
Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով իր ռուս գործընկերոջ` Սերկէյ Լաւրովի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք յայտարարած է, որ Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ յարաբերութիւնները ռազմավարական բնոյթ ունին: Ան կարեւոր նկատած է այն, որ ապրանքներու շրջանառութիւնը աճած է:
«Մենք քննարկած ենք համագործակցութեան խորացման կարելիութիւնները: Մենք նաեւ չենք շրջանցած Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի հարցը», ըսած է Մամետեարով:
Ըստ անոր, իրենք քննարկած են այն քայլերը, որոնք պէտք է ձեռնարկուին լուծման հոլովոյթը տեղէն շարժելու համար:
Մամետեարով նաեւ մեկնաբանած է Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներու հաւանական հանդիպումին մասին լուրերը: «Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ առաջարկած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպում կազմակերպել: Մենք այժմ Ֆրանսայէն պաշտօնական պատասխանի կը սպասենք», ըսած է նախարարը:
Լաւրով իր կարգին նշած է, որ Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ համագործակցութիւնը աշխուժօրէն կը զարգանայ ոչ միայն երկկողմ, այլ նաեւ շրջանային մակարդակով:
Անդրադառնալով ղարաբաղեան տագնապի հարցին` Լաւրով ընդգծած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ջանքերը` երկու երկիրներու նախագահներուն միջեւ նախապէս ձեռք բերուած համաձայնութիւնները կեանքի կոչելու համար: «Մենք նաեւ քննարկած ենք իրավիճակը Ուքրանիոյ մէջ, մարդոց մահուան դէպքերը: Ատիկա ազդանշան է, որ պէտք է դադրեցնել կրակը այդ երկրին մէջ: Մենք քննարկած ենք Իրաքի եւ Սուրիոյ հարցերը, ուր գլուխ բարձրացուցած է միջազգային ահաբեկչութիւնը», ըսած է ան:
«Եւրասիական Տնտեսական Միութիւնը
Պէտք Չէ Կապել Լեռնային Ղարաբաղի
Տագնապին Հետ»
Ազրպէյճանական Haqqin.az կայքը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր ազրպէյճանցի գործընկերոջ` Էլմար Մամետեարովի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք յայտարարած է, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան ստեղծման հարցը պէտք չէ կապել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հետ:
Ան նշած է, որ Ռուսիան Եւրասիական տնտեսական միութեան միանալու համար Ազրպէյճանին հրաւէր չէ ուղղած, «սակայն մենք ուրախ պիտի ըլլայինք, եթէ մեր գործընկերային յարաբերութիւնները զարգանային, ներառեալ միջազգային կազմակերպութեան շրջանակներուն մէջ: Եւրասիական տնտեսական միութիւնը Ռուսիոյ, Պիելոռուսիոյ եւ Ղազախստանի տնտեսական միութիւնն է, որուն այս ամսուան աւարտին պիտի միանայ նաեւ Հայաստան: Ղարաբաղեան հարցը միջազգային իրաւունքի այլ նիւթ է եւ, ինչպէս գիտէք, հայկական կողմը յայտարարած է, որ Եւրասիական տնտեսական միութիւն պիտի մտնէ այն սահմաններով, որով կ՛անդամակցի այլ կազմակերպութիւններու: Միութիւնն ու ղարաբաղեան հարցը տարբեր հարցեր են: Ռուսիան` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ, հետագային ալ պիտի նպաստէ խաղաղ ճամբով տագնապի լուծման», ըսած է Լաւրով:


