
Սուրիոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ նախագահական ընտրութիւն, որուն առաջադրուած էին երեք թեկնածուներ` գործող նախագահ Պաշշար Ասատ, խորհրդարանի անդամ Մահեր Հաժժար եւ նախկին նախարար ու երեսփոխան Հասան Ապտալլա Նուրի:
Սուրիոյ Ընտրական կեդրոնական մարմինը յայտարարեց, որ 22.4 միլիոն բնակչութեան տէր երկրին մէջ քուէարկելու իրաւունք ունի շուրջ 15.8 միլիոն անձ: Քուէարկութիւնը տեղի ունեցաւ Սուրիոյ 14 նահանգներէն 13-ին մէջ` նկատի ունենալով, որ Ռաքքայի նահանգը տակաւին կը գտնուի զինեալ ընդդիմութեան վերահսկողութեան տակ:
Դրացի երկիրներու սահմանամերձ շրջաններուն մէջ զետեղուեցան քուէատուփեր` դիւրացնելու համար այդ երկիրներ ապաստանած սուրիացիներուն քուէարկութիւնը: Լիբանանէն շուրջ 5000 սուրիացիներ կտրեցին սահմանը: Անոնցմէ շատեր քալելով ուղղուեցան Ժըտէյտեթ Եապուս` քուէարկելու համար:
Իրանի խորհրդարանին մէջ Ազգային անվտանգութեան յանձնախումբի նախագահ Ալատտին Պորուժերտի, որ երէկ Սուրիա այցելեց, յայտնեց, որ սուրիացի ժողովուրդը ուժեղ կերպով պատասխանեց Միացեալ Նահանգներու եւ անոնց դաշնակիցներուն Սուրիոյ մէջ երեք տարիէ ի վեր գործած ոճիրներուն, իսկ տեղի ունեցող ընտրութիւնը «սուրիական թատերաբեմին վրայ քաղաքական կարեւոր զարգացում է»: Ան ըսաւ, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի յայտնած է, որ Սուրիա եկած է Միացեալ Նահանգներուն մարտահրաւէր կարդալու համար:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ իր կարգին ընտրութիւնը «պատմական օր մը» նկատեց` աւելցնելով.«Ոչ ոք կրնայ մարտահրաւէր ուղղել սուրիացի ժողովուրդին, որ այսօր կը ճշդէ այն անձը, որ ապագային զինք պիտի առաջնորդէ»: «Սուրիացի ժողովուրդէն զատ ոչ ոք օրինականութիւն կը պարգեւէ», ըսաւ ան:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ նախագահի Միջին Արեւելքի հարցերով յատուկ պատուիրակ, արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով յայտարարեց, որ գոյութիւն ունի այն գաղափարը, որ նախագահական ընտրութենէն ետք ձեւաւորուի համախոհական կառավարութիւն մը` ընդդիմութեան մասնակցութեամբ:


