Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» Մասնաճիւղ. 22 Փետրուարէն 7 Դեկտեմբեր 1988 Հայ Ժողովուրդի Վերազարթօնքին Նուիրուած Ձեռնարկ

December 9, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

1208_arapoՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ քարոզչական ձեռնարկ, նուիրուած` 22 փետրուարէն 7 դեկտեմբեր 1988 հայ ժողովուրդի վերազարթօնքին, կիրակի, 7 դեկտեմբեր 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով սկսաւ հանդիսութիւնը: Յոտնկայս լռութեան ներկաները հրաւիրուեցան յարգելու արցախեան ազատագրական պայքարի նահատակներուն եւ 1988 երկրաշարժի զոհերուն յիշատակը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Նժդեհ Լափաճեան: Ան դիտել տուաւ, որ 1915-էն ետք Սարդարապատ կերտած, 70 տարի խորհրդային իշխանութեան տակ ինքնութիւն, պատկանելիութիւնը պահած եւ 1988-ի երկրաշարժէն 4 տարի ետք Շուշիի մէջ եռագոյն պարզած հայ ժողովուրդի ժառանգորդները, այսօր իրաւունք չունին ներկայ մարտահրաւէրներուն դիմաց ընկրկելու եւ հիասթափուելու: Ապա Լափաճեան աւարտեց խօսքը` ըսելով. «Իբրեւ երիտասարդներ յանձնառու ենք շարունակելու մեր նախնիներուն պայքարը, մինչեւ որ հասնինք Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան տեսլականին` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի կերտման»:

1208_arapo122 փետրուարէն 7 մարտ 1988 երկարող ժամանակահատուածը ներկայացնող տեսերիզ մը ցուցադրուեցաւ: Գեղարուեստական յայտագիրին մաս կազմեց Արա Թորոսեան, որ ապրումով ասմունքեց Ա. Ծառուկեանի «Ուխտ ծննդեան» եւ Շահանդուխտի «Յետ աղէտի» քերթուածները:

1208_Shahan
Շահան Գանտահարեան

Օրուան պատգամը փոխանցեց «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ  գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան: Ան ուշադրութեան յանձնեց 22 փետրուարէն 7 դեկտեմբեր 1988 ինկած ժամանակահատուածը, որ նորագոյն պատմութեան ամէնէն կարեւոր հանգրուանը կը հանդիսանայ: 1988-ին Խորհրդային Միութեան մայրամուտի օրերուն, Երեւանի եւ Արցախի մէջ կը սկսին ցոյցեր, քաղաքական պահանջներ, ծայր կ՛առնէ ազգային պոռթկում: Ան նկատել տուաւ, որ Արցախի հայութեան վտանգուած ըլլալը եւ ազերիներուն վարած հայաթափման քաղաքականութիւնը պատճառ դարձան, որ ազատագրութեան շունչով համակուի հայութիւնը ամէնուր: Արցախէն Երեւան, Երեւանէն սփիւռք հայութիւնը կը մագնիսանայ Արցախի ազատագրման գաղափարին շուրջ: Համայն հայութիւնը կը միաւորուի ու կը բռունցքաւորուի  ի պաշտպանութիւն Արցախի:

Հայութեան բռնագրաւուած հողերու վերատիրացումը` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան կերտելը հայութեան համապատկերն էր, եւ ահա 1988-ին տեղի ունեցաւ հայկական տարածքի հարաւարեւելեան հատուածին միացումը Հայաստանին: «Ինչպէս որ Սարդարապատը մեզ փրկեց կործանումէ, այս անգամ ալ Արցախի մէջ վերազարթօնքը եւ հայութեան համախմբումը առիթ դարձան մեր իրաւունքներու վերատիրացման», ըսաւ Գանտահարեան:

Խորհրդային Միութեան փլուզումը սկսաւ Արցախի ազատագրութեամբ: Թէեւ ստալինեան սխալները սրբագրելը, հայութեան պոռթկումը կրնար վտանգ սպառնալ ժողովուրդին, բայց Սումկայիթի պատասխանը, ցեղային զտումներուն ու բռնութեան պատկերներուն ի տես անհրաժեշտ էր ազգային վերազարթօնքը` կասեցնելու համար կորուստն ու կործանումը:

Ան յիշեց, թէ 100 տարի առաջ դաշնակցական առաջնորդները մարգարէացած էին Քրեմլինի փլուզման մասին: Պահանջատիրութեան այդ օրերուն պատահեցաւ ահեղ երկրաշարժը, որ խլեց բազմահազար հայերու կեանքը: Ոտքի ելաւ հայութիւնը: Միջազգային եւ համամարդկային շարժման աշխարհի կեդրոնը Հայաստանը դարձաւ` ամոքելու հայութեան ցաւը: Միջազգային ընտանիքը կ՛օժանդակէր ժողովուրդի մը, որ ընդդիմացած էր Խորհրդային Միութեան: Ան աւելցուց ըսելով, որ քաղաքական պայմանները փոխուած էին այն օրերուն,  խախտած էին խաղի կանոնները, ներազգայինը վերածուած էր ազգային զարթօնքի: Ազատագրական շարժումը անդարձ էր, հայութիւնը վճռած էր ամէն գնով Արցախին օժանդակել:

Գանտահարեան նկատել տուաւ, որ ամիսներ ետք տեղի պիտի ունենան Ցեղասպանութեան 100-ամեակի համահայկական ձեռնարկները: Պահանջատիրութեան թղթածրարը սեղանի վրայ է արդէն, շուտով հայ եւ օտար իրաւագէտներու հայեցակարգը կը մշակուի: Ազգովին կը պատրաստուինք մեր պահանջները հզօր շեշտերով իրաւականացնելու: Միացեալ հռչակագիրը ընդունուած է արդէն պատմական արդարութեան վերականգնման համար:

Շահան Գանտահարեան եզրափակեց իր խօսքը նշելով, որ 1988-ի զարթօնքին շնորհիւ այսօր ունինք կայացած պետականութիւն, միասնակամ սփիւռք եւ անկախ Արցախ: Անսասան պահելով հայոց միասնակամութիւնը, անպայման կը կերտենք ամբողջական հայրենիք:

Ելոյթ ունեցաւ «Հայք» նուագախումբը, որ ներկայացուց ազգային հայրենասիրական երգերու գեղեցիկ ընտրանի մը:

Ձեռնարկի աւարտին Հայկ Վարդանեան, Յարութ Լափաճեան եւ Սերոբ Յակոբեան մեկնաբանեցին փունջ մը յեղափոխական երգեր, որոնցմով ոգեւորուեցաւ հանդիսատեսը:

«Մշակ բանուոր» քայլերգով փակուեցաւ ձեռնարկը:

Նախորդը

«Վերանորոգ Հաւատք» Վաւերագրական Ժապաւէնի Առաջին Ցուցադրութիւնը

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Նախագահ Շէյխ Մոհամետ Պըն Զայէտի Հետ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 23, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը

November 23, 2026
Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»
Գաղութային

Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.