Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Փոխառաջարկ Եւ Առերեսուելու Հրաւէր

June 5, 2014
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

SSargsian_Erdogan_Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովի չորրորդ նիստին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի բացման խօսքին մէջ համեմատաբար աւելի ուշագրաւ է հետեւեալ բաժինը.

«Պաշտօնական Անգարան կը շարունակէ խօսիլ պատմաբաններու յանձնաժողով ստեղծելու եւ արխիւները բանալու մասին: Նախ եւ առաջ յայտնի է, որ Հայաստանի արխիւները միշտ բաց եղած են բոլոր այն հետազօտողներուն համար, որոնց հետաքրքրած է հարցի գիտական մասը: Բայց ամբողջ եղած են նաեւ գիտական հաստատութիւններուն  եւ թանգարաններուն մէջ պահուող նիւթերը: Բայց ամբողջ հարցը այն է, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտութեան հետ առերեսուելու համար արխիւային աշխատանք ընդհանրապէս չի պահանջուիր: Բաւարար է մտնել որեւէ հայկական տուն, ընտանիք, եւ վկայութիւնները կը լեցնեն ոեւէ ունկնդիրի սիրտը: Բաւարար է ըլլալ Ծիծեռնակաբերդ, ապրիլի 24-ին եւ տեսնել, թէ ի՞նչ է այդ օրուան խորհուրդը իւրաքանչիւր հայու համար` Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ: Բաւարար է երթալ սփիւռքի որեւէ համայնք եւ հարցնել` ինչպէ՞ս  ձեր նախնիները յայտնուած են այստեղ: Եթէ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կը հետաքրքրէ ճշմարտութիւնը, ուրեմն անոնք պէտք է գան Հայաստան եւ ապրիլ 24-ին ըլլան հայ ժողովուրդի կողքին: Չեմ կարծեր, թէ ատկէ ետք անոնք  արխիւներ այցելելու մասին միտք հնչեցնել կարենան: Օգտուելով այս առիթէն` պաշտօնապէս կը հրաւիրեմ Թուրքիոյ նախագահը, ով ալ որ ընտրուի յառաջիկայ ընտրութիւններուն ժամանակ, այցելելու Հայաստան 2015 թուականի ապրիլի 24-ին եւ առերեսուելու Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան խօսուն վկայութիւններուն հետ»:

Բնականաբար այստեղ, իր հերթին լուսարձակ գրաւողը Թուրքիոյ նախագահին ուղղուած հրաւէրն է Սերժ Սարգսեանի կողմէ: Բայց նախքան այդ, կեդրոնանանք պատմաբաններու միացեալ յանձնաժողովի ստեղծման թրքական առաջարկի` նախագահ Սարգսեանի կողմէ մերժման եւ անոր փոխառաջարկին վրայ: Այս մէկը կը յիշեցնէ արդէն նախորդ նախագահին Էրտողանի նշանաւոր նամակին դիմաց կատարած փոխառաջարկը. ու թէեւ բովանդակութիւնը տարբեր է այն առումով, որ նախագահ Քոչարեանը կ՛առաջարկէր պատմաբաններու փոխարէն ստեղծել միջկառավարական յանձնաժողով, նախագահ Սարգսեանը կ՛ըսէր, որ արխիւային հետազօտութեան կարիք չկայ, այսուհանդերձ թուրքերը կրնան գալ եւ ուսումնասիրել մեր արխիւները: Ի հարկէ ոչ միացեալ յանձնաժողովի տեսքով:

Այստեղ, անշուշտ, երկու կարեւոր իրողութիւն պէտք է վերյիշել. նախ այն, որ ֆութպոլային դիւանագիտութեան մոսկովեան յայտարարութիւնը պայմանական համաձայնութիւն տուած էր պատմաբաններու միացեալ յանձնաժողովին: Պայմանը այն էր, որ հայկական կողմը կը համաձայնի ստեղծել յանձնաժողովը միայն Անգարայի կողմէ սահմանի բացման պարագային: Ինչ որ մերժումի դիւանագիտական ձեւին համահունչ արտայայտչաձեւ էր: Իսկ երկրորդը, որ աւելի վաւերականութիւն կը յուշէ, կը վերաբերի Երեւան – Անգարա արձանագրութիւններուն, ուր կայ կողմերու համաձայնութիւն երկու ժողովուրդներու դարաւոր վէճերը համատեղ պատմագիտական քննարկման ենթարկելու:

Այժմ նախագահի յայտարարածը համազօր է այս վերջին համաձայնութեան հերքումին. եւ անիկա  կարեւոր է, որովհետեւ յայտարարուած է այնպիսի միջավայրի մէջ, ուր համախմբուած է համայն հայութեան ներկայացուցչութիւնը: Գուցէ իր նախադէպը չունեցող ներկայացուցչական տարողութեամբ եւ համընդգրկուածութեամբ:

Այսքանը` պատմաբաններու միացեալ յանձնաժողով ստեղծելու թրքական առաջարկի հրապարակային պաշտօնական մերժման վերաբերեալ: Այս փոխառաջարկը ծառայեցուած է իբրեւ հիմնաւորում հրաւէրի ուղղման: Այսինքն` թրքական առաջարկին դիմաց մերժողական դիրք որոշելու փոխարէն, արխիւները բաց յայտարարելով, եւ հրաւէր յղելով թուրք հետազօտողներուն գալու եւ արխիւները ուսումնասիրելու, նախագահը շրջած է թրքական առաջարկը: Եւ աւելի՛ն, պատմութեան հետ առերեսուելու, այդ արխիւներու ուսումնասիրութեան կարիքը չզգալու համար հրաւիրած է  Թուրքիոյ նախագահը ապրիլի 24-ին գալու Երեւան:

Կը թուի, թէ քաղաքական տրամաբանութեան աշխատիլը ունի որոշակի հետեւողականութիւն: Միացեալ յանձնաժողովի դիմաց փոխառաջարկ, յետոյ նաեւ Էրտողանի «ցաւակցութեան» դիմաց Երեւան գալու հրաւէր: Փոխառաջարկն ու հրաւէրը իրենց հիմնաւորումներով խելամիտ քայլեր են եւ կը փորձեն շրջել Անգարայի ճշդած խաղի կանոնները: Որոշ դիտարկումներ այսուհանդերձ կրնան դեր ունենալ յառաջիկայ քայլերուն համար:

Նախ այն, որ երկու պարագաներուն առաջին քայլը թրքական կողմն է, որ կ՛առնէ եւ տպաւորութիւն կը ստեղծէ, որ մենք հակազդողի դիրքին վրայ ենք: Խորքին մէջ սակայն, հայկական կողմի հակաառաջարկները, կամ գուցէ միջազգային ընտանիքի նկատառումով կատարուող փոխառաջարկները հայկական կողմին համար առաւելութիւններ կ՛ապահովեն: Եթէ…

Նախագահ Սարգսեանի յայտարարութիւնը միայն ներքին սպառման համար չէ եւ ոչ ալ զուտ Անգարային ուղղուած, ինչպէս որ Էրտողանի կամ Տաւութօղլուի բարձրաձայնումները: Միջազգային ընտանիքն ու միջազգային հանրային կարծիքը պիտի ընկալեն պաշտօնական Երեւանի կողմէ առնուող կարեւոր քայլերը: Այդ պատճառով ալ յայտարարութիւններու եւ հրաւէրի լուսաբանումն ու մեկնաբանութիւնները շատ կարեւոր են: Տեղեկատուական մարզին մէջ հայկական կողմը աշխուժ նախաձեռնողականութեամբ հանդէս գալու բոլոր պատճառները ունի: Մեր արխիւները բաց են, եւ Թուրքիոյ նախագահը հրաւիրուած է Երեւան, 100-ամեակին: Կու գա՞ն արխիւներ հետազօտելու, թէ՞ կ՛ուղարկեն իրենց նախագահը 2015-ի ապրիլին, ատիկա իրենց գործն է: Իրենց գործն է միաժամանակ միջազգային ընտանիքին բացատրելը, թէ ինչո՛ւ չեն գար:

Իսկ մեր գործը մինչեւ այդ, միջազգային հանրային կարծիքը տեղեկացուած պահելն է հայկական կողմի նախաձեռնութիւններուն մասին, կամ թէ ո՞վ եւ ինչո՞ւ կը մերժէ  կառուցողական առաջարկները:

«Ա.»

Նախորդը

Յայտարարութիւն

Յաջորդը

Էքուատորի Դէմ Տեղի Ունենալիք Մրցումին. Լամփար Նշանակուեցաւ Անգլիոյ Խմբապետ

RelatedPosts

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու  Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ  Տեղի Պիտի Չունենան»
Գլխաւոր լուրեր

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ Տեղի Պիտի Չունենան»

November 25, 2026
Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան  Հռչակագիրին Յղման Վերացումը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան Հռչակագիրին Յղման Վերացումը

November 25, 2026
Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։