Հայաստանի Ազգային ժողովի ոչ իշխանական ուժերու` քառեակի անդամները Ազգային ժողովի մուտքին մօտ հաւաքուած «Դէմ եմ» խումբի անդամներուն տեղեկացուցին, որ քառեակը տապալած է «պարտադիր կուտակայինը» «նպատակային ընկերային վճար» դարձնելու մասին օրէնքի քուէարկութիւնը:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան յայտնեց, որ նախ եւ առաջ օրէնքի բովանդակութեան մասին տեղեկատուութիւն որեւէ մէկը չունի: «Մենք նաեւ արձանագրեցինք, որ այն, ինչ որ ներկայացուած է քննարկման, Սահմանադրութեան չի համապատասխաներ, աւելի եւս, որ անոր մասին որեւէ պատգամաւոր տեղեակ չէ, չեն կրնար քննարկել», ըսած է ան:
«Քառեակը փորձեց տապալել, մենք յաջողեցանք երկու քուէարկութիւն ձախողեցնել, ինչ որ պարտադրեց մեծամասնութեան, որ իրենք այլեւս որեւէ հարց չդնեն այսօր քուէարկութեան, փորձեն անցնիլ օրակարգային հարցերու քննարկման», ընդգծեց Մինասեան:
Թէ այդ հոլովոյթը ի՛նչ ընթացք կ՛ունենայ, Արծուիկ Մինասեան նշեց, որ այս պահուն դժուար է պատասխանել, բայց վստահ է, որ իրենք բոլորը այդ հարցին մէջ միասնական են եւ պիտի փորձեն թոյլ չտալ հարցի քննարկումը եւ քուէարկութիւնը առնուազն այնքան ժամանակ, քանի տակաւին չէ հրապարակուած նախագիծը եւ հանրութիւնը ծանօթ չէ փաստաթուղթին: Մինասեան աւելցուց, որ քաղաքական պահանջներ նաեւ չեն ներառուած այդ փաստաթուղթին մէջ եւ այդ փաստաթուղթը չէ համապատասխանեցուած բարձր դատարանի որոշման պահանջներուն:


