22 յուլիսին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Պրիւքսէլի մէջ մասնակցեցաւ Եւրոպական Միութեան եւ Արեւելեան գործընկերութեան արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին, որուն ներկայ էին Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Քեթրին Էշթըն, դրացնութեան եւ ընդլայնման հարցերով եւրոպական յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէ:
Նախարար Նալբանդեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ Հայաստան կ՛ուզէ զարգացնել Եւրոպական Միութեան հետ գործընկերութիւնը, հիմնուելով վերջին տարիներուն միասնաբար ձեռք բերուած արդիւնքներուն եւ յառաջընթացին վրայ: «Վիլնիւսի գերաստիճանին Հայաստանը եւ Եւրոպական Միութիւնը վերահաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը Արեւելեան գործընկերութեան ձեւաչափով շարունակելու եւ ամրապնդելու համագործակցութիւնը փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բոլոր մարզերուն մէջ, ընդգծելով մեր յարաբերութիւններուն իրաւական հէնքի թարմացման կարեւորութիւնը: Հայաստան կ՛ակնկալէ հետագայ քայլեր ձեռնարկել, Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեան իրաւական նոր հիմքեր ստեղծելու նպատակով, որ մէկ կողմէ կ՛արտացոլացնէ Հայաստանի հետ բանակցութիւններուն ընթացքին ձեռք բերուածը, միւս կողմէ, նկատի կ՛առնէ նոր իրողութիւնները», ըսաւ Էդուարդ Նալբանդեան` նշելով, որ Եւրոպական Միութեան շարունակական օժանդակութիւնն ու աջակցութիւնը նշանակալի դեր ունին Հայաստանի մէջ բարեփոխումներու հոլովոյթի իրականացման, ժողովրդավարութեան եւ հաստատութենական կարողութիւններու ամրապնդման համար:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը շեշտեց, որ Եւրոպական Միութեան հետ Հայաստանի համագործակցութեան օրակարգը կը ներառէ բազմաթիւ մարզեր, քաղաքական երկխօսութենէն մինչեւ արդարադատութիւն եւ շարժունակութիւն, գաղթի հարցերէն մինչեւ հաստատութենական բարեփոխումներ եւ ներուժի աճ, եւ աւելցուց, որ Հայաստան պատրաստ է շարունակելու աշխատիլ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բոլոր մարզերուն մէջ: Նախարարը նշեց, որ մեր հասարակութիւններուն միջեւ շարժունակութեան ընդլայնումը ընդհանուր նպատակ է, եւ Հայաստան կ՛ուզէ սկսիլ մուտքի արտօնագրային դրութեան վերացման մասին երկխօսութեան` հիմնուելով մուտքի արտօնագիրի դրութեան դիւրացման համաձայնագիրներու յաջող փորձին վրայ:
Նալբանդեան կարեւոր նկատեց մարտ 2014-ին ուժի մէջ մտած Եւրոպական Միութեան ծրագիրներուն մէջ Հայաստանի մասնակցութեան համար հիմնական սկզբունքներու մասին գործընկերութեան եւ համագործակցութեան համաձայնագիրի արձանագրութիւնը, որ կ՛արտօնէ մասնակցիլ Եւրոպական Միութեան տարբեր ծրագիրներուն եւ ընդլայնելու երկկողմ համագործակցութիւնը:
Խօսելով շրջանային համագործակցութեան մասին` նախարար Նալբանդեան շեշտեց, որ Թուրքիա շարունակելով փակ պահել Հայաստանի հետ սահմանը, կը խոչընդոտէ մեր երկկողմ յարաբերութիւններուն կարգաւորումը եւ Եւրոպական Միութեան հետ Հայաստանի հաղորդակցութեան եւ փոխադրական ուղիներու շահագործումը: Հակասական է, որ Թուրքիա իբրեւ երկիր մը, որ ցանկութիւն կը յայտնէ միանալու Եւրոպական Միութեան, փակած է իր սահմանը դրացի պետութեան հետ այն պարագային, երբ Եւրոպական Միութեան տարածքին մէջ ազատ տեղաշարժը հիմնարար սկզբունք է: Էդուարդ Նալբանդեան ողջունեց Հերպըրթ Սալպերի նշանակումը` իբրեւ Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ, յաջողութիւն մաղթեց անոր առաքելութեան մէջ:
Անդրադառնալով ղարաբաղեան հիմնահարցի լուծման հոլովոյթին` Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարը շեշտեց, որ ի պատասխան ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու նախագահներու բազմաթիւ կոչերուն, Հայաստան, ի տարբերութիւն Ազրպէյճանի, շարունակաբար վերահաստատած է իր հաւատարմութիւնը միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն, մասնաւորապէս ուժի եւ ուժի սպառնալիքի չկիրարկման, ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան եւ ինքնորոշման եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքներուն հանդէպ, եւ ցաւ յայտնեց Ազրպէյճանի մէջ քաղաքական կամքի բացակայութեան համար, որ կը դրսեւորուի միջնորդներու բոլոր առաջարկներուն շարունակական մերժումով: «Մենք ամբողջովին համամիտ ենք, որ ժողովուրդները պէտք է պատրաստել խաղաղութեան եւ ոչ թէ պատերազմի: Ցաւօք, Ազրպէյճան ամբողջովին հակառակը կ՛ընէ իր ռազմատենչ եւ սադրիչ հռետորաբանութեամբ, անհանդուրժողականութեան եւ ատելութեան քարոզներով, որ Արցախի եւ Հայաստանի հետ սահմանին վրայ կը յանգեցնէ շրջանին մէջ լարուածութեան եւ իրավիճակի սրման: Մենք նաեւ բարձր կը գնահատենք Եւրոպական Միութեան կողմէ տարբեր առիթներով Մինսքի խմբակի համանախագահներու ջանքերուն արտայայտած ոչ երկիմաստ աջակցութիւնը, որոնք ուղղուած են հիմնահարցին բացառապէս խաղաղ լուծման», աւելցուց Է. Նալբանդեան:
Նալբանդեան Հանդիպում Ունեցաւ
Իտալիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարի`
Ֆետերիքա Մոկերինիի Հետ
Աշխատանքային այցելութեամբ Պրիւքսէլ գտնուող արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ Եւրոպական Միութեան մէջ նախագահող Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆետերիքա Մոկերինիի հետ:
Զրոյցին ընթացքին քննարկուեցան հայ-իտալական օրակարգի բազմաթիւ հարցեր, անդրադարձ կատարուեցաւ շարք մը շրջանային եւ միջազգային խնդիրներու, ինչպէս նաեւ Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն:


