Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

July 28, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

HMEM_araradianՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ 26 յուլիս 2014-ին սկիզբ առաւ «Արարատեան» կարգի գործնական հանգրուանի դասընթացքը, որ սկաուտական կարգերու գերագոյնն է եւ որուն կը մասնակցին 7 կազմակերպական շրջաններէ 26 բարձրաստիճան խմբապետներ` Արեւելեան Միացեալ Նահանգներէն 2, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներէն 8, Լիբանանէն 9, Հարաւային Ամերիկայէն 1, Հայաստանէն 3, Սուրիայէն 1 եւ Ֆրանսայէն 2:

Դասընթացքին պատասխանատուն է Կեդրոնական վարչութեան սկաուտական ներկայացուցիչ Կարպիս Գապասագալեան, որուն կ՛օժանդակէ Կեդրոնական սկաուտական յանձնախումբի անդամներէն Թալին Հինտոյեան:

Դասընթացքին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ շաբաթ, 26  յուլիս 2014-ին,  յետմիջօրէի ժամը 6:00-ին, Բիւրականի բանակավայրին մէջ:

Կեդրոնական վարչութեան անունով խօսք առին   Կարպիս Գապասագալեան եւ Բագրատ Եսայեան:

Կարպիս Գապասագալեան դասընթացքին մասնակցողները հրաւիրեց յանձնառու գիտակցութեամբ եւ աչալրջութեամբ գործուն մասնակցութիւն ունենալու այս յոյժ կարեւոր դասընթացքին: Ան յիշեցուց, որ «Արարատեան» կարգը յաճախակի կազմակերպուող դասընթացք մը չէ, այլ չորս տարին անգամ մը իրականացուող դասընթացք, որ  արդէն երկրորդն է, որուն համար ակնկալութիւնները բոլորէն բազմապիսի են, եւ անոր յաջողութիւնը կախեալ պիտի ըլլայ մասնակցողներէն:

Բագրատ Եսայեան ընդգծեց, որ «Արարատեան» կարգը կարելի չէր  Արարատէն հեռու վայրի մը մէջ իրագործել. արդարեւ, ան մասնակցողները հրաւիրեց իրենց ստանձնած պատասխանատուութիւնը արժեւորելու մեր ազգային կեանքին մէջ գործուն դերակատարութեամբ:

Բացման արարողութեան ներկայ էին նաեւ Կեդրոնական սկաուտական յանձնախումբի անդամներէն Վաչէ Նաճարեան, Ռոմանոս Պետրոսեան,  Թալին Հինտոյեան, Ալին Պաղտասարեան եւ Թալին Օրտողլեան:

Դասընթացքը պիտի շարունակուի մինչեւ 30 յուլիս 2014:

Դասընթացքին  տեւողութեան մասնակցողները պիտի ներկայացնեն իրենց թէզերը, զորս պատրաստեր եւ յանձներ էին  տեսական հանգրուանին: Այժմ անոնք միասնաբար պիտի ուսումնասիրեն, սերտեն եւ քննարկեն միութենական, ազգային, սկաուտական, քաղաքացիական, հոգեբանական եւ կրօնական նիւթեր, որոնք աղերս ունին մերօրեայ միութենական եւ սկաուտական գործունէութեանց հետ:

Նախորդը

Քեսապի Գարատուրան Շրջանի Հայկական Եկեղեցին Վերաօծուեցաւ` Հոծ Բազմութեան Ներկայութեան

Յաջորդը

Լիզպոնի Հինգ Հերոս Տղոց Յիշատակի Ոգեկոչում

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.