Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գալուստ Սահակեան Վրաստանի Մէջ Արծարծեց Հայկական Եկեղեցիներու Պահպանութեան Հարցը

October 8, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սահակեան եւ Ուսուփաշվիլի
Սահակեան եւ Ուսուփաշվիլի

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Վրաստան պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ տեսակցեցաւ Վրաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Ուսուփաշվիլիի հետ, որուն ուշադրութեան յանձնեց Վրաստանի մէջ հայկական եկեղեցիներու պաշտպանութեան հարցը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով հրաւէրին եւ ջերմ ընդունելութեան համար, Գալուստ Սահակեան բարձր գնահատեց Վրաստանի հետ միջպետական յարաբերութիւնները` համոզում յայտնելով, որ հայ-վրացական յարաբերութիւնները վերընթաց կ՛ապրին:

Սահակեան կարեւոր նկատեց միջխորհրդարանական կապերու դերը միջպետական յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ: Անոր խօսքով` Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ բարեկամական յարաբերութիւնները բազմադարեան պատմութիւն ունին` հիմնուած բարի կամեցողութեան դրսեւորման եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ:

Երկու ժողովուրդները կը միացնեն նաեւ մշակութային եւ հոգեւոր ընդհանրութիւնները: Սահակեան նշեց, որ անկախութիւն նուաճելէ ետք երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները հասած են բարձր մակարդակի, որ կայուն հիմք կը հանդիսանայ փոխշահաւէտ համագործակցութեան աշխուժ զարգացման համար:

Խօսելով մշակութային մարզին մէջ համագործակցութեան մասին` Գ. Սահակեան վրացական կողմին ուշադրութիւնը հրաւիրեց Վրաստանի մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան խնդիրներուն եւ մասնաւորապէս ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է հրատապ քայլերու ձեռնարկել Մուղնեցոց Ս. Գէորգ, Ս. Նշան եւ Ս. Նորաշէն եկեղեցիներու վերականգնման եւ պահպանութեան ուղղութեամբ:

Գ. Սահակեան նաեւ նշեց, որ 2015 թուականին կը լրանայ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը: Ան Վրաստանի խորհրդարանականները հրաւիրեց մասնակցելու ապրիլին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած ոգեկոչման ձեռնարկներուն: Ան յոյս յայտնեց, որ Վրաստանի խորհրդարանը համապատասխան անդրադարձ կը կատարէ մարդկութեան դէմ իրականացուած այդ ոճրագործութեան:

Հանդիպման աւարտին երկու երկիրներու խորհրդարաններու նախագահները տուին մամլոյ միացեալ ասուլիս մը:

Հայաստանի Հանրապետութեան  Ազգային ժողովի պատուիրակութիւնը նաեւ տեսակցեցաւ Համայն Վրաստանի Իլիա Բ. կաթողիկոս պատրիարքին հետ:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար` Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահը Իլիա Բ. կաթողիկոս պատրիարքը ուշադրութիւնը հրաւիրեց Վրաստանի մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան խնդիրներուն` անհրաժեշտ նկատելով հրատապ քայլերու ձեռնարկել Մուղնեցոց Ս. Գէորգ, Ս. Նշան եւ Ս. Նորաշէն եկեղեցիներու վերականգնման եւ պահպանութեան գործին մէջ: Գալուստ Սահակեան նաեւ մտահոգութիւն յայտնեց Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն առնչութեամբ` նշելով, որ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն պատճառով վտանգուած է ամբողջ արեւելեան քրիստոնէական քաղաքակրթութիւնը:

Կաթողիկոսը ողջունեց հիւրերը եւ նշեց, որ հակառակ պատմական ծանր անցեալին` հայ եւ վրացի ժողովուրդները կրցած են ստեղծել մշակութային կոթողներ: Ինչ կը վերաբերի վերոնշեալ եկեղեցիներուն, կաթողիկոսը ըսաւ, որ Հայաստան եւ Վրաստան շրջանին մէջ քրիստոնէութեան ովասիսներ են` աւելցնելով, որ երկու ժողովուրդները կը յաջողին խնդիրներուն արդար լուծում տալ: Անդրադառնալով Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն` վրաց պատրիարքը նկատել տուաւ, որ անոնք առաւել քան վտանգաւոր են:

Գալուստ Սահակեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը  ապա տեսակցեցաւ Վրաստանի արտաքին գործոց  նախարար Մայա Փանճիքիծէի հետ:

Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլիի հետ տեսակցութեան ընթացքին կողմերը մասնաւորապէս  քննարկեցին Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ առեւտրական-տնտեսական համագործակցութեան հետ կապուած հարցեր: Ղարիպաշվիլի եւ Սահակեան պատրաստակամութիւն յայտնեցին խորացնելու այդ համագործակցութիւնը:

Սահակեան յայտարարեց, որ վերջին շրջանին երկու երկիրներու առեւտրական-տնտեսական յարաբերութիւնները եւ փոխադրամիջոցներու եւ ուժանիւթի մարզին մէջ  համագործակցութիւնը դրական ուղղութեամբ կը զարգանան: Կողմերը նաեւ նշեցին մշակութային համագործակցութեան կարեւորութիւնը:

Վրաստան այցելութեան ընթացքին, որ սկսած էր 6 հոկտեմբերին, Գալուստ Սահակեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը երէկ նաեւ տեսակցեցաւ նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլիի հետ:

 

Նախորդը

Գերմանիոյ Բոլոր Եկեղեցիներուն Զանգերը Միաժամանակ Պիտի Հնչեն Ի Յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերուն

Յաջորդը

Մուիժնիքս. «Հայաստանի Մէջ Դատական Բարեփոխումներու Հարցին Մէջ Յառաջընթաց Կայ»

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.