Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Էջմիածինի մէջ մասնակցեցաւ քաղաքի տօնին` Էջմիածինի 2699-ամեակին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներուն: Հանրապետութեան նախագահը նախ այցելեց Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցի, մոմ վառեց, ապա տօնակատարութեան մասնակցող էջմիածինցիներուն եւ քաղաքի հիւրերուն հետ այցելեց Կոմիտասի անուան մշակոյթի պալատ, մասնակցեցաւ Էջմիածինի տօնին նուիրուած հանդիսաւոր նիստին: Նախագահ Սերժ Սարգսեան հիմնական նորոգութեան ենթարկուող մշակոյթի պալատի երկրորդ յարկին մէջ դիտեց քաղաքի տօնին առիթով բացուած ցուցահանդէսը, այնուհետեւ Կոմիտասի անուան հրապարակին մէջ այցելեց տօնական տաղաւարները: Ձեռնարկէն ետք նախագահ Սերժ Սարգսեան ծաղիկներ զետեղեց քաղաքապետարանի կողքին գտնուող արցախեան ազատամարտին նուիրուած յուշարձանին, յարգանքի տուրք մատուցեց զոհերու յիշատակին: Նախագահը նաեւ դիտեց տօնին առիթով կազմակերպուած շքերթը: Նախագահ Սերժ Սարգսեան Էջմիածինէն մեկնեցաւ մայրաքաղաքի Մալաթիա-Սեբաստիա վարչական շրջան, ուր ներկայ գտնուեցաւ «Խորէն եւ Շուշանիկ Աւետիսեաններ դպրոց եւ համայնքային կեդրոն»-ի եւ «Գրիգոր եւ Պիաթրիս Պիլեզիքեան» նախակրթարանի շէնքի բացման արարողութիւններուն: Կրթական համալիրին մէջ շրջագայութեան ատեն հանրապետութեան նախագահին ներկայացուցին շինարարութեան եւ շահագործման հանգրուանին մէջ գտնուող ուժանիւթ խնայող եւ բնապահպանական մաքուր ճարտարագիտութեան կիրարկումով իրականացած աշխատանքները եւ ուսումնառութեան համար ստեղծուած պայմանները: Կրթական համալիրի բացման առիթով հանրապետութեան նախագահը Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ, բարերար Եդուարդ Աւետիսեանին յանձնեց «Մովսէս Խորենացի» մետալ, որով ամերիկահայ բարերարը պարգեւատրուած էր նախագահին հրամանագիրով` Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան վերականգնման տօնին առիթով, հայապահպանութեան գործին մէջ ներդրած նշանակալի ներդրումին համար:


