Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Ժողովի Նախագահը Փարիզի Մէջ Մասնակցած Է Ֆոնեթոնի Փակման

November 25, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1124_teletonՖրանսայի մէջ գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը կիրակի օր ներկայ եղած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի մասնաճիւղի «Թելեթոն- 2014»-ի ծիրին մէջ հեռաձայնային հանգանակութեան փակման արարողութեան:

Ըստ Ազգային ժողովի մամլոյ ծառայութեան, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի մասնաճիւղի տնօրէն Պետրոս Թերզեան Գալուստ Սահակեանին ներկայացուցած է հեռաձայնային հանգանակութեան կազմակերպման պայմանները եւ այս տարուան արդիւնքները` նշելով, որ հակառակ Ֆրանսայի մէջ տիրող տնտեսական ճգնաժամին` ֆրանսահայութեան  շրջանակին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ կը նշմարուի տարուէ տարի աճող հետաքրքրութիւն: Նշուած է, որ այս տարի Ֆրանսայի հայերը մեծ ուշադրութիւն ցուցաբերած են սուրիահայերուն վերաբերող ծրագիրներուն եւ նախաձեռնութիւններուն նկատմամբ:

Ձեռնարկին հայկական պատուիրակութեան հետ մասնակցած են Ֆրանսայի Ծերակոյտի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամական խումբի ղեկավար Ֆիլիփ Քալտենպախ, ֆրանսացի երեսփոխաններ Փաթրիք Տեվեճեան, Ժան-Մարք Ժերմեն եւ Ժան-Իվ լը Պուիյոնեք:

Հեռաձայնային հանգանակութեան փակման արարողութեան նաեւ ներկայ եղած են ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու ղեկավարներ, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներ եւ հարիւրաւոր ֆրանսահայեր:

Աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահին գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպումներ պիտի ունենայ Ֆրանսայի Ծերակոյտի  նախագահ Ժերար Լարշէի, Ազգային ժողովի նախագահ Քլոտ Պարթոլոնի եւ Ծերակոյտի Ֆրանսա – Հայաստան բարեկամական խումբի անդամներուն հետ:

 

 

Նախորդը

Վրաստանի Բանակի Հրամանատարը Հայաստան Կը Գտնուի

Յաջորդը

Նախագահ Սահակեան Լոս Անճելըսի Մէջ Մասնակցած Է «Թելեթոն-2014»-ի Կալային

RelatedPosts

Խմբագրական.  Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը  (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)

November 21, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի  Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի

November 21, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.