Հայաստանի Հանրապետութեան բանակի ընդհանուր հրամանատար, զօրավար-գնդապետ Եուրի Խաչատուրովի հրաւէրով երէկ Հայաստան հասած է Վրաստանի զինեալ ուժերու ընդհանուր հրամանատար, զօրավար Վախթանկ Քապանածէի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Երկու երկիրներու զինեալ ուժերու ընդհանուր հրամանատարներուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են պաշտպանութեան մարզին մէջ հայ-վրացական համագործակցութեան ընթացքը եւ հեռանկարները: Կողմերը բարձր գնահատած են հայ-վրացական պաշտպանական համագործակցութեան ներկայիս մակարդակը` ընդգծելով, որ ատիկա ոչ միայն կը նպաստէ երկու դրացի պետութիւններու պաշտպանութեան նախարարութիւններու պաշտպանական կարողութիւններու զարգացման, այլ նաեւ իր ուրոյն ներդրումը կը կատարէ հարաւային կովկասեան կայունութեան պահպանման գործին մէջ: Հանդիպումին ընթացքին գոյացած են երկկողմանի զինուորական համագործակցութիւնը ընդլայնելու ուղղութեամբ համաձայնութիւններ:
Զօրավար Քապանածէի հետ դռնփակ տեսակցած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան: Քննարկուած են անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան մարզերուն մէջ երկկողմանի համագործակցութեան առնչուող, ինչպէս նաեւ շրջանային անվտանգութեան մարզին մէջ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր: Քապանածէ նշած է, որ իր երկիրը բարձր կը գնահատէ պաշտպանութեան մարզին մէջ Հայաստանի հետ համագործակցութիւնը` վստահ ըլլալով, որ գոյութիւն ունին բոլոր նախադրեալները ատիկա ընդլայնելու եւ աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու համար:
Հայաստան գտնուելու ընթացքին զօրավար Քապանածէի գլխաւորած պատուիրակութիւնը նաեւ պիտի այցելէ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան Վազգէն Սարգսեանի անուան զինուորական հիմնարկ եւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:


