Հաղորդագրութիւն
Երէկ ՀՅԴ Տեղեկատու գրասենեակը լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը: «ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն երկուշաբթի, 9 յունիս 2014-ին գումարեց իր ընթացիկ նիստը եւ սերտեց խորհրդարանին այսօրուան նիստին ընթացքին քննարկուելիք աշխատավարձերու յաւելումի կառավարութեան օրինագիծը: «Կեդրոնական կոմիտէն որոշեց, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքը մասնակցի խորհրդարանի այսօրուան նիստին եւ զօրակցի այն ծրագիրին, որ կը համապատասխանէ ժողովուրդին ապրուստի պայմանները բարելաւելու ձգտումներուն, ինչպէս նաեւ մղէ կառավարութիւնը` որդեգրելու...



















