին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն շուրջ 80 պատուիրակներ աշխարհի 15 երկիրներէ: Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք այս Պատգամաւորական...

6554_b

Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Համաձայնագիրը Ստորագրուեցաւ. Փութին. «Հայաստան Ամէնէն Մօտիկ Ապագային Պիտի Միանայ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան»

Քրեմլինի պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ Ռուսիա, Պիելոռուսիա եւ Ղազախստան երէկ Ասթանայի մէջ ստորագրած են Եւրասիական տնտեսական միութեան մասին համաձայնագիրը, որ ուժի մէջ պիտի մտնէ 1 յունուար 2015-ին: Փաստաթուղթը Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի նիստին ընթացքին ստորագրած են երեք երկիրներու նախագահները` Վլատիմիր Փութին, Ալեքսանտր Լուքաշենքօ եւ Նուրսուլթան Նազարպայեւ: Փաստաթուղթին շուրջ աշխատանքը սկսած էր 2011-ի նոյեմբերին` Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի առաջին վեհաժողովին:...

IMG_1732

Սօսի Փօլատեան Կը Պարգեւատրուի Մայրիներու «Ասպետ»-ի Աստիճանի Ազգային Շքանշանով

Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ուրբաթ, 23 մայիս 2014-ին, նախագահական պալատին մէջ պարգեւատրեց Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի վարչութեան անդամ Սօսի Փօլատեանը` գնահատելով ընկերային մարզին եւ Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդին մէջ անոր ունեցած բեղուն գործունէութիւնը: Սօսի Փօլատեան Մայրիներու «Ասպետ»-ի աստիճանի ազգային շքանշանով պարգեւատրուեցաւ` նախկին Առաջին տիկին Ուաֆա Սլէյմանի ձեռամբ: Նշենք, որ Սօսի Փօլատեան 1998-էն, այսինքն` Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդին կազմութենէն...

2905BourjHammoud

Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Հայութեան Խանդավառ Մասնակցութեամբ`. Մայիս 28-ի Տօնակատարութիւնները` Ազգային Տեսլականներու Վերահաստատման Նոր Առիթ

Պուրճ Համուտի մէջ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Քարոզչական մարմինի, «Կարմիր լեռ», «Նիկոլ Դուման», «Իշխան» եւ «Դրօ» կոմիտէութիւններու կազմակերպութեամբ չորեքշաբթի, 28 եւ հինգշաբթի, 29 մայիսի երեկոյեան, Այնճարի եւ Պուրճ Համուտի մէջ տեղի ունեցան Հայաստանի Ա. հանրապետութեան 96-րդ տարեդարձի ժողովրդային տօնակատարութիւններ: Պուրճ Համուտի Մէջ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Քարոզչական մարմինին եւ «Իշխան», «Դրօ» եւ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէութիւններուն կազմակերպութեամբ երէկ երեկոյեան ժամը 8:00-ին,...

2805Khemp

Խմբագրական. Երկու 100-Ամեակներու Արանքին Մէջ

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը հազիւ բոլորած, համայն հայութիւնը պիտի սկսի նախապատրաստուիլ նշելու Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը: Դարերու ընդմիջումէ ետք պետականութեան կերտումը, երկրին հայացումը, բայց նաեւ եւ անկէ առաջ համաթուրանական ծրագիրներու իրականացման գործընթացը կասեցնելը եւ նման պատմակերտ իրագործումներ պիտի գան ներկայացնելու հանրագումարի ձեւաւորման փորձերը, որոնք Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն, ինչպէս նաեւ սփիւռքի մէջ գիտաժողովներով, խորհրդաժողովներով եւ տարբեր ձեւաչափերով արծարծ պիտի պահեն...

6498_b

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Թուրքիոյ Նախագահը Հայաստան Հրաւիրեց

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան յաջորդ տարուան 24 ապրիլին Թուրքիոյ նախագահը պաշտօնապէս Հայաստան հրաւիրեց: Երէկ ելոյթ ունենալով Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի նիստին` նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտնեց, որ եթէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները հետաքրքրուած են ճշմարտութեամբ, ուրեմն անոնք պէտք է Հայաստան գան եւ 24 ապրիլին հայ ժողովուրդի կողքին ըլլան: Նախագահը նշեց, որ չի կարծեր, թէ անկէ ետք անոնք...

2705_1

Ազգային Խանդավառութեան Ոգեւորիչ Մթնոլորտի Մէջ` . Մայիս 28-ի Ուխտի Համաժողովրդային Վերանորոգում Պուրճ Համուտի Մէջ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Քարոզչական մարմինին նախաձեռնութեամբ, «Սարդարապատ» եւ «Ռուբէն» կոմիտէութիւններուն կազմակերպութեամբ երէկ երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Փոլիկարպոս» շրջանի «Խորէն Այնթէպլեան» կառատան մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. հանրապետութեան անկախութեան 96-րդ տարեդարձի ժողովրդային տօնակատարութիւն:   Պուրճ Համուտը մայիսեան յաղթանակի ոգիով համակող մթնոլորտը սկսաւ երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ ներկայացուած միասնութեան շուրջպարով, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան...

2405michel_sleiman

Նախագահ Սլէյմանի Նստաշրջանի Աւարտով Լիբանան Կը Թեւակոխէ Նախագահական Դատարկութեան Հանգրուան

Հրաժեշտ` նախագահական պալատին Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթ, 24 յունիս 2014-ին աւարտեց նախագահական իր նստաշրջանը եւ առանց զայն երկարաձգելու մեկնեցաւ Պաապտայէն` Լիբանանը մատնելով նախագահական դատարկութեան Բ. հանգրուանի մը: Թաէֆի համաձայնագիրէն ետք առաջին անգամ ըլլալով նախագահական դատարկութեան յաջորդած նախագահ Սլէյման նախագահական պալատէն մեկնեցաւ նոյն անորոշութեամբ` թափուր ձգելով նախագահական աթոռը: Վեցամեայ իր գործունէութիւնը աւարտած նախագահ Սլէյմանին հրաժեշտի արարողութեան ներկայ էին վարչապետ...

2405pope-francis

Ֆրանչիսկոս Պապը Մեկնեցաւ Ս. Հողերէն

Ֆրանչիսկոս պապը քրիստոնեայ, հրեայ եւ իսլամ հոգեւորականներու, ինչպէս նաեւ պաղեստինցի եւ իսրայէլացի քաղաքական դէմքերու հետ իր հանդիպումներէն ետք Ս. հողեր իր եռօրեայ այցելութիւնը աւարտեց: Ան Բեթղեհէմի մէջ անակնկալ կերպով կանգ առաւ իսրայէլացիները պաղեստինցիներէն անջատող պատին մօտ եւ աղօթեց: Պապը իր այցելութեան ընթացքին յոյն ուղղափառներու տիեզերական պատրիարք Բարթողիմէոս պատրիարքին հետ հանդիպում մը ունեցաւ եւ անոր հետ աղօթեց Քրիստոսի գերեզմանին առջեւ: Ֆրանչիսկոս...

Sergei-Shoigu-and-Ohanian-(archive)

Օհանեան Եւ Շոյկու Ռուսական Ռազմակայանին Վերաբերող Փաստաթուղթ Ստորագրեցին

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը երէկ Մոսկուայի մէջ մասնակցեցաւ Միջազգային անվտանգութեան երրորդ համաժողովին: Պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը հաղորդէ, որ համաժողովի աշխատանքին ծիրին մէջ Սէյրան Օհանեան երկկողմ հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ իր գործընկերներուն հետ: Մասնաւորաբար, Իրանի պաշտպանութեան եւ զինեալ ուժերու աջակցման նախարար Հիւսէյն Տեհղանի հետ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան միջազգային եւ շրջանային ապահովութեան առնչուող խնդիրներ: Ռուսիոյ...

Armen-Rustamyan48-e1354281632331

Ռուստամեան Կը Բացատրէ, Թէ Ինչո՛ւ Դաշնակցութիւնը Կողմ Չքուէարկեց Կառավարութեան Ծրագիրին

Արմէն Ռուստամեան Երէկ լրագրողներու հետ Ազգային Ժողովի աւանդական զրոյցին ընթացքին Ազգային Ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէ Ժառանգութիւն խմբակցութեան ղեկավար Ռուբէն Յակոբեանի այն կանխատեսումը, թէ իշխանութիւնը այլեւս պաշար չունի, եւ վարչապետը ստիպուած է կարճ ժամանակ ետք հրաժարական տալու, նշած է, որ այսպիսի գնահատականներ ու հարցեր միշտ ալ կը յառաջանան, քանի տակաւին չէ յստակացուած...

2305sleiman_balad

Նախագահ Սլէյման. «Լիբանանի Մէջ Տիրող Կացութեամբ Մտահոգ Չեմ»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման այսօր կէսօրէ ետք նախագահական պալատէն պիտի մեկնի` աւարտելով իր վեցամեայ նախագահական նստաշրջանը: Այս կը նշանակէ, թէ այսօրուընէ սկսեալ Լիբանանի մէջ պիտի տիրէ նախագահական դատարկութիւն, որուն ընթացքին կրնայ նաեւ կաղալ պետական հաստատութիւններուն աշխատանքը: Նշենք, որ նախագահ Սլէյման այսօր կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին Պաապտայէն պիտի արտասանէ խօսք մը: Երեկոյեան նախագահ Սլէյման նախագահեց կառավարութեան վերջին նիստին, որուն ընթացքին...

2305tadron

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ. Մեծ Յաջողութեամբ Սկսաւ «Աստուածային Կատակերգութիւն» Թատերախաղի Ներկայացումը

Երէկ` ուրբաթ, 23 մայիսի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ սկսաւ ներկայացուիլ «Աստուածային կատակերգութիւն» թատերախաղը, բեմադրութեամբ` Յակոբ Տէր Ղուկասեանի: Արդարեւ, ներշնչուելով Իզոտոր Շթոքի, Տանթէի եւ Զոհրապ Եագուպեանի «Աստուածային կատակերգութիւն»-ներէն, Յակոբ Տէր Ղուկասեան իր այժմէական անձնադրոշմ  մեկնաբանութեամբ, համախմբելով իր շուրջ արհեստավարժ դերասաններ Զաւէն Պաաքլինի, Յովսէփ Գափլանեան, Նժդեհ Մկրտիչեան, Ժան Պեքերեճեան, Վարդան Ազնաւորեան, Արփի Սողոմոնեան, Արին Յովսէփեան, նաեւ օգնական բեմադրիչ...

2205Aztag-Patsarig4

«Հայ Մամուլը Պէտք Է Պատրաստ Ըլլայ Անգարայի Քարոզչական Գործողութիւններուն». Կ՛ըսէ Շահան Գանտահարեան

Ձախէն աջ՝ դոկտ. Յարութիւն Մարութեան, Շահան Գանտահարեան եւ Թաթուլ Յակոբեան Այս տարուան 24 ապրիլին լոյս տեսաւ  լիբանանահայ «Ազդակ» օրաթերթի բացառիկ հատորը, որ ամբողջութեամբ նուիրուած է հայ-թրքական յարաբերութիւններուն, Հայոց ցեղասպանութեան եւ 100-ամեակին ընդառաջ ծրագրուող նախաձեռնութիւններուն: Տարեկան դրութեամբ «Ազդակ» լոյս կ՛ընծայէ երկու բացառիկ թիւերու, մէկը` Հայոց ցեղասպանութեան կը նուիրուի, լոյս կը տեսնէ իւրաքանչիւր տարուան 24 ապրիլին, իսկ միւսը կը հրատարակուի Նոր տարիին,...

2205AJ

Ազգային Ժողովը Ընդունեց Կառավարութեան Ծրագիրը. Ոչ Իշխանական Քառեակը Չմասնակցեցաւ Քուէարկութեան

Երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ քուէարկութեան դրուեցաւ կառավարութեան ծրագիրը: Անիկա ընդունուեցաւ 70 թեր, 1 դէմ, եւ 2 ձեռնպահ ձայներով: Հանրապետականները ծափողջոյններով ընդունեցին քուէարկութեան արդիւնքները: Նախքան քուէարկութիւնը` ելոյթ ունեցաւ Հրանդ Բագրատեան` ըսելով, որ ինք եւ Ալեքսանտր Արզումանեան ձեռնպահ պիտի քուէարկեն: Իսկ Օրինաց երկիր կուսակցութեան պատգամաւոր Կարէն Բոթոյեան ելոյթ ունենալով յայտարարեց, որ ինք կը հրաժարի Օրինաց երկիր կուսակցութեան խմբակցութենէն եւ թեր պիտի...

Page 849 of 885 1 … 848 849 850 … 885