Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրապետական Մաղթանք` Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Ընտրութեան Եւ Օծման 19-Րդ Տարեդարձին Առիթով

June 30, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

2906maghtankԿիրակի, 29 յունիս 2014-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ մատուցուած սուրբ եւ անմահ պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ Հայրապետական մաղթանք` Արամ Ա. կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման 19-րդ տարեդարձին առիթով: Այս առիթով, հայրապետական մաղթանքին ընթացքին միաբան հայրեր աւետարանական հատուածներ եւ աղօթքներ կարդացին:

Պատարագէն անմիջապէս ետք, միաբաններ, Կեդրոնական վարչութեան անդամներ եւ հաւատացեալներ բարձրացան  վեհարանի դահլիճ, ուր Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան միաբանութեան եւ ներկայ ժողովուրդին անունով խօսք առնելով շնորհաւորեց վեհափառ հայրապետը` մաղթելով ուժ եւ կարողութիւն հովուելու համար հայ ժողովուրդը:

Վեհափառը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Մաղթանք ու աղօթք միայն չի կատարուիր աթոռակալին համար, այլ նաեւ աթոռին համար. աթոռ եւ աթոռակալ մէկ ու անբաժան ամբողջութիւն կը կազմեն: Աթոռակալը կայ ծառայելու համար աթոռին. վա՛յ այն աթոռակալին, որ իր արժէքը, իր նպատակը կը գտնէ ինքզինքին մէջ եւ աթոռով միայն կը բարձրանայ. Երանի՜ այն աթոռակալին, որ իր կեանքի որակով եւ իր ծառայութեամբ աթոռը կը բարձրացնէ: Այսպէս եղան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գահակալները: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր նուիրեալ ծառայութեամբ նոր շունչ ու բարգաւաճում բերաւ այս Սուրբ աթոռի ծառայութեան: Անցնող 19 տարիներուն փորձեցի ես ալ նուիրումով ծառայել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ճամբով մեր եկեղեցւոյ, մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին: Եթէ թերացումներ ունեցայ, թող Աստուած ներէ: Սակայն փորձեցի գերագոյնս ու կարելիս իբրեւ ծառայութիւն տալ հայրապետական այս դարաւոր աթոռին»: Շարունակելով իր խօսքը` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գոյութեան պատճառը եւ նպատակը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, ինչպէս յաճախ կը յիշեցնեմ, ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ ծառայութիւն ու միայն ծառայութիւն: Հոս է մեր հզօրութիւնը, մեր պարտքը եւ պատիւը»:

Աւարտին, ներկաները աջահամբոյրով շնորհաւորեցին վեհափառ հայրապետը իր ընտրութեան եւ օծման 19-րդ տարեդարձին առիթով` ստանալով անոր օրհնութիւնը:

 

 

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

«Մինի Մարաթոն-2014». Պուրճ Համուտը Երէկ Վազեց Թմրամոլութեան Դէմ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.