Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիա Հայաստանէն Եւ Սփիւռքէն «Յանդուգն Քայլեր»-ու Կը Սպասէ

June 27, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Տաւութօղլու եւ Նալբանդեան
Տաւութօղլու եւ Նալբանդեան

«Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Թրքական քաղաքականութեան եռամսեայ պարբերաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ գրած է, որ Թուրքիա կը հաւատայ, թէ Հայաստանն ու հայկական սփիւռքը պիտի ընտրեն Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին ապրիլին առած քայլին նման «յանդուգն քայլեր» կատարել` աւելցնելով, որ եթէ ատիկա տեղի ունենայ, հայ-թրքական յարաբերութիւնները «նոր ժամանակաշրջան» մը մուտք պիտի գործեն:

Ան գրած է, որ Էրտողանի յայտարարութիւնը ապագայ քայլերու հիմնաքարը պէտք է ըլլայ: «Էրտողանի ցաւակցական պատգամը պէտք չէ նկատել պատահական քայլ մը: Պէտք է զայն նկատել մտքերու եւ յիշողութեանց փոխակերպման ներածական մը, որովհետեւ ասիկա ոչ միայն ցաւակցութիւն է, այլ նաեւ յարատեւ խաղաղութեան վրայ հիմնուած հասարակաց ապագայի ապահովման համար բոլոր կողմերուն ուղղուած անկեղծ հրաւէր մը», գրած է Տաւութօղլու:

«Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ նոր եւ աւելի հիմնաւորուած խաղաղութեան ժամանակաշրջան մը պիտի սկսի, եթէ մտաւորականներ եւ քաղաքագէտներ երկու կողմերուն միջեւ հոգեբանական պատուարները յաղթահարելու եւ արդար յիշողութիւն մը կառուցելու համար իրենց ներդրումը ունենան: Այլապէս` երկու կողմերն ալ անխուսափելի կերպով պիտի շահագործուին անոնց կողմէ, որոնք սթաթիւս քոյէն սնող մարզէ մը շահ կ՛ապահովեն», աւելցուցած է ան:

«Առնչակից երկու պատմութեանց եւ ժողովուրդներուն դէմ գործուած մեծագոյն անարդարութիւնը մէկդի դնելն է երկու ժողովուրդներուն հասարակաց պատմութիւնն ու նախորդ հարուստ դարերը, եւ փոխարէնը սկսիլ միայն պատերազմի եւ տագնապի նման վիրային դէպքերէն, կամ նախորդ դարերը կառուցել այդ վիրային դէպքերը դարձնելով ամէն ինչի կեդրոնը», գրած է Տաւութօղլու` աւելցնելով. «1915-ի դէպքերուն շուրջ ստեղծուած «անարդար յիշողութիւնը» այս երեւոյթին ամէնէն կարեւոր օրինակը կը կազմէ, որովհետեւ թուրքերու եւ հայերու հասարակաց անցեալն ու ապագան գրաւի տակ կ՛առնէ»:

«Արդար յիշողութեան» գաղափարը, որ մենք այդ հոլովոյթին ընթացքին յաճախ օգտագործած ենք, կենսական կարեւորութիւն ունի: Որպէսզի թուրքերն ու հայերը իրենց իւրաքանչիւրին փորձառութիւնը հասկնան, կենսական է, որ  յարգեն իրարու յիշողութիւնը: Հայերուն համար 1915-ը վերաբնակեցման տարի մըն էր, որուն ընթացքին չափազանց մեծ ողբերգութիւններ պատահեցան: 1915-ին նախորդող եւ յաջորդող տարիները եւս Անատոլուի թուրքերուն համար մեծ աղէտներու ժամանակաշրջան մըն էր: Այդ ժամանակ էր, երբ թուրքերը Պալքանեան պատերազմներուն մէջ կենաց մահու կռիւ մղեցին` Չանաքքալէի մէջ եւ անկախութեան պատերազմին ընթացքին: Իրողութեան մէջ ասիկա «հասարակաց ցաւ»-ի ժամանակ մըն էր», կը գրէ ան:

 

Նախորդը

Պոլսոյ Հայաբնակ Թաղամասերուն Մէջ Թմրավաճառները Կը Ճնշեն Հայաստանէն Գաղթածները

Յաջորդը

«Ալիեւ Վտանգաւոր Կը Դառնայ Աշխարհին Համար» Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.