Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան երէկ ընդունեց Ֆլեթչըրի իրաւունքի եւ դիւանագիտութեան դպրոցի տնօրէն Ճէյմս Սթաւրիտիսը, «Դաւիթեան» հիմնադրամի հիմնադիր Ասօ Դաւիթեանը եւ հիմնադրամի աշխատանքները համակարգող Ճոյս Պարսամը: Տեսակցութեան մասնակցեցան Հայաստանի Հանրապետութեան բանակի ընդհանուր հրամանատար զօրավար Եուրի Խաչատուրով, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տօնոյեան եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնատարներ:
Նախարար Սէյրան Օհանեան ներկայացուց պաշտպանական մարզին մէջ իրականացուող բարեփոխումները, զինուորական կրթութեան մարզի զարգացման տեսլականը: Քննարկուեցան համագործակցութեան զարգացման առնչուող այլ հարցեր:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը բարձր գնահատեց Ֆլեթչըրի իրաւունքի եւ դիւանագիտութեան դպրոցին դերը Հայաստանի Հանրապետութեան պետական կառավարման մարմիններուն, որոնց շարքին` պաշտպանութեան նախարարութեան անձնակազմերու վերապատրաստման գործին մէջ, շնորհակալութիւն յայտնեց Ա. Դաւիթեանի ունեցած հայանպաստ գործունէութեան համար:
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ Ճէյմս Սթաւրիտիս համացանցային անվտանգութեան նիւթով դասախօսութիւն տուաւ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական կազմին, զինեալ ուժերու հրամանատարութեան ներկայացուցիչներուն եւ տեղեկատուական ճարտարագիտութիւններու մարզի մասնագէտներուն համար:


