Գլխաւոր լուրեր

1217_Rusdamian2

«Եթէ Երկիրը Սնանկանայ, Բոլորս Կը Տուժենք» Ըսաւ Արմէն Ռուստամեան

ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան լրագրողներուն հետ երէկուան  զրոյցին ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը գնահատէ ՀՅԴ-ի  նախաձեռնութեամբ երեքշաբթի հրաւիրուած արտակարգ նիստին Ազգային ժողովի Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան պատգամաւոր, զօրավար Սէյրան Սարոյեանի խօսքը, ըսած է. «Թող հասարակութիւնը գնահատական տայ, ես խնդիր չունիմ` իւրաքանչիւրի խօսքը գնահատելու: Պատգամաւոր է, իրաւունք ունի իր ոճին մէջ եւ  իր տեսակին համապատասխան խօսք  արտասանելու, եթէ ատիկա...

1217_Ariana-Museum-and-park

Զուիցերիոյ Նախագահը Դէմ Արտայայտուած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձանի Կանգնեցման

Արիանա թանգարանն ու անոր հանրապարտէզը «Ասպարէզ» կը հաղորդէ, որ Զուիցերիոյ  ձայնասփիւռ-պատկերասփիւռի ընկերութիւնը 16 դեկտեմբերին հաղորդած է, որ Զուիցերիոյ նախագահ Տիտիէ Պուրքհալթեր նամակ յղած է Ժընեւի նահանգի իշխանութիւններուն` խորհուրդ տալով չեղեալ յայտարարել Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած յուշարձանի տեղադրման որոշումը: ՄԱԿ-ի ժընեւեան կեդրոնատեղիին կից գտնուող Արիանա հանրապարտէզին մէջ կանգնեցուելիք յուշարձանին շուրջ իրարանցումը սկսած էր 2008-ին: Սկիզբը յուշարձանը պիտի տեղադրուէր Ժընեւի Հին քաղաքին...

1216_peno-f

Վերջին Հրաժեշտ` ՀՅ Դաշնակցութեան Ղեկավար Դէմքերէն Բենօ Թոնդեանի

Այսօր հողին կը յանձնուի ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ` Բենօ Թոնդեանի մարմինը: ՀՅ Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքին մէջ բազմաթիւ պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած եւ Դաշնակցութեան ժամանակակից պատմութեան մէջ անկիւնադարձային ժամանակաշրջանի մը ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչի պարտականութիւնները ստանձնած Բենօ Թոնդեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ապա հանգուցեալին թաղումը պիտի կատարուի ՀՅԴ պանթէոնին մէջ, իր տեղը...

1216_AJ

ՀՅԴ-ի Նախաձեռնած Ազգային Ժողովի Արտակարգ Նիստ

Ազգային ժողովին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցած է ՀՅԴ-ի նախաձեռնութեամբ հրաւիրուած արտակարգ նիստը` ազատամարտիկներու եւ Արամ Մանուկեանի նկատմամբ կիրառուած բռնարարքները դատապարտելու յայտարարութիւն ընդունելու նպատակով: Արձանագրուած  էին 78 պատգամաւորներ, որոնց շարքին էին Հայ ազգային քոնկրեսի պատգամաւոր Գագիկ Ջհանգիրեան, Լեւոն Զուրաբեան, Ժառանգութիւն կուսակցութենէն Ռուբէն Յակոբեան, Թեւան Պօղոսեան, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութենէն Նայիրա Զոհրաբեան: ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան նախ շնորհակալութիւն յայտնած է բոլոր...

Ընկերվար Միջազգայնականը 2015-ին Պիտի Անդրադառնայ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին

ՀՅԴ Մամլոյ դիւանը կը հաղորդէ, որ 12-13 դեկտեմբերին ՄԱԿ-ի Ժընեւի կեդրոնատեղիին մէջ գումարուեցաւ Ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդի նիստը: ՀՅԴ-ի կողմէ ժողովին մասնակցեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ընկերվար միջազգայնականի փոխնախագահ Մարիօ Նալպանտեանը, որ 11 դեկտեմբերին մասնակցած էր նաեւ կազմակերպութեան ելեւմտական եւ վարչական յանձնախումբի եւ նախագահութեան նիստերուն: Ժողովի բացումը կատարեցին ՄԱԿ-ի Ժընեւի կեդրոնատեղիի գլխաւոր տնօրէն Միքայէլ Մոլլըրը, ՄԱԿ-ի գաղթականներու բարձր յանձնակատար Անթոնիօ Կութթերասը, Ընկերվար միջազգայնականի...

1216_Pekin

Ըստ Թրքական Բանակի Սպայակոյտի Հետախուզութեան Վարչութեան Նախկին Պաշտօնատարին. Տինքի Սպանութեան Հետ Առնչութիւն Ունին Օտարերկրեայ Գաղտնի Սպասարկութիւններ

Իսմայիլ Փեքին «Իհլաս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտի հետախուզութեան վարչութեան նախկին պաշտօնատար Իսմայիլ Փեքին պնդած է, որ Հրանդ Տինքի սպանութեան հետ առնչութիւն ունին օտարերկրեայ գաղտնի սպասարկութիւնները: Ան այդ մասին ըսած է Սաքարիայի համալսարանին մէջ «Ցեղասպանութիւնն ու իրողութիւնները» խորագիրով Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտող խորհրդաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ: «Թուրքերը հայերուն նկատմամբ ատելութիւն չեն զգար: Թերեւս պատերազմի ընթացքին...

Davutoglu-Mahcupyan

Ակնարկ. Խորհուրդներ` Հակառակ Ուղղութեամբ

Որքան մօտենայ Ցեղասպանութեան 100-ամեակը, այնքան պիտի շատնան  Թուրքիոյ վարչապետին հայազգի խորհրդականին յայտարարութիւնները: Եւ այս առումով երեւոյթը պէտք է ընկալել օրինաչափ. ի վերջոյ ճիշդ չեն այն պնդումները, որ Մահճուբեանի նշանակման մէջ դեր չէ ունեցած անոր հայազգի ըլլալը եւ թէ Մահճուբեանը ընդհանրապէս թրքական հրատապ հարցերու նկատառումով է, որ նշանակուած է  վարչապետի խորհրդական: Անգարայի համար երեւոյթը ինքնին լիարժէք շահարկման ենթակայ է. միջազգային ընտանիքին...

1215_ARF_Logo-colored-f

ՄԱՀԱԶԴ

Հ.Յ.Դ. Բիւրոն ցաւով կը գուժէ Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ ընկ. Բենօ Թոնդեանի անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ Երկուշաբթի, 15 Դեկտեմբեր 2014ին: Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՕ

1215_peno-tontian-f

Բենօ Թոնդեան Ոչ Եւս Է

Կեանքէն անժամանակ հեռացաւ սփիւռքահայ հասարակական կեանքին վերջին յիսնամեակի եզակի դերակատարներէն մէկը: Մասնագիտութեամբ ճարտարագէտ, Բենօ Թոնդեան իր համալսարանական ուսման նախանշած ասպարէզէն տարբեր հարթակներու վրայ ծաւալեց իր շնորհները: Ան եղաւ ուսուցիչ, ՀՅԴ Բիւրոյի ու Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան գործավար, «Ազդակ» օրաթերթի ու «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանի տնօրէն ու ազգային շինարարական ծրագիրներու վերահսկիչ: Ան նախընտրեց, լուսարձակներէ հեռու լուռ աշխատանքով արժեցնել իր բազմակողմանի գիտելիքները, միշտ...

1215_Ռօստ-Արծվիկ-f

Ռուստամեան. «Ինչ Որ Կ՛ուզէինք, Կը Ստանայինք, Չհասկցայ Ի՞նչ Պէտք Կար Պոյքոթին»

Հայաստանի Ազգային ժողովի 4 խորհրդարանական խմբակցութիւնները` Հայ ազգային քոնկրեսը, Ժառանգութիւնը, Բարգաւաճ Հայաստանը եւ Օրինաց երկիրը, երէկ պոյքոթի ենթարկած են խորհրդարանի արտակարգ նիստը` պահանջելով մինչեւ օրակարգի միւս հարցերուն անցնիլը, արտակարգ նիստ հրաւիրել եւ  քննարկման առարկայ դարձնել Հայ ազգային քոնկրես խմբակցութեան պատգամաւոր Արամ Մանուկեանը ծեծի ենթարկելու փաստը, ինչպէս նաեւ վերջին օրերուն երկրին մէջ արձանագրուած բռնութեան դէպքերը: ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան առաջարկած...

1215_AJ

Արտակարգ Նիստը Տապալեցաւ

Ազգային Ժողովին Մէջ Բարգաւաճ Հայաստան Կուսակցութեան Խմբակցութեան Պատգամաւոր Տիգրան Ուրիխանեան Լրագրողներուն Յայտնած Էր, Թէ Արտակարգ Նիստ Հրաւիրելու Համար Ոչ Իշխանական Չորս Խմբակցութիւնները Հաւաքած  Էին 44 Պատգամաւորի Ստորագրութիւն: Երէկ Երեկոյեան Հրաւիրուած Է Ազգային Ժողովի  Արտակարգ Նիստը, Սակայն, Ինչպէս Կը Սպասուէր, Նիստը Տեղի Չէ Ունեցած Պատգամաւորներու Ներկայութեան Օրինաթիւ Չապահովելու Պատճառով, Որովհետեւ Արձանագրուած Է Միայն 45 Պատգամաւոր: «44 Ստորագրութիւն Եղած Է, Սակայն Ես...

1214Hovig_margvelashvili

Աբրահամեան Վրաստանի Նախագահը 24 Ապրիլին Հրաւիրած Է Հայաստան

Վրաստանի նախագահի նստավայրին մէջ ուրբաթ օր տեղի ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի եւ Վրաստանի նախագահ Կիորկի Մարկվելաշվիլիի տեսակցութիւնը: Զրուցակիցները բարձր գնահատած են հայ-վրացական բարեկամական յարաբերութիւնները եւ կարեւոր նկատած անոնց շարունակական խորացումը: Հայաստանի վարչապետը եւ Վրաստանի նախագահը գոհունակութիւն յայտնած են երկկողմ քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակէն  եւ ընդգծած, որ պէտք է ջանքեր գործադրել առեւտրական-տնտեսական գործակցութիւնը եւս այդ մակարդակին հասցնելու ուղղութեամբ: Կողմերը...

1214Hassan-Cemal-f

Հասան Ճեմալ` Երեւանի Մէջ. «Չեմ Եկած Ըսելու Այն, Ինչ Որ Կ՛ուզէք Լսել»

Երեւանի պետական համալսարանի  արեւելագիտութեան բաժանմունքին մէջ անցեալ ուրբաթ օր  տեղի ունեցած է հանդիպում թրքագիտութեան բաժանմունքի ուսանողներու եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը իրագործողներէն  մէկուն` Ճեմալ փաշայի թոռան` Հասան Ճեմալի միջեւ: Ճեմալ հարցումներուն պատասխանելու ատեն պարբերաբար շեշտած է, որ «Երեւան եկած է հայերուն հրաւէրով` Հայոց ցեղասպանութեան մասին իր գիրքը ներկայացնելու», այլ ոչ թէ  ըսելու մեր լսել ուզածը: Ան նաեւ մէջբերած է անգլիացի գրող Ճորճ...

1214_gatoghigos

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ապու Տապիի Նորակառոյց Եկեղեցին Օծեց Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցի Անունով

Ուրբաթ, 12 դեկտեմբեր 2014-ին, օծումը կատարուեցաւ Ապու Տապիի: Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մէջ կայք հաստատած հայորդիներուն հաւաքական հաւատքին, սիրոյն ու կամքին գործնական արտայայտութիւնն է: Արդարեւ, 1998-ին Շարժայի մէջ Արամ Ա. վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ օծումէն ետք, Ապու Տապիի մէջ նաեւ եկեղեցի մը ունենալու կարիքը դարձած էր զգալի: Երբ վերոնշեալ թուականին վեհափառ հայրապետը այցելած էր...

1214_souren2

Դեսպան Քոչարեան Յանձնեց Յետմահու Սուրէն Խանամիրեանին Շնորհուած Ա. Աստիճանի Մետալը

Երէկ` կիրակի, 14 դեկտեմբեր 2014-ին Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ նախկին նախարար եւ երեսփոխան Սուրէն Խանամիրեանի մահուան քառասունքին առիթով կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնէն ետք, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեան Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ հանգուցեալ նախարարի այրիին յանձնեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին շնորհած` «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն համար» Ա. աստիճանի մետալը: Ապա Կորիւն արք. Պապեան խօսք առնելով անդրադարձաւ Սուրէն Խանամիրեանի ունեցած կարեւոր...

1214jemaran

Հրդեհ` Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» Ճեմարանի Հիմնական Շէնքին Մէջ

Կիրակի կէսօրէ առաջ հրդեհ մը ծագեցաւ քաղաքի Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանին հիմնական շէնքին մէջ: Շէնքին առաջին յարկը գրեթէ ամբողջութեամբ հրկիզուեցաւ: Համազգայինի Կեդրոնական վարչութենէն տեղեկացուցին, որ շէնքին կառոյցին վնաս չէ հասած, վնասը հասած է միայն այդ յարկին մէջ գտնուող դպրոցական գոյքին եւ համակարգիչներուն: Այսօր կամ վաղը աւելի մանրամասն վնասուց գնահատում պիտի կատարուի:

1212_Hay-Tad-Bolivia-f

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինէն Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Լիբանանի Մէջ Պոլիվիոյ Պատուոյ Հիւպատոսին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինէն պատուիրակութիւն մը երէկ այցելեց Լիբանանի մէջ Պոլիվիոյ պատուոյ հիւպատոս Ուալիտ Ժոզեֆ Խուրիի: Պատուիրակութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Պոլիվիոյ ժողովուրդին ու կառավարութեան` Պոլիվիոյ խորհրդարանին եւ ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար` մատնանշելով, որ որոշումը արդարացի կերպով կը նշէ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ծրագրաւորուած եւ կազմակերպուած ոճիր մըն էր, կը դատապարտէ ցեղասպանութիւնն ու անոր ժխտման քաղաքականութիւնը, կը խօսի Արեւմտեան Հայաստանէն...

1212_Sargsian_edgars-rinkēvičs

Լաթվիա Յարգանքով Կը Վերաբերի Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Միանալու Հայաստանի Որոշումին

Ռինքեւիչս եւ նախագահ Սարգսեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Լաթվիոյ  Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էտկարս Ռինքեւիչսը: Նախագահը ողջունած է բարձրաստիճան հիւրը  Հայաստանի մէջ եւ յոյս յայտնած, որ անոր այցելութիւնը նոր շունչ կը հաղորդէ հայ-լաթվիական յարաբերութիւններուն, հանդիպումներուն եւ քննարկումներուն արդիւնքով  կը նախանշուին գործակցութեան տեսանկիւնէն  հեռանկարային մարզերն ու յարաբերութիւններու զարգացման ուղղուած հետագայ երկկողմ քայլերը: Յաճախակի փոխադարձ այցելութիւնները, արտաքին գործոց...

1212_Kalousd

Հայաստանի Ազգային Ժողովի Նախագահը Դատապարտած Է Բռնութիւնը Պատգամաւոր Արամ Մանուկեանի Նկատմամբ

Գալուստ Սահակեան Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան դատապարտած է բռնութեան որեւէ դրսեւորում, աւելին` եթէ ատիկա կապուած է պատգամաւորներուն, «Արմէնփրես»-ին փոխանցած է Ազգային ժողովի տեղեկատուութեան եւ լրատուութեան վարչութեան պետ Արսէն Բաբայեան: «Պէտք է նշեմ, որ պարոն Սահակեան  հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է պատգամաւոր Արամ Մանուկեանի հետ` հետաքրքրուելով անոր  առողջական վիճակով: Միաժամանակ նշեմ, որ Ազգային ժողովի նախագահը  ուշադիր կը հետեւի տուեալ դէպքին...

IMAG0860

Մարդու Իրաւունքներու Համընդհանուր Հռչակագիրի 66-Ամեակին Նուիրուած Երեկոյին Ընթացքին . «Մարդկութեան Դէմ Գործուած Յանցագործութիւնները Վաղեմութեան Ժամկէտ Չունին» Ընդգծեց Դեսպան Քոչարեան

10 դեկտեմբերին Պէյրութի մէջ Լիբանանի Մարդու եւ մարդասիրական իրաւունքի հիմնադրամը կազմակերպեց երեկոյ մը` նուիրուած Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրի 66-ամեակին: Ձեռնարկին բացումը կատարեց հիմնադրամի կիներու հարցերու յանձնախումբի ներկայացուցիչ Լինա Օսէյրան: Այնուհետեւ հիմնադրամի անդամներ Փիթըր Հաննա եւ Մունա Աքլ ներկայացուցին մանրամասնութիւններ Լիբանանի մէջ մարդու իրաւունքներու մարզին մէջ տիրող իրավիճակին մասին: Օրուան գլխաւոր բանախօս, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեան իր ելոյթին...

Page 809 of 885 1 … 808 809 810 … 885