Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ալիեւ Վտանգաւոր Կը Դառնայ Աշխարհին Համար» Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան

June 27, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կիրօ Մանոյեան
Կիրօ Մանոյեան

Անդրադառնալով Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութիւններուն, Panorama.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան նշեց, որ Իլհամ Ալիեւի ելոյթը պարզապէս հեռու է առողջ բանականութենէն:

Նշենք, որ Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու կոմիտէի նիստին Ազրպէյճանի նախագահութեան ելոյթին ընթացքին Իլհամ Ալիեւ կրկին հակահայկական յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ: Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու եւ ազատութիւններու վերաբերեալ Խորհրդարանական վեհաժողովի պատգամաւորներու հարցումներուն ան պատասխանած է կոպիտ ձեւով եւ մարդու իրաւունքներու ոտնահարման մէջ մեղադրած եւրոպական ժողովրդավարական պետութիւնները:

«Հասկնալի է, որ խօսքի ազատութիւն է, ով ինչ կ՛ուզէ` կրնայ ըսել, սակայն եթէ որեւէ երկրի նախագահ այս ձեւով ու ոճով կը խօսի նման ատեանի մէջ, եթէ մարդ այդքան սուտ խօսելու համարձակութիւն ունի եւ խօսքի ազատութեան անուան տակ Եւրոպայի խորհուրդին մէջ      կը հանդուրժուի ատիկա, կը սկսիմ մտածել, թէ արդեօք այդ ատեանին մէջ մենք պէ՞տք է մնանք, թէ՞ ոչ: Չեմ պատկերացներ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է խօսիլ նման մարդու հետ», ըսաւ Կիրօ Մանոյեան:

Ըստ Մանոյեանի, Ազրպէյճանի նախագահի իւրաքանչիւր ըսածին հայատեաց էութիւնը յստակ պէտք է ներկայացուի միջազգային հանրութեան, եւ պէտք չէ մտածել, որ ուրիշներ խնդիրները կը պատկերացնեն այնպէս, ինչպէս մենք:

«Ալիեւ կ՛ըսէ, թէ Հայաստանի նախագահը ըսած է, որ հայ-ազրպէյճանական տագնապը կրօնական է: Այսինքն` այդ նոյն սրահին մէջ Հայաստանի նախագահի ըսածը այդքան գլխիվայր ներկայացնելը, ալ չեմ ըսեր անոր յայտարարութիւնը, թէ այսօրուան Հայաստանը հին ազրպէյճանական տարածք է, զարմանալի է ուղղակի: Այդ մարդը քիչ մըն ալ որ շարժի, ուղղակի պէտք է կապել-տանիլ` իբրեւ գլուխը կորսնցուցած մարդ, որ կրնայ վտանգ ներկայացնել աշխարհին համար», շեշտեց Կիրօ Մանոյեան:

 

Նախորդը

Թուրքիա Հայաստանէն Եւ Սփիւռքէն «Յանդուգն Քայլեր»-ու Կը Սպասէ

Յաջորդը

Քոնկրեսի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Հաստատեց Քրիստոնէապատկան Գոյքերու Վերադարձին Վերաբերող Օրինագիծը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.