
ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ մտահոգութիւն արտայայտած է ղարաբաղեան տագնապի գօտիին մէջ վերջին շրջանին տեղի ունեցած դէպքերուն առնչութեամբ:
«Ես մտահոգ եմ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վերջին դէպքերով եւ բռնութեամբ: Ատիկա կ՛ընդգծէ, որ տագնապը զինուորական լուծում չի կրնար ունենալ», յայտարարած է ան` Լա Հէյի մէջ ՕԹԱՆ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի նիստին ընթացքին: Այս մասին կը տեղեկացնէ ռուսական «Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:
Շեշտելով, որ «քաղաքական լուծման այլընտրանք չկայ», Սթոլթենպերկ աւեցուցած է. «Չեմ տեսներ ՕԹԱՆ-ի ուղղակի դերակատարութիւն, բայց ՕԹԱՆ Մինսքի հոլովոյթին կ՛աջակցի, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բանակցութիւններու միջոցով կայուն խաղաղ լուծման համար պայմաններ ստեղծուին»:


