Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Օպամային Կոչ Կ՛ուղղէ Օգնելու Հալէպի Ժողովուրդին
Քեն Խաչիկեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Քեն Խաչիկեան կոչ ուղղեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային` աջակցութիւն ցուցաբերելու «Հալէպի անպաշտպան եւ տառապող ժողովուրդին»: «Ժիհատականներու բանակները շրջապատած են Հալէպը», գրած է Խաչիկեան Օպամային ուղղուած բաց նամակին մէջ` աւելցնելով. «Այս պահուն կը հրթիռակոծուին տուներ, եկեղեցիներ, դպրոցներ, բժշկական հաստատութիւններ, առեւտրական խանութներ: Հարիւրամեայ պատմութիւն ունեցող հայկական համայնքները կ՛ոչնչացուին Քայիտայի հետ կապեր ունեցող ահաբեկիչներու կողմէ:...


















