Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քանատայի Բազմամշակութային Եւ Ընկերային Հարցերու Նախարար Ճէյսըն Քենի Երկար Հանդիպում Ունեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հետ

July 31, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

10581007_10152701971992873_996401856_oԵրկուշաբթի, 28 յուլիս 2014-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի վանքի վեհարանին մէջ, շուրջ 2 ժամ տեւած հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսի եւ Քանատայի բազմամշակութային եւ ընկերային հարցերու նախարար Ճէյսըն Քենիի միջեւ: Հանդիպումին ներկայ էին Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպանը, նախարարին անմիջական օգնականները, ինչպէս նաեւ` կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան:

Նախարարը յատուկ կերպով գործուղուած էր Քանատայի կառավարութեան կողմէ, որպէսզի մօտէն տեղեակ դառնայ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող դէպքերու զարգացումներուն, եւ յատկապէս` քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն:

Նախարարը ընդհանուր ակնարկ մը կատարեց Քանատայի հայութեան հետ իր բարեկամական կապերուն եւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գծով իր ունեցած ներդրումին, ապա` ան ներկայացուց Քանատայի մօտեցումը Միջին Արեւելքի մէջ տիրող ներկայ իրավիճակը:

Արամ Ա. կաթողիկոս իր կարգին գնահատեց նախարարին բարեկամական վերաբերումը Քանատայի հայութեան ու մանաւանդ Հայ դատին նկատմամբ իր ունեցած ամուր զօրակցութիւնը: Ապա, վեհափառ հայրապետը լայնօրէն անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի ընդհանուր կացութեան ու յատկապէս Սուրիոյ եւ Լիբանանի` այս ծիրին մէջ կեդրոնանալով կարգ մը մտահոգութիւններու եւ երեւոյթներու վրայ:

Վեհափառ հայրապետին եւ նախարարին միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշումը, ինչպէս նաեւ` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն նոր թափ տալու հրամայականը: Նախարարը յիշեցուց զանազան առիթներով Թուրքիոյ բիրտ հակազդեցութիւնը Քանատայի նկատմամբ` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գծով Քանատայի ունեցած դրական մօտեցման համար: Վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումէն անդին` հատուցման առաջնահերթութիւն տալու անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպումի աւարտին, նախարարը եւ իր գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելեցին Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձան եւ մօտէն տեղեակ դարձան Պիքֆայայի վանքին մէջ տեղի ունեցող շինարարական ծրագիրներուն:

 

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Սկաուտները Մեկնեցան Հայաստան` Մասնակցելու ՀԱՄԱՀՄԸՄ-ական Բանակումին

Յաջորդը

Սլաք. Պիելոռուսիոյ Օրինակն Ու Լիբանանեան Իրականութիւնը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.