Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Երիտասարդականի Մասնակցութիւնը Հոլանտայի Երիտասարդ Ընկերվարներու Ընդհանուր Ժողովին

June 18, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1706ARF-NetherlandՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ 15 յունիսին ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչներ Ատրինէ Մարգարեան, Սարինէ Աբրահամեան եւ Նուպար Վարդանեան մասնակցեցան Հոլանտայի Երիտասարդ ընկերվարներու Ընդհանուր ժողովին, որ տեղի ունեցաւ Ութրեխթ քաղաքին մէջ:

Երիտասարդ ընկերվարները Աշխատաւորներու կուսակցութեան երիտասարդական կազմակերպութիւնն է:

Ժողովի օրակարգին վրայ ընդգրկուած էր շրջանաւարտ վարչութեան երկամեայ գործունէութեան հաշուետուութիւնը, որուն հիմնական մասը կը վերաբերէր Եւրոպական խորհրդարանի ընտրութիւններուն ընթացքին կատարուած աշխատանքներուն: Ժողովը քննարկեց եւ վերլուծեց Եւրոպական խորհրդարանի ընտրութիւններուն արդիւնքները:

Վերոնշեալէն բացի, ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչները մասնակցեցան դասախօսութիւն-քննարկումներու` ընկերային համակարգի բարելաւման, ընկերվար-ժողովրդավար գաղափարախօսութեան եւ նախորդ 20 տարիներուն ընթացքին Աշխատաւորներու կուսակցութեան կատարած աշխատանքներուն եւ ձեռքբերումներուն մասին նիւթերով:

Ժողովին մասնակցեցաւ նաեւ Հոլանտայի կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի նախարարը, որ իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ ուսանողներու նպաստներու վերաբերեալ օրէնքներուն մէջ կատարուած փոփոխութիւններուն: Մասնակիցները առիթ ունեցան նախարարին հարցումներ ուղղելու:

Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ նոր վարչութիւն:

ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչները ժողովի մասնակցութեան ծիրին մէջ Աշխատաւորներու կուսակցութեան երիտասարդներուն հետ քննարկեցին երկուստեք համագործակցութիւնը զարգացնելու եւ միացեալ նախաձեռնութիւններ իրականացնելու հարցը:

Նախորդը

Հռոմի Մէջ. Լիբանանեան Բանակի Օժանդակութեան Միջազգային Խորհրդաժողով

Յաջորդը

Մոռնինկսթար. «Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Նախագահները Պիտի Հանդիպին Փարիզի Մէջ»

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.