«Պատանինե՛ր, շարքերով խանդավառ,
Պատանինե՛ր, ձեր ջահն է միշտ անմար,
Պատանինե՛ր, մեր յոյսն ու ապագան,
Պատանինե՛ր, փրկենք Մայր Հայաստան»:
Վերջապէս հասաւ պատանիներուն սպասման օրը… տարի մը ետք, խանդավառ ու կարգապահ շարքերով դարձեալ բանակիլ դաշնակցական իւրայատուկ միջավայրի մէջ` ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու տարեկան բանակումին ընդմէջէն:
Այս տարի, ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինի «Ամբողջական Հայաստան» տարեկան բանակումը կայացաւ «Այրուն» շրջանին մէջ` կիրակի, 20 յուլիս 2014-ին, երեք օրուան տեւողութեան վրայ համախմբելով 65 կրտսեր պատանիներ ՀՅԴ Լիբանանի տարբեր պատանեկան միութիւններէն:
«Ամբողջական Հայաստան» բանակումի պաշտօնական բացումը կայացաւ կիրակի, 20 յուլիսին: Ընդհանուր վարիչ մարմինի ներկայացուցիչ Բալիկ Խտըրլարեան իր բացման խօսքին մէջ նշեց, որ այս տարի եւս, ինչպէս ամէն տարի, ընդհանուր վարիչ մարմինը ծրագրեց եւ կազմակերպեց տարեկան բանակում` այս անգամ վայրի փոփոխութեամբ: Իր խօսքը ուղղելով պատանիներուն, Խտըրլարեան վեր առաւ անոնց խանդավառութիւնն ու առողջ ոգին, որով կարելի պիտի ըլլայ սորվիլ նոր գիտելիքներ, մշակել նոր ծանօթութիւններ եւ անցընել ուրախ ժամեր:
«Ամբողջական Հայաստան» բանակումին մասնակիցները բաժնուած էին չորս տարբեր խումբերու, որոնք կը կրէին «Արեւմտահայաստան», «Ջաւախք», «Նախիջեւան» եւ «Արցախ»
անունները: Բանակումի ամբողջ տեւողութեան ընթացքին, պատանիները դաստիարակչական տարբեր միջոցառումներով տոգորուեցան «Ամբողջական Հայաստան»-ի գաղափարով, սորվեցան անոր իմաստը, ներշնչուեցան անոր պատմութիւնը կերտած հերոսներով եւ ընդարձակեցին հայրենիքի հասկացողութեան իրենց հորիզոնները` ուշադրութեան առարկայ դարձնելով ամբողջական Հայաստանի զանազան շրջանները: Անոնք ստացան աշխարհագրական տեղեկութիւններ տարբեր շրջաններու մասին, պատրաստեցին խմբային ձեռային աշխատանքներ, կանչեր, ինչպէս նաեւ դիտեցին տեսերիզներ եւ մասնակցեցան հարցում-պատասխան խաղերու ու զարգացման մրցումի մը: Խումբերուն միջեւ ստեղծուած մրցակցական ոգին առաւել եւս կը մղէր պատանիները ձգտելու լաւագոյնին` ապահովելով լայն մասնակցութիւն թէ՛ մարզական եւ թէ՛ դաստիարակչական օրակարգերուն: Իսկ անհատական թէ խմբային տարբեր տեսակի ներկայացումներով բանակումը կրցաւ ստեղծել իրիկուան խարուկահանդէսներու ճոխ մթնոլորտ, ուր պատանիներու մասնակցութիւնը փաստ մըն էր, թէ «Ամբողջական Հայաստան» բանակումը համախմբած էր պատանիներուն տարբեր կարծիքները, կարողութիւններն ու ապրումները` մէկ ամբողջական գաղափարի շուրջ:
Դաստիարակչական ծրագիրը համալրուեցաւ ամէնօրեայ մարզանքով, մարզական խաղերով, արշաւներով ու ռելի փէյփըրով, բծախնդիր կարգապահութեամբ դրօշակի արարողութիւններով` բանակավայրը վերածելով աշխուժ եւ առողջ միջավայրի մը, ուր կրտսեր պատանիները ուզեցին մնալ աւելի քան երեք օրեր: Այս առողջ մթնոլորտը բնականաբար մոռցնել տուաւ յոգնութիւնը պատանիներուն, որոնք իրենց բանակավայրէն վերադարձի պահերուն, երբ կը ժամանէին իրենց երէց ընկերները, սկսան հարցադրել իրենց պատասխանատուներուն` «Ինչո՞ւ աւելի չենք կրնար մնալ»… «Ձմեռն ալ պիտի ըլլա՞յ բանակում ընկեր»…
Նոյն բանակավայրին մէջ, չորեքշաբթի, 23 յուլիսի կէսօրին, կրտսերներու բանակումի փակումէն ետք, կայացաւ երէցներու «Ամբողջական Հայաստան» բանակումի պաշտօնական բացումը, ներկայութեամբ 114 պատանիներու: Ընդհանուր վարիչ մարմինի ներկայացուցիչ Լուսիկ Տէր Գալուստեան իր բացման խօսքին մէջ շեշտեց բանակումի նիւթին անհրաժեշտութիւնը` ներկայացնելով չորս խումբերը, իբրեւ պատանիներու ներշնչման աղբիւրներ: Յիշեցնելով, թէ ինչպէ՛ս կրտսեր պատանիները իրենց փոքրիկ թաթերը դրոշմած էին ամբողջական Հայաստանի քարտէսին վրայ, ան կոչ ուղղեց երէց պատանիներուն իրենց դաշնակցականի ամուր ոտքերը հաստատելու այդ հողերուն վրայ:
Նշենք, որ երէց պատանիներու բանակումը իր աւարտին պիտի հասնի երկուշաբթի, 28 յուլիսին:


